Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկացի Խումբ Մը Քոնկրեսականներ Եւ Շարք Մը Կազմակերպութիւններ Կը Պահանջեն Դադրեցնել «Պայրաքթար»-ներու Արտադրութեան Մէջ Օգտագործուող Ճարտարագիտութիւններու Արտածումը

Օգոստոս 25, 2021
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկացի խումբ մը քոնկրեսականներ եւ Ուաշինկթընի մէջ գործող շարք մը հասարակական-քաղաքական կազմակերպութիւններ` ի դէմս հայկական, յունական, քրտական, հրէական, հնդկական համայնքներու, «Ի պաշտպանութիւն քրիստոնեաներու» եւ իրաւապաշտպան այլ կազմակերպութիւններու, Միացեալ Նահանգներու կառավարութենէն կը պահանջեն դադրեցնել արտածումը ամերիկեան այն ճարտարագիտութիւններուն, որոնք կ՛օգտագործուին թրքական անօդաչու թռչող սարքերու արտադրութեան մէջ, ինչպէս նաեւ առհասարակ հետաքննել շրջանին մէջ Թուրքիոյ անօդաչուներու ծրագիրի ապակայունացնող դերակատարութիւնը:

Հայ եւ յոյն գործիչներուն կարծիքով` մեծ է հաւանականութիւնը, որ մահաբեր «Պայրաքթար»-ներու արտադրութեան մէջ օգտագործուող ամերիկեան ճարտարագիտութիւններու Թուրքիոյ մատակարարումը ի վերջոյ պիտի դադրեցուի:

ՀՅԴ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան «Արմէնփրես»-ին յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ թրքական անօդաչու թռչող սարքերու ծրագիրին դէմ կը պայքարին թէ՛ հայկական, թէ՛ ալ յունական, քրտական, հնդկական եւ հրէական խումբերը, Միջին Արեւելքի համախմբումը, «Ի պաշտպանութիւն քրիստոնեաներու» կազմակերպութիւնը, քրիստոնէական եւ իրաւապաշտպան այլ կազմակերպութիւններ, այլ խօսքով` բոլոր այն ուժերը, որոնք շահագրգռուած են Թուրքիան շրջապատող շրջաններուն մէջ` արեւելեան Միջերկրականի, Կովկասի, Մերձաւոր ու Միջին Արեւելքի մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան հաստատումով:

«Ծերակուտական Մենենտես այս հարցը արծարծած է Քոնկրեսի լսումներուն ընթացքին: Առայժմ պատասխան չէ ստացած, սակայն ամէն պարագայի հարցը բարձրացուած է, որմէ ետք արտաքին գործոց նախարարութիւն ուղարկուեցաւ Քոնկրեսի 28 անդամներու կողմէ ստորագրուած նամակը, որով քոնկրեսականները վարչակազմին կոչ կ՛ուղղեն հետաքննելու թրքական անօդաչու թռչող սարքերու ծրագիրը: Եւ ասիկա Ուաշինկթընի մէջ հետզհետէ մեծ խնդիր կը դառնայ», ըսաւ Արամ Համբարեան:

Շարունակելով նիւթը` Ուաշինկթընի մէջ յունական լոպիի ղեկավար, Առաջնորդութեան յոյն-ամերիկեան խորհուրդի գործադիր տնօրէն Էնտի Զեմենիտես «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին շեշտեց, որ թրքական անօդաչու թռչող սարքերու արտադրութիւնը պէտք է դադրեցուի, որովհետեւ անոնք կ՛օգտագործուին ոչ թէ պաշտպանութեան, այլ յարձակման նպատակով` ապակայունացնող դեր խաղալով շարք մը տագնապի գօտիներու մէջ, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ:

Էնտի Զեմենիտես անթոյլատրելի կը նկատէ թրքական մարդասպան անօդաչուներու արտադրութիւնն ու տարածումը ո՛չ միայն զուտ այն պատճառով, որ անոնք ապակայունացնող եւ քայքայիչ ազդեցութիւն կ՛ունենան շրջանի անվտանգութեան միջավայրի վրայ, այլ նաեւ այն պատճառով, որ անոնց միջոցով Թուրքիան աւելի դիւրացուցած է այս կամ այն շրջանին մէջ պատերազմ հրահրելը` վտանգելով ոչ թէ իր զինուորներուն, այլ այլոց կեանքը:

«Սովորաբար, երբ որեւէ երկիր կ՛որոշի պատերազմի երթալ, նախ եւ առաջ հաշիւը կ՛ընէ, թէ ինչքա՛ն արիւն եւ դրամ պիտի կորսնցնէ այդ պատերազմին ընթացքին: Սակայն ամբողջ խնդիրը այն է, որ Թուրքիան, անօդաչուներ եւ սուրիացի վարձկաններ ուղարկելով արցախեան տագնապի գօտի, կը վտանգէր այլոց, ոչ թէ իր զինուորներուն կեանքը: Եւ երբ ամբողջ աշխարհը դիւանագիտական լուծում կը փնտռէր Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ լարուածութեան կամ Արցախի հարցին` Թուրքիան այնտեղ պատերազմ կը հրահրէր` թքած ունենալով, որ ատոր պատճառով մարդիկ կը զոհուին: Երբ քու զինուորներուդ կեանքին համար մտահոգուելու կարիք չկայ, այլոց մահը քեզ չի հետաքրքրեր: Եւ ասիկա, իմ կարծիքովս, թրքական անօդաչու թռչող սարքերու առնչուած մեծագոյն խնդիրներէն մէկն է», «Արմէնփրես»-ին ըսաւ Էնտի Զեմենիտես:

Յոյն գործիչը ընդգծեց, որ թրքական անօդաչու թռչող սարքերը կ՛օգտագործուին ոչ թէ կայունացման եւ հիմնախնդիրի դիւանագիտական լուծման հասնելու նպատակով, այլ ընդհակառակն` ապակայունացնող դեր կը խաղան` աւելի սրելով կացութիւնը եւ բորբոքելով պատերազմի կրակը:

Նախորդը

«Աշխարհի Բոլոր Երկիրները Լիբանանը Կը Նկատեն Կտոր Մը Հող` Նպատակադրելով Բաժնուիլ Անոր Բարիքները» Յայտնեց Յակոբ Բագրատունի

Յաջորդը

Ռուստամեան. «Կառավարութիւնը Կը Պատրաստուի Նոր Պարտուողական Համաձայնագիրի, Իսկ Այս Ծրագիրը Անոր Ծածկոյթն Է»

RelatedPosts

Սկսաւ Բագրատ Սրբազանի  Եւ 17 Մեղադրեալներու Դատավարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Սկսաւ Բագրատ Սրբազանի Եւ 17 Մեղադրեալներու Դատավարութիւնը

Օգոստոս 20, 2025
Փեզեշքիան. «Շրջանին Մէջ Ղեկավարումը  Պէտք Է Ըլլայ Կովկասեան, Եւ Խնդիրներու  Արտաշրջանային Տէրութիւններու Արտայանձնումը  Կացութիւնը Աւելի Կը Բարդացնէ»
Գլխաւոր լուրեր

Փեզեշքիան. «Շրջանին Մէջ Ղեկավարումը Պէտք Է Ըլլայ Կովկասեան, Եւ Խնդիրներու Արտաշրջանային Տէրութիւններու Արտայանձնումը Կացութիւնը Աւելի Կը Բարդացնէ»

Օգոստոս 20, 2025
Արաղչի. «Հայաստան Վստահեցուցած Է`  Իր Տարածքով Իրանի Դէմ Սպառնալիք  Երբեք Պիտի Չարտօնէ»
Հայկական

Արաղչի. «Հայաստան Վստահեցուցած Է` Իր Տարածքով Իրանի Դէմ Սպառնալիք Երբեք Պիտի Չարտօնէ»

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?