Քուէյթահայ գործարար եւ բարերար Կիրակոս Գույումճեան, 23 յուլիս 2021-ին, Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ «Ս. Ներսէս Շնորհալի»-ի մրցանակը յանձնեց այս տարեշրջանին պաքալորէայի առաջին հանդիսացած ուսանող, 12-րդ կարգի «Արցախ» սերունդի առաջնակարգ աշակերտ Րաֆֆի Թաշճեանին:
Հանդիսութեան ներկայ էին Քուէյթի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան, Արտակ Ա. քհնյ. Քէհեայեան, Կիրակոս Գույումճեան, Թեմական խորհուրդի եւ Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչները, Քուէյթի Ազգային վարժարանի տնօրէնութիւնն ու հոգաբարձութեան ներկայացուցիչները:
Նշենք, որ այս մրցանակը, որ 2017-ին պաշտօնապէս հիմնադրուած է Կիրակոս Գույումճեանին կողմէ (1000 քուէյթեան տինար), կը յանձնուի Քուէյթի պաքալորէայի պետական քննութիւններուն Ազգային վարժարանի բարձրագոյն նիշ ապահոված հայ ուսանողներուն: Մրցանակին նպատակն է խրախուսել աշակերտութեան մօտ ուսումնատենչութիւնը եւ բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու ոգին:
Այս առիթով քաջալերական խօսքեր արտասանեցին վարժարանի տնօրէն տոքթ. Ներսէս Սարգիսեան, Կիրակոս Գույումճեան ու Պետրոս վրդ. Մանուէլեան` մրցանակակիրին մաղթելով նորանոր նուաճումներ:
Մրցանակակիր Րաֆֆի Թաշճեան այս առիթով յայտնեց իր երախտագիտութիւնը` վարժարանին ու բարերարին: