Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ տեղի ունեցած միջազգային բարեկամական երկրորդ մրցումը` Հայաստանի եւ Լիթուանիոյ 19 տարեկանէն վար հաւաքականներուն միջեւ, դարձեալ աւարտեցաւ հիւր կազմին յաղթանակով:
Հայրենի կազմը, որ առաջին մրցումին կրած էր 4-0 արդիւնքով պարտութիւն մը, երկրորդին եւս պարտուեցաւ, այս անգամ` 2-0 արդիւնքով:
Նշենք, որ այս երկու մրցումներն ալ կ՛իյնային, Հայաստանի հաւաքականին կատարած մարզական հաւաքին ծիրին մէջ:
Խումբին գլխաւոր մարզիչն է Վարազդատ Աւետիսեան: