Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փայլան Անգարայի Հայկական Գերեզմանատունը Գանձախոյզներէն Պաշտպանելու Հարցը Բարձրացուցած Է Թուրքիոյ Խորհրդարանին Մէջ

August 21, 2021
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ խորհրդարանի ընդդիմադիր քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան երեսփոխան Կարօ Փայլան Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ բարձրացուցած է Անգարայի հայկական գերեզմանատունը գանձախոյզներէն պաշտպանելու հարցը: «Արմէնփրես» կը յայտնէ, որ այս մասին կը հաղորդէ «Էօզկիւրփոլիթիքա» կայքը:

«Անգարայի պատմամշակութային ժառանգութեան մաս նկատուող եւ 90-ականներուն պահպանուող տարածք յայտարարուած այս պատմական գերեզմանատան թալանը գանձ որոնողներուն կողմէ խորապէս կը վիրաւորէ ո՛չ միայն Թուրքիոյ հայ համայնքը, այլ նաեւ Անգարայի բնակիչները եւ մեր բարեխիղճ քաղաքացիները», ըսած է Փայլան:

Փայլան, յղում կատարելով մամուլին մէջ տեղ գտած լուրերուն, նշած է, որ վերջին օրերուն գանձագողերը բացած են հելլենական դարաշրջանին պատկանող շարք մը գերեզմաններ եւ այնտեղ գտնուող ոսկորները այս ու այն կողմ նետած:

Այդ բոլորէն ետք, դէպքի վայրին մէջ ուսումնասիրութիւններ կատարած ոստիկանները փակած են բացուած գերեզմանները:

Կարօ Փայլան այս բոլորին վերաբերեալ շարք մը հարցումներ ուղղած է Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Նուրի Էրսոյին:

«Ինչո՞ւ չէք պահպաներ Անգարայի Սթանոզի հայկական գերեզմանատունը: Արդեօք քայլերու կը ձեռնարկուի՞ն Սթանոզի հայկական գերեզմանատունը թալանի ենթարկած գանձագողերը ձերբակալելու ուղղութեամբ: Մշակութային արժէքներուն մեծ վնաս հասցնող գանձախոյզներուն գործունէութիւնը դադրեցնելու հարցին մէջ ի՞նչ կ՛ընէք: Երկրի տարածքին հայկական բազմաթիւ լքուած գերեզմանատուները պահպանելու հարցին մէջ ի՞նչ կ՛ընէք», հարցուցած է Փայլան:

 

Նախորդը

Մինչ Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Կը Շարունակուի, Վառելանիւթի Տագնապը Աւելի Եւս Կը Սրի

Յաջորդը

Աւստրալիացի 16 Ծանօթ Քաղաքական Գործիչներ Միացած Են Արցախի Աւստրալիացի Բարեկամներու Խումբին, Որուն Անդամներուն Թիւը Անցած Է 70-ը

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.