Եւրոպայի գօտիի Ժ. խմբակին մէջ տեղի ունեցող 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ Շթութկարթի մէջ հիւրը եղաւ Գերմանիոյ, կրեց ծանր պարտութիւն մը` 6-0 արդիւնքով:
Հիւրընկալ կազմը իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ գրաւեց խմբակին պարագլուխի դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 12 կէտ: Իսկ Հայաստան, որ այսպիսով կրեց մրցաշարքի իր առաջին պարտութիւնը, նահանջեց երկրորդ դիրք:
Սպանացի մարզիչ Խոաքին Քափարոսի կազմին` Հայաստանի կէտերը մնացին անփոփոխ` 9:
Այդ վեց կոլերէն երկուքը նշանակեց Պայէրն Միւնիխի յառաջապահ Սերժ Կնապրի:
Գերմանիա իր վեցերորդ եւ վերջին կոլը նշանակեց մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (90+1-րդ):