Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Ընդդիմադիր Երեք Խմբակցութիւնները Տեսակցեցան Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի «Հայաստան» Խմբակցութեան Հետ

September 2, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի Ազգային ժողովի ընդդիմադիր երեք` «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն», Արցախի «Արդարութիւն» եւ «Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւն» խմբակցութիւնները 1 սեպտեմբերին հանդիպում ունեցան Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 30-ամեակին առիթով Արցախ այցելած Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան անդամներուն հետ: Հանդիպման ընթացքին կարեւոր նկատուեցաւ երկկողմանի համագործակցութեան շարունակականութիւնը, տեսակէտներ փոխանակուեցան բոլորը մտահոգող շարք մը հարցերու շուրջ:

«Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Մոսիեան` ողջունելով խորհրդարանականները, նշեց, որ թէ՛ Արցախի, թէ՛ Հայաստանի առջեւ ծառացած խնդիրները նոյնն են, եւ շատ կարեւոր է ճիշդ ախտորոշում կատարել եւ լուծման դեղը գտնել: Ան առաջարկեց հանդիպումները պարբերական դարձնել եւ յստակ խնդիրներ առաջադրելով լուծել զանոնք:

«Հայաստան» խմբակցութեան անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեան յոյս յայտնեց, որ կայացած հանդիպումը հետագայ համագործակցութեան մեկնարկ կը հանդիսանայ: «Արցախի հետ կապուած մեր մօտեցումները պէտք է ուղղակի բխին նաեւ Արցախի ժողովուրդի պահանջներէն եւ մօտեցումներէն: Մենք Հայաստանի մէջ կը փորձենք ներկայացնել Արցախի տեսակէտը, որ պէտք է բխի Արցախի ժողովուրդի շահերէն: Այժմ մենք ունինք տարօրինակ իրավիճակ` Արցախի ժողովուրդի միասնական, համաձայնեցուած տեսակէտ արտայայտելու խնդիր կայ», ըսաւ Ռուստամեան` շեշտելով, որ նման հանդիպումներ պիտի նպաստեն Արցախի իրական խնդիրները լուսարձակի տակ բերելու եւ լուծելու:

Հանդիպման մասնակիցները վստահեցուցին, որ գաղափարական նոյն ուղղութիւնները ունեցող խմբակութիւններուն միջեւ նմանատիպ հանդիպումներն ու շփումները շարունակական պիտի ըլլան:

Նախորդը

«Ռուսիան Հայաստանի Հետ Ունի Շատ Հարուստ Երկկողմանի Օրակարգ» Կ՛ըսէ Լաւրով

Յաջորդը

Էլենի Թէոխարուս. «Պիտի Շարունակենք Կանգնիլ Հայաստանի Եւ Արցախի Կողքին»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.