Երէկ` կիրակի, 5 սեպտեմբերին, Հայաստանի 21 տարեկանէն վար ֆութպոլի հաւաքականը, Երեւանի մէջ կատարեց իր վերջին փորձը` Քիեւ (Ուքրանիա) մեկնելէ առաջ:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ հայրենի հաւաքականը երէկ արդէն իսկ մեկնեցաւ ուքրանական մայրաքաղաք, ուր վաղը` երեքշաբթի, 7 սեպտեմբերին, պիտի մրցի դաշտին տիրոջ դէմ, 2023-ի Եւրոպայի երիտասարդական ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ: