Երէկ` երկուշաբթի, 6 սեպտեմբեր 2021-ին, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ռուս նոր նշանակուած համանախագահ Իկոր Խովայեւ Հայաստանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ:
Իկոր Խովայեւ եւ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպումին ընթացքին քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղիները` ընդգծելով Մինսքի խմբակի համանախագահութեան գործունէութեան կարեւորութիւնը:
Իկոր Խովայեւ հանդիպում ունեցաւ նաեւ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի, ինչպէս նաեւ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ:
Արարատ Միրզոյեանի հետ տեսակցութեան ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման առնչուող հարցերու լայն շրջանակ` ընդգծուեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան հովանիին տակ խաղաղ գործընթացի վերսկսման կարեւորութիւնը:
Արարատ Միրզոյեան հայկական կողմին աջակցութիւնը յայտնեց 44-օրեայ պատերազմէն ետք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան միացեալ յայտարարութիւններուն, ուր կ՛ընդգծուի հանրայայտ սկզբունքներուն եւ տարրերուն հիման վրայ տագնապին տեւական ու կայուն լուծման անհրաժեշտութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին Արարատ Միրզոյեան շեշտեց Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական պատանդներու շուտափոյթ եւ անվերապահ հայրենադարձման անհրաժեշտութիւնը:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան եւս Երեւանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Իկոր Խովայեւի հետ: Հանդիպումին մասնակցեցան նաեւ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան, պաշտօնատար այլ անձեր: Քննարկուեցան ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապին առնչուող տարբեր հարցեր, ինչպէս նաեւ շեշտուեցաւ համանախագահներուն` յառաջիկային շրջան կատարելիք այցելութեան կարեւորութիւնը: Խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանման առումով նախագահ Յարութիւնեան կարեւոր նկատեց շրջանին մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի առաքելութիւնը:
Արայիկ Յարութիւնեան ընդգծեց, որ Արցախ կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափով բանակցային հոլովոյթը շարունակելու յանձնառութեան: