Հայրենի 26 տարեկան յետսապահ Արմէն Մանուչարեան վերադարձաւ Երեւանի Ուրարտու, որուն հետ սկսած էր ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին, այս մասին յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ուրարտուէն հեռանալէն ետք Մանուչարեան մաս կազմեց Փիւնիկի, ռուսական Ռոթորի եւ ղազախական Աքթոպէի:
Ան ըսաւ, որ շատ ուրախ է, որ կը վերադառնայ իր նախկին ակումբը:
Նշենք, որ ան նախապէս Ուրարտուի շապիկը կրած է 23 մրցումի ընթացքին, մինչ Հայաստանի ազգային հաւաքականին հետ մասնակցած է միջազգային 2 մրցումի:



