Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն իր մասնակցութիւնը բերող խրուաթ յետսապահ Մարին Փոնկրասիչ թէեւ ունեցաւ իր նոր ակումբը, սակայն ան պիտի մնայ Գերմանիոյ մէջ:
Նշուեցաւ, որ Վոլսֆպուրկի յետսապահը տարեշրջանի մը համար փոխ տրուեցաւ Պորուսիա Տորթմունտին:
«Պունտըսլիկա»-ի նախորդ տարեշրջանին ան իր մասնակցութիւնը բերաւ 10 մրցումի: