Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը երէկ Ասիոյ գօտիին մէջ կատարեց 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքի Գ. հանգրուանին գծով իր առաջին մրցումը, երբ Տուպայի մէջ հիւրը եղաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն:
Մայրիներու կազմը յաջողեցաւ դաշտին տիրոջմէն խլել կէտ մը, երբ անոր հետ արձանագրեց 0-0 արդիւնքով տպաւորիչ հաւասարութիւն մը:
Պէտք է ըսել, որ Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբին բոլոր մարզիկներն ալ ունեցան բացառիկ խաղարկութիւն:
Մանաւանդ բերդապահ Մուսթաֆա Մաթար եւ Ապպաս Ասի ունեցան սքանչելի ելոյթներ` նկատի ունենալով, որ անոնք կատարեցին իրենց առաջին միջազգային մրցումը` բաւական մեծ վստահութեամբ: