Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Դէպի Հայք»-ը Առիթ Կու Տայ Ճանչնալու Հայրենիքն Ու Հայրենի Ժողովուրդը, Գործակցելու Անոնց Հետ Եւ Հաղորդակից Դառնալու Անոնց» Հետ», Նանոր Նահապետեան

August 24, 2021
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ԱԶԴԱԿ».- Խնդրեմ` մեր ընթերցողներուն ներկայացուցէք «Դէպի Հայք»-ին հետ ունեցած ձեր փորձառութիւնը` նախ նշելով, թէ ուրկէ՞ ծանօթացաք այս ծրագիրին:  

ՆԱՆՈՐ ՆԱՀԱՊԵՏԵԱՆ.- 2016-ի սկիզբը` յունուարին, դիմեցի «Դէպի Հայք»-ի ծրագիրին, որուն մասին լսած էի տարի մը առաջ համալսարանական դասընկերներէս մէկէն, որ քաջալերած էր զիս մասնակցելու, որովհետեւ ծրագիրը առիթ է փորձառութեան հարուստ շրջան մը անցընելու Հայաստանի մէջ, աւելի մօտէն ծանօթանալու մեր երկրին:

Դիմեցի ծրագիրին եւ մայիս 2016-էն մինչեւ յուլիս 2016 կատարեցի փորձառութեան կամաւորական շրջանս, որուն ընթացքին ունեցայ երկու տարբեր պաշտօններ. առաջինը` Regional Studies Center, իսկ երկրորդը` նախագահական պալատի հանրային կապերու եւ հաղորդակցութեան գրասենեակին մէջ:

Ինծի համար շատ կարեւոր էր այս փորձառութիւնը: Ճիշդ է, որ մասնագիտութեան համար պէտք ունէի այդ փորձի շրջանին, սակայն մասնակցութենէս  5 տարի առաջ Հայաստան գտնուելուս առիթ չէի ունեցած ծանօթանալու անոր աւելի մօտէն, եւ այս ծրագիրը կրցաւ այդ մէկը իրականացնել: «Դէպի Հայք»-ը այս առաւելութիւնն ալ ունի` ճանչնալ հայրենիքը ու հայրենի ժողովուրդը, գործակցիլ անոնց հետ եւ հաղորդակից դառնալ անոնց:

Այս բոլորը մէջս արթնցուցին այն զգացումը, որ կը մղէ մտածելու Հայաստան հաստատուելու մասին, այնտեղ աշխատելու եւ ծառայելու անոր:

«Ա.».- Այս ծրագիրին ներկայացման եւ ծանօթացման ատեն ձեր ունեցած տպաւորութիւններն ու ակնկալութիւնները արդեօք գործնականօրէն թարգմանուեցա՞ն գետնի վրայ:

Ն. Ն.- Անկեղծ ըլլալու համար ըսեմ, տպաւորութիւններէս շատ աւելին տեսայ գետնի վրայ: Կը յիշեմ` երկու ամսուան համար գացած էի, սակայն մինչ օրս կ՛ըսեմ` «Պէտք էր սպասել մինչեւ համալսարան աւարտելս եւ անկէ ետք տարիով մը մասնակցիլ ծրագիրին, երկու ամսուան փոխարէն»: Պէտք էր աւելին տալ եւ աւելին առնել` աւելի երկար ժամանակի վրայ: Իմ փորձառութենէս մեկնած` ես ալ սկսայ քաջալերել իմ ընկերներս:

Հարկ է յիշել ծրագիրի գրասենեակի պաշտօնեաներուն ընկերային մօտեցումը եւ տիրող մթնոլորտը: Կը յիշեմ, երբ օր մը  դժուարութեան մը դէմ յանդիման գտնուեցայ, անոնցմէ մէկը տեղւոյն վրայ պատրաստ էր ինծի օգնելու եւ ցուցմունք տալու:

Շրջապտոյտներէն ամէնէն տպաւորիչը, որ մինչեւ օրս կը յիշեմ, Արցախինն էր, որովհետեւ բաւական գիտելիքներ կ՛ընդգրկէր, դաստիարակչական էր եւ ուղղակի զգացական փորձառութիւն մըն էին այդ երեք օրերը, զորս անցուցինք, եւ հոն անդրադարձայ, որ «Դէպի Հայք»-ը իմ ընտանիքս է, եւ այդ երեք ամիսները` անբաժան մաս մը կեանքէս:

«Ա.».- Ի՞նչ տուաւ այս ծրագիրը ձեզի նախ իբրեւ մարդ, ապա` իբրեւ հայ, ինչպէս նաեւ` տուեալ բնագաւառի մէջ մասնագիտացող կամ մասնագիտացած, որ իր գործնական աշխատանքը կատարեց գետնի վրայ, այդ ալ` հայրենիքի մէջ:

Ն. Ն.- Մենք, իբրեւ սփիւռք, շատ դժուար է մեր մօտ հայութիւնը պահպանել: Լիբանանի մէջ ունեցած եմ հայկական շրջանակի մէջ մեծնալու ու հայկական դպրոց յաճախելու բախտաւորութիւնը եւ կրցած եմ հայութիւնս պահել, սակայն կացութիւնը նոյնը չէ այլ երկիրներու մէջ : «Դէպի Հայք»-ը տուաւ մասնագիտական ճիւղի մէջ  ինքնազարգացման առիթ` հետազօտութեամբ, հաղորդակցութեամբ կամ թարգմանութեամբ: Եւ երբ կամաւորական աշխատանքի վերջին օրս աւարտեցաւ, մտքիս մէջ հաստատուեցաւ այն համոզումը, որ ես օր մը պիտի գամ, փոխադրուիմ այստեղ, աշխատիմ հոս:

Կը կարծեմ մենք` իբրեւ սփիւռաքահայեր, մեր վերջին կայանը, մեր հայրենիք Հայաստանը պիտի ըլլայ: «Դէպի Հայք»-ը այս ոգին կ՛արթնցնէ մեր մէջ:

Ոգեւորիչ էր մասնակցութիւնս: Եւ այնքան հարազատ տան նման էր ինք` Հայաստանը, որ պահ մը ծննդավայր Լիբանան վերադառնալով`  օտար զգացի:

Երախտապարտ եմ «Դէպի Հայք»-ին` ինծի ընծայած այս իւրայատուկ փորձառութեան համար:

Նախորդը

«Դէպի Հայք»-ի Միջոցով Զգացի, Որ Կրնամ Փոփոխութիւն Մը Բերել Հայաստանին», Ռուպինա Ալապաշեան

Յաջորդը

«Մեր Նպատակը Աշխարհի Հայութիւնը Հայաստան Տեղափոխել Չէ, Այլ` Ստեղծել Այն Հարթակը, Որ Ցոյց Կու Տայ Իւրաքանչիւր Անձին Կարելիութիւնները» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Սեւան Գապաքեան

RelatedPosts

«Գաղափարական Պայքարի Դրօշը Դեռ Պէտք Է Երկար Փողփողայ Իր Բարձունքին Վրայ»
Հարցազրոյց

«Գաղափարական Պայքարի Դրօշը Դեռ Պէտք Է Երկար Փողփողայ Իր Բարձունքին Վրայ»

September 12, 2026
Արցախեան Հարցը. Բանակցութիւն, Պատերազմ Եւ Յանձնում
Հարցազրոյց

Արցախեան Հարցը. Բանակցութիւն, Պատերազմ Եւ Յանձնում

September 9, 2026
Արցախեան Հարցը. Բանակցութիւն, Պատերազմ Եւ Յանձնում
Հարցազրոյց

Արցախեան Հարցը. Բանակցութիւն, Պատերազմ Եւ Յանձնում

September 8, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.