Երէկ` կիրակի, 5 սեպտեմբերին, իր աւարտին հասաւ Լիբանանի 43-րդ միջազգային ռելին, որ կ՛իյնայ Միջին Արեւելքի ռելիներու ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ:
Անիկա կազմակերպուած էր «Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ. »-ի կողմէ:
Լիբանանցի փորձառու վարորդ Ռոժէ Ֆըղալի, որ իր օգնականին` Ժոզեֆ Մաթարի հետ կը վարէր «Սքոտա Ֆապիա ռելի-2» ինքնաշարժը, հանդիսացաւ տիտղոսակիր` արձանագրելով 1 51′ 15” արդիւնք մը:
Նշենք, որ ան այսպիսով 15-րդ անգամ ըլլալով տիրացաւ այս ռելիի տիտղոսին:
Անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց քաթարցի Նասեր Սալեհ Աթիէ, որ իր օգնականին` Մեթիու Պոմելի հետ (Ֆրանսա) արձանագրեց 1 ժամ 51′ 41” արդիւնք մը: Ան կը վարէր «Վոլֆսվակըն Փոլօ ՃԻ. ԹԻ. ԱՅ. ԱՐ. -5» ինքնաշարժը:
Վերջապէս, փոտիում բարձրացող երրորդ վարորդը հանդիսացաւ Ալեքս Ֆըղալի-Ժորժ Տըայպես զոյգը, որ արձանագրեց 2 ժամ 01′ 15” արդիւնք մը («Միթսուպիշի Լանսըր Էվօ-10»):
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ձեռամբ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի, ինչպէս նաեւ «Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ.»-ի պատասխանատուներուն կողմէ: