Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Դէպի Հայք»-ի Միջոցով Զգացի, Որ Կրնամ Փոփոխութիւն Մը Բերել Հայաստանին», Ռուպինա Ալապաշեան

Օգոստոս 24, 2021
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ԱԶԴԱԿ».- Խնդրեմ` մեր ընթերցողներուն ներկայացուցէք «Դէպի Հայք»-ին հետ ունեցած ձեր փորձառութիւնը` նախ նշելով, թէ ուրկէ՞ ծանօթացաք այս ծրագիրին:

ՌՈՒՊԻՆԱ ԱԼԱՊԱՇԵԱՆ.- «Դէպի Հայք»-ի մասին ես տեղեկացայ ընկերոջս միջոցով, որ նոյնպէս կը միտէր միանալ այս ծրագիրին: Սկիզբը կամաւորական առցանց աշխատանք տարի «Դիլիճան հասարակական կեդրոն»-ին մէջ` յուլիս ամիսէն սկսեալ, այնուհետեւ, փետրուարին տեղափոխուեցայ Հայաստան եւ չորս ամիս կամաւոր աշխատեցայ:

Առաջին երկու ամսուան ընթացքին` կամաւորական գործունէութիւն ծաւալեցի որպէս բովանդակագիր (content writer) եւ անգլերէնի դասատու` «Դիլիճան հասարակական կեդրոն»-ին մէջ, իսկ երկրորդ երկու ամիսը կամաւորական աշխատանքներ կատարեցի BitSchool-իեւ ArmBionics-ի մէջ` դրամաշնորհներու հետ առնչուած երկու տարբեր պաշտօններով:

«Դէպի Հայք»-ը իմ կատարած լաւագոյն ընտրութիւնս էր, որովհետեւ ան ինծի միջավայրին հետ հեզասահօրէն ծանօթանալու առիթ ընծայեց: Բայց ինծի համար կարեւորագոյնը իմ ունակութիւնս էր` իմ հասկցած ձեւովս օժանդակելու Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդին եւ անոր հետ հաղորդակից դառնալու:

Պատերազմը սրտիս մէջ ցաւ դրոշմեց, եւ ես իմ կամաւորական աշխատանքի միջոցով կրցայ զայն աստիճանաբար բուժել:

«Ա.».- Այս ծրագիրի ներկայացման եւ ծանօթացման ատեն ձեր ունեցած տպաւորութիւններն ու ակնկալութիւնները արդեօք գործնականօրէն թարգմանուեցա՞ն գետնի վրայ:

Ռ. Ա.- Իմ փորձառութիւնս «Դէպի Հայք»-ին հետ գերազանցեց իմ ակնկալութիւններս: Ես Հայասատան գացի աւանդութիւնները աւելի լաւ սորվելու, երկիրը աւելի լաւ ճանչնալու եւ մարդոց հետ աւելի լաւ հաղորդակցելու յոյսով: Այդ բոլորը կատարուեցան հաւաքներու, շրջապտոյտներու միջոցով եւ աշխատանքային միջավայրիս մէջ: Տեղեկացայ նոյնիսկ այնպիսի բաներու մասին, որոնց մասին նոյնիսկ չէի լսած, ինչպէս, օրինակ, տհոլը, եւ այցելեցի այնպիսի վայրեր, որոնց մասին երբեք չէի գիտեր:

Ինչ կը վերաբերի հաղորդակիցներուն, ես միշտ շրջապատուած էի այնպիսի մարդոցմով, որոնք ինծի կ՛օգնէին աւելի լաւ արտայայտուելու (գործընկերներ, հիւրընկալող ընտանիքներ, «Դէպի Հայք»- ի աշխատակիցներ…):

Կամաւորական աշխատանքի առումով, ես կ՛ուզէի օգնել Հայաստանին ի՛մ հմտութեամբ, բայց այդ մէկը կատարելու համար պէտք էր շատ աւելին ընել: Հեռացեր էի laptop-էս եւ ուղղակի միջավայրին հետ շփումի մտած` կ՛օգնէի աւելի շատ ձեւերով, քան` սոսկ մասնագիտական, միշտ գետնի վրայ, հաղորդակցելով բոլոր տարիքի մարդոց հետ եւ այդ միջոցով աւելի լաւ հասկցայ այստեղի մտածելակերպը:

«Ա.».- Ի՞նչ տուաւ այս ծրագիրը ձեզի նախ իբրեւ մարդ, ապա` հայ, ինչպէս նաեւ տուեալ բնագաւառի մէջ մասնագիտացող կամ մասնագիտացած, որ իր գործնական աշխատանքը կատարեց գետնի վրայ, այդ ալ` հայրենիքի մէջ:

Ռ. Ա.- Չորս ամսուան ընթացքին ես կրցայ յաղթահարել արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի լեզուական «խոչընդոտ»-ը: Տակաւին լաւ չեմ տիրապետեր խօսակցական բաժինին, սակայն շատ աւելի քիչ կը տառապիմ մարդոց հասկնալու համար: Այդ մէկը հիմնական նպատակս էր, եւ ես յաջողեցայ: Նաեւ, չորս ամսուան ընթացքին ես աւելի խորացայ հասարակութեան հետ յարաբերութեան մէջ եւ զգացի, որ անոր մէկ մասնիկն եմ: Հայաստանը ինծի համար միշտ տան մէջ ըլլալու զգացում կու տար, բայց այսօր ան ի՛մ տունն է, եւ ես շնորհակալ եմ անոր համար:

Մասնագիտական առումով, խրախուսական էր գիտակցիլ, որ ես կրնամ իմ երկրին մէջ նոյնիսկ փոքր փոփոխութիւններ բերել: Իմ գրած իւրաքանչիւր կտորի եւ իմ դասաւանդած իւրաքանչիւր աշակերտիս պարագային, ես կը զգայի, որ բան մը կ՛ընեմ նոյնիսկ փոքր փոփոխութիւն մը բերելու համար Հայաստանին:

Հայաստանի մէջ, յատկապէս Դիլիջանի` Գորիսի եւ Կապանի, պատանիներու հետ աշխատիլը իմ փորձառութեանս գագաթնակէտն էր, որովհետեւ այդ պատանիները, անոնց սէրը Հայաստանի նկատմամբ եւ անոնց տենչն ու նպատակասլացութիւնը ստիպեցին զիս համոզուելու, որ շուտով դրական փոփոխութիւններ պիտի ըլլան:

 

Նախորդը

Մեր Խաղը

Յաջորդը

«Դէպի Հայք»-ը Առիթ Կու Տայ Ճանչնալու Հայրենիքն Ու Հայրենի Ժողովուրդը, Գործակցելու Անոնց Հետ Եւ Հաղորդակից Դառնալու Անոնց» Հետ», Նանոր Նահապետեան

RelatedPosts

«Ալֆորվիլ` Հայկական Աւան Մը – 1920-1930-Ական Թուականներ» Խորագրեալ Ցուցահանդէսին Առիթով Հարցազրոյց Սեւան Անանեանին Հետ
Հարցազրոյց

«Ալֆորվիլ` Հայկական Աւան Մը – 1920-1930-Ական Թուականներ» Խորագրեալ Ցուցահանդէսին Առիթով Հարցազրոյց Սեւան Անանեանին Հետ

Յուլիս 29, 2025
«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան
Հարցազրոյց

«Եթէ Մի Օր Չունենամ Այն Միջոցները, Որ Չկարողանամ Օգնել Երեխաներին, Պարտուած Կը Զգամ Ինձ». Արմինէ Յովհաննիսեան

Յունիս 24, 2025
«Այս Աշխատանքը Միայն Համերգ Մը Չէ, Այլ` Ապացոյց Մը, Որ Մեր Մշակոյթը Կրնայ Նոր Ձեւերով Շարունակել Ապրիլ` Առանց Իր Հոգին Կորսնցնելու», «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Սէրուժ Պաղտասարեան
Հարցազրոյց

«Այս Աշխատանքը Միայն Համերգ Մը Չէ, Այլ` Ապացոյց Մը, Որ Մեր Մշակոյթը Կրնայ Նոր Ձեւերով Շարունակել Ապրիլ` Առանց Իր Հոգին Կորսնցնելու», «Ազդակ»-Ին Կ՛ըսէ Սէրուժ Պաղտասարեան

Յունիս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?