Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Չենք Նկատեր, Որ Լեռնային Ղարաբաղի Կարգավիճակի Հարցը Լուծուած Է, Ամէն Ինչ Կ՛ընենք Երկու Կողմերը Մինսքի Խմբակի Բանակցութիւններու Սեղան Վերադարձնելու» Կ՛ըսէ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

Սեպտեմբեր 13, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Մենք, ի հարկէ, ամէն ինչ որ կրնանք կ՛ընենք, որպէսզի երկու կողմերը դարձեալ վերադարձնենք Մինսքի խմբակի հովանիին տակ բանակցութիւններու սեղան, որովհետեւ կը կարծենք, որ հարցը պէտք է լուծուի բանակցութիւններու միջոցով», այս մասին շաբաթ օր մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսի` պատասխանելով այն հարցումին, թէ իր կարծիքով` Երեւանն ու Պաքուն երբեւէ պիտի վերադառնա՞ն ԵԱՀԿ¬ի Մինսքի խմբակի բանակցութիւններու ձեւաչափ, երբ Պաքուն պարբերաբար կը յայտարարէ, որ Արցախի կարգավիճակի հարց չի քննարկուիր:

«Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն տարբեր առիթներով շատ յստակ շարադրած է մեր այս յանձնառութիւնը: Եւ, ի հարկէ, երեսուն տարուան պատերազմի եւ լարուածութեան կացութիւնը մէկ գիշերուան ընթացքին չի կրնար լուծուիլ, սակայն կան հիմնաւոր բաներ, որոնք մենք կարեւոր կը նկատենք: Ինչպէս նշեցի` մենք Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը լուծուած չենք նկատեր, եւ ատիկա պիտի մնայ Մինսքի խմբակի օրակարգին վրայ», ըսաւ ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Միացեալ Նահանգներ երկխօսութեան նախադրեալներ կը տեսնե՞ն, Թրէյսի ըսաւ. «Ես չեմ ուզեր կողմերուն անունով խօսիլ, նախադրեալներու մասին խօսիլ, սակայն Հայաստանի կառավարութիւնը յստակ նշած է, որ աւելի լայնածաւալ գործողութիւններու, քննարկումներու պիտի չանցնի, որովհետեւ գերիներու հարցը չէ լուծուած: Ինչպէս գիտէք` Միացեալ Նահանգներ որոշակի քայլեր գործադրած են, մեր ռուս գործընկերները եւս ջանքեր կը գործադրեն, եւ որոշակի յաջողութիւն ունեցած ենք: Մենք յոյս ունինք, որ պիտի գանք կէտի մը, երբ բոլոր գերիները պիտի վերադառնան»:

Ըստ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին, չկայ կատարեալ հարթակ, սակայն Մինսքի խմբակը ունի լիազօրութիւն, օրինականութիւն: «Մենք զայն տակաւին կը նկատենք բանակցութիւններու համար համապատասխան հարթակ», նշեց Թրէյսի:

Այն նշումին, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան մարդկային իրաւանց պաշտպանը Ազրպէյճանի մէջ հայ գերիներու սպանութիւններու, խոշտանգումներու վերաբերեալ զեկուցումը ներկայացուցած է, եւ այս առումով ի՞նչ է Թրէյսիի դիրքորոշումը, վերջինս պատասխանեց. «Մենք բոլոր երկիրներուն եւ բոլոր անհատներուն կոչ կ՛ուղղենք յարգելու մարդու հիմնարար իրաւունքները: Ինչ կը վերաբերի մարդկային իրաւանց պաշտպանի ու այլ աղբիւրներէ ստացուած զեկուցումներուն, մենք ուշադիր կը հետեւինք բոլոր նմանատիպ դրսեւորումներուն, պիտի շարունակենք հետեւիլ եւ համագործակցիլ բոլոր կողմերուն հետ` անոնց կողմէ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը ապահովելու համար», ըսած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը:

 

 

Նախորդը

«Առաջնահերթութիւնը Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Բանակցութիւններու Վերսկսումն Է` Մինսքի Խմբակի Համանախագահութեան Հովանիին Տակ» Կ՛ըսէ Լաքոթ

Յաջորդը

«Իրաք Կը Զօրակցի Շրջանին Մէջ Կայունութեան Հաստատման Համար Իրանի Երկխօսութեան Ջանքերուն» Թեհրանի Մէջ Կ՛ըսէ Իրաքի Վարչապետը

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան  Յայտարարութիւն
Հայկական

Ազգային Ժողովի «Հայաստան» Խմբակցութեան Յայտարարութիւն

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?