ՀՅԴ Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ դաշնակցային ծերակուտականներ Էնտրիւ Պրեկի եւ Ճանեթ Ռայսի առաջնորդութեամբ Արցախի աւստրալիացի բարեկամներու շարունակ աճող խումբին միացած են յաւելեալ 16 նշանաւոր գործիչներ` սատարելով Արցախի հայկական հանրապետութեան ինքնորոշման իրաւունքին: Այս մասին կը յայտնեն ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակէն:
Արցախի աւստրալիացի բարեկամներու խումբը կազմուեցաւ օգոստոս 2019-ին, երբ ՀՅԴ Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբը եւ Աւստրալիոյ մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչը հիւրընկալեցին Արցախի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ այն ժամանակուան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի եւ Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեանի:
Ի պաշտպանութիւն Արցախի Հանրապետութեան ստեղծուած խումբը ձեւաւորուած ատեն ունէր շուրջ 40 անդամ, ներկայիս այդ թիւը կը գերազանցէ 70-ը:
Խումբի վերջին համալրողներուն մէջ են դաշնակցային ծերակուտականներ Էնտրիւ Պրեկը եւ Ճանեթ Ռայսը, օրէնսդիրներ` Նոր Հարաւային Կալես եւ Հարաւային Աւստրալիա նահանգներու օրէնսդիր մարմիններէն: Ի դէպ, Հարաւային Աւստրալիոյ խորհրդարանը 2020 թուականի պատերազմի ժամանակ ճանչցած է Արցախի Հանրապետութեան ինքնորոշման իրաւունքը:
ՀՅԴ Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Հայկ Քայսերեան ողջունած է խումբի համալրումը` շեշտելով, որ աւստրալիահայ համայնքը երբեք պիտի չհրաժարի Արցախի Հանրապետութեան հերոսական ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութենէն:
Քայսերեան նշած է. «Անցեալ տարի Արցախի Հանրապետութեան վրայ կատարուած յարձակումներէն ետք Ազրպէյճանը գրաւեց ո՛չ միայն պատմական հայկական հողերուն 70 առ հարիւրը, այլ նաեւ խախտեց միջազգային օրէնքները` պղծելով հայկական մշակութային եւ կրօնական վայրերը, անօրինականօրէն ձերբակալելով աւելի քան 150 հայ պատերազմական գերիներ, որոնց կ՛ենթարկէ քաղաքական սակարկութիւններու:
«Այս գործողութիւնները, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդին նկատմամբ բռնապետ Իլհամ Ալիեւի բացայայտ եւ թշնամական հայատեաց յայտարարութիւնները աւստրալիահայ համայնքին համար առաւել մեծ առաջնահերթութիւն կը դարձնեն Արցախի Հանրապետութեան բարեկամներու խումբի անդամներուն յաւելումը: Այս նոր համալրումը աւստրալիական ոգիի եւ պատմութեան օրինակ է, երբ խօսքը կը վերաբերի մարդու իրաւունքներու եւ արդարութեան պահպանման: Աւստրալիան, ինչպէս Քոսովոյի եւ Արեւելեան Թիմորի պարագային, պիտի չհանդուրժէ ինքնորոշում փնտռող բնիկ ժողովուրդներու վտանգուածութիւնը»:
ՀՅԴ Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի ջանքերուն շնորհիւ Արցախի աւստրալիացի բարեկամներու խումբը վերջերս համալրած քաղաքական գործիչները մինչ այդ ալ ուշադրութիւն գրաւած են Աւստրալիոյ քաղաքական տարբեր ամպիոններուն մէջ Արցախի ժողովուրդի շահերուն իրենց պաշտպանութեամբ: