Քոլոմպիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Ռատամել Ֆալքաօ, ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ սպանական Ռայօ Վայեքանոյի հետ, այս մասին յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
35 տարեկան ֆութպոլիստը մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց «Լա Լիկա»-ին մէջ հանդէս եկող կազմին հետ:
Ան նախապէս մաս կազմած է սպանական Աթլեթիքօ Մատրիտին, ինչպէս նաեւ` Փորթոյին, Մոնաքոյին, Կալաթասարային, Մանչեսթըր Եունայթըտին եւ Չելսիին: