Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Օգոստոս 12, 2021
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներ

 Լիզպոնի Գործողութեան 38-Ամեակին Նուիրուած Յիշատակի Ոգեկոչման Երեկոյ

31 յուլիսին Պրպենքի «Պեշիր Մարտիրոսեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Լիզպոնի գործողութեան 38-ամեակին նուիրուած յիշատակի ոգեկոչման ձեռնարկ:

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ Լիզպոնի հնգեակի սխրագործութիւնը ամենավեհ զոհաբերութեան մարմնացում էր, որ նոր շունչ ու ոգի ներարկեց մեզի:

Օրուան գլխաւոր բանախօս, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեան իր խօսքին մէջ կեդրոնացաւ Լիզպոնի հինգ հերոսներուն մնայուն եւ մշտավառ յիշատակի մասին, որ խարիսխ եւ կողմնացոյց  հանդիսացաւ յեղափոխական երիտասարդութեան համար անցնող գրեթէ չորս տասնամեակներու ընթացքին: Ան շեշտեց, որ Լիզպոնի գործողութիւնը ունեցաւ իր պատգամը արտաքին աշխարհին մէջ, ինչպէս նաեւ` ներքնապէս հայութեան համար: Յետլիզպոնեան միջազգայնօրէն Ցեղասպանութեան ճանաչման ընթացքը ինքնին ապացոյց մըն է Հայ դատի հետապնդման տեղեկատուական, քաղաքական, պետական եւ այլ աշխատանքներու արդիւնաւորման շառաւիղին վրայ: Լիզպոնի 5-ին ողջակիզումը կու գար խորհրդանշելու հայոց պատմական իրաւունքներու վերականգնումը եւ առաջին հերթին նաեւ հայկական հողերու ազատագրումը եւ անոր աշխարհագրական ամբողջացումը: Բանախօսը զուգահեռներ գծեց նաեւ հայրենիքի ներկայ պայմաններուն, անոր կարիքներուն, մեր ազգային սեւեռակէտի եւ հեռանկարներու եւ հինգ մարտիկներու այնքան երազած ու փափաքած ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի գաղափարի միջեւ:

Խօսք առաւ նաեւ հիւրաբար շրջանը գտնուող ՀՅԴ Հիւսիսային Իրանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Սեւան Դանիէլեանը:

Լիզպոնի հինգ մարտիկներէն Սիմոն Եահնէեանի եղբայրը` Զարեհ Եահնէեան ընդառաջելով ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի խնդրանքին` ուղարկած էր իր պատգամը Հայաստանի Գիւմրի քաղաքէն, ուր ընտանեօք հաստատուած է վերջին 18 տարիներուն: Ան յայտնեց, որ ինք իր մասնակցութիւնը կը բերէ սոյն ոգեկոչման ձեռնարկին` յուսալով, որ Լիզպոն հինգին երազած Հայաստանը համայն հայ ազգի ջանքերով, ուժերու լարումով եւ հաւատքով իրականութիւն պէտք է դառնայ:

Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Ցուցադրուեցան նաեւ օրուան խորհուրդը պատկերացնող տեսերիզներ:

«Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեան» Հիմնադրամը ($110.000)` Ի Սպաս Ազգային Առաջնորդարանի Երաժշտական Առաքելութեան

Ազգային առաջնորդարանի բարերարուհի, նորոգ հանգուցեալ Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեանին յիշատակը անմահացնելու նպատակով եւ ընդառաջելով Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի առաջարկին, Տէր Յովհաննէսեան ընտանիքը Ազգային առաջնորդարանէն ներս հասատատեց «Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեան» հիմնադրամ` հարիւր տասը հազար ամերիկեան տոլար գումարով, որ սրբազան հօր հսկողութեան ներքեւ պիտի ծառայէ Ազգային առաջնորդարանի ընդհանրապէս մշակութային, մասնաւորաբար երաժշտական գործունէութեան բարեզարդման եւ ծաւալման նպատակին:

Այս առիթով սրբազանը առաջնորդարանին մէջ ընդունեց հանգուցեալին ամուսինը` Ազգային վարչութեան փոխ ատենապետ Մհեր Տէր Յովհաննէսեանը, զաւակները` անոնց ընտանիքներով եւ անգամ մը եւս բարձր գնահատեց Տէր Յովհաննէսեան ընտանիքին անդամները` Արեւմտեան թեմի Ազգային առաջնորդարանին նկատմամբ իրենց ցուցաբերած հաւատարմութեան համար, ապա ողջունեց իր խնդրանքին ընդառաջելու պատրաստ անոնց ոգին ու խիստ դրուատելի կեցուածքը:

Իր կարգին, Մհեր Տէր Յովհաննէսեան շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազանին, որ ունեցած էր ազնիւ մտածումը իր սիրեցեալ կողակիցին` Սաթիկի յիշատակը անմահացնելու կոչուած հիմնադրամի ստեղծման եւ այս առիթով սրբազանին յայտնեց իր անկեղծ զգացումները` նշելով, որ հպարտ կը զգայ, որ ի պատիւ Սաթիկին կը հաստատուի այս հիմնադրամը` միաժամանակ յոյս յայտնելով եւ խոստանալով, որ նորահաստատ հիմնադրամը մնայուն կերպով պիտի գործէ Ազգային առաջնորդարանի կեանքէն ներս եւ թէ` Տէր Յովհաննէսեան ընտանիքի անդամները միշտ պիտի զօրակցին «Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեան» հիմնադրամի հետապնդած ծրագիրներուն:

Յայտնենք, որ նշեալ հարիւր տասը հազար ամերիկեան տոլարի գումարը գոյացած է Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեանի մահուան տխուր առիթով Տէր Յովհաննէսեան ընտանիքին կատարած լիաբուռն զօրակցութեամբ եւ Սաթիկի հարազատներուն ու բարեկամներուն կողմէ փոխան ծաղկեպսակի կատարուած նուիրատուութեանց ճամբով:

Յունաստան

Հոգեհանգիստ–Ոգեկոչում Լիզպոնի Հինգ Տղոց Յիշատակին

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան, Լիզպոնի հինգ տղոց ողջակիզման 38-րդ տարելիցին առթիւ, 25 յուլիսին Նէոս Քոզմոսի (Ֆիքսի) Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն:

Խորանին վրայ զետեղուած էին հինգ տղոց` Սարգիսի, Սեդրակի, Արայի, Սիմոնի եւ Վաչէի նկարները, ինչպէս նաեւ` եռագոյն ու ՀՅԴ դրօշակները:

Օրուան պատարագիչ Նարեկ քհնյ. Լիզպոնի հինգ տղոց դաստիարակութեան եւ անոնց պատրաստութեան մէջ զուգահեռ մը գծեց, անոնց հաւատքի զօրութեան, դաստիարակութեան, հաւատարմութեան եւ ստանձնած սրբազան գործին հանդէպ իրենց յանձնարարութեան բարձր գիտակցութեան, շեշտելով, որ անոնք ի գին ամէն զոհողութեան եւ առանց վախի կամ երկմտութեան, մնացին մինչեւ մահ հաւատարիմ եւ անսասան` հասնելով իրենց գերագոյն նպատակին, որպէս հայ ժողովուրդի եւ Հայ դատի քաջարի մարտիրոս-մարտիկներ:

Հոգեհանգիստի աւարտին ՀՅԴ Երիտասարդական միութեան անունով խօսք առաւ  Սուլա Պարտաքճեանը: Ան շեշտեց, որ Վաչէ Տաղլեան, Սարգիս Աբրահամեան, Սեդրակ Աճեմեան, Արա Քրճըլեան, Սիմոն Եահնէեան հայրենասիրութեան, խիզախութեան եւ գերագոյն անձնազոհութեան օրինակ դարձան, եւ իրենց անձնազոհութիւնը ամբողջ աշխարհին ուշադրութիւնը կեդրոնացուց հայութեան եւ Հայոց ցեղասպանութեան վրայ եւ այժմէականացուց մեր Դատը: Ան նկատել տուաւ, որ հինգ հերոսներուն անունները դրոշմուած կը մնան մեր մտքերուն մէջ, եւ հակառակ որ մենք չենք ճանչցած զիրենք, սակայն անոնք իբրեւ հարազատ ընկերներ` կը ներշնչեն եւ կ՛ոգեւորեն մեզ, իրենց ըմբոստ ոգին կը վարակէ երիտասարդները` Հայ դատի պայքարի ճամբուն վրայ, մեր քարոզչական գործին մէջ եւ պահանջատիրական ելոյթներուն: Ան հաստատեց, որ անոնք ունէին իրենց երիտասարդական կեանքը, ընտանիք, բարեկամներ եւ ապագայի երազները, բայց իրենց երազներէն, նոյնի՛սկ իրենց կեանքէն աւելի վեր դասեցին գաղափարին ծառայելը, հայրենիքին եւ ազգային իրաւունքին համար զինուոր դառնալու գիտակցութիւնը:

Լիզպոնի հինգին հերոսացումէն շատ տարիներ չանցած` հայ ժողովուրդը ծնաւ նորանոր հերոսներ: Ազատամարտիկներ, որոնք ազատագրեցին Արցախը: Լիզպոնէն մինչեւ Հայաստան ու Արցախ` բոլո՛րը կը ծառայեն հայրենիքին միեւնո՛յն հաւատքով, վճռակամութեամբ եւ քաջութեամբ:

Եգիպտոս

 «Բարօր Կեանք» Խորագիրով Համաժողով

Վերջերս Եգիպտոսի հայկական համայնքը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ  Եգիպտոսի թեմի առաջնորդ Աշոտ  եպս. Մնացականեանի, հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Գրիգոր-Օգոստինոս գերպ. Գուսանի, Եգիպտոսի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Արմէն Մազլումեանի եւ Ազգային առաջնորդարանի  Քաղաքական  ժողովի  ատենապետ Վահէ  Բլատեանի, իր մասնակցութիւնը բերաւ պետական շրջանակներուն կողմէ կազմակերպուած «Բարօր կեանք» խորագրին տակ կայացած համաժողովին:

Համաժողովի ընթացքին յատուկ ելոյթով հանդէս եկաւ Եգիպտոսի նախագահ զօր. Ապտըլֆաթթահ Սիսին: Ան իր խօսքին մէջ շեշտը դրաւ Եգիպտոսն ու եգիպտացիները յուզող հարցերուն վրայ` վեր առնելով ներկայ մարտահրաւէրները: Ան նաեւ վստահեցուց, որ երկրի անվտանգութիւնն ու քաղաքացիներու ապահովութիւնը իրենց համար «կարմիր գիծեր» են, աւելցնելով, ի՛նչ ալ ըլլան պայմանները, երկրի պետական մարմիններն ու բանակը կարողականութիւնը ունին Եգիպտոսը պաշտպանելու, որ հզօր երկիր է:

Կիպրոս

 Այցելութիւն Ազգային Առաջնորդարան

20  յուլիսին Աւետարանական եկեղեցւոյ Կիպրոսի ներկայացուցիչ պատուելի Արիստոթէլիս Ցինօղլու (որ նաեւ ներկայացուցիչն է համաշխարհային «ԱԿԱԲԻ» բարեսիրական միութեան Կիպրոսի մէջ եւ միեւնոյն ժամանակ անդամ` Յունաստանի կառոյցին) եւ Կիպրոսի երիտասարդական հոգեւոր միութեան տնօրէն Լուքիոս Նուսիոս այցելեցին թեմի կաթողիկոսական  փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանին:

Այցելութեան ընթացքին արծարծուեցան  զանազան նիւթեր, յատկապէս`  երիտասարդութեան ընկերային ու հոգեւոր մտածելակերպին եւ սպասումներուն մասին: Անդրադարձ եղաւ նաեւ երկու համայնքներու աշխատանքներուն եւ դիմագրաւած դժուարութեանց, յատկապէս` Քորոնա ժահրի պատճառով ստեղծուած եւ շարունակուող կացութեանց մասին: Ապա ներկաները միասնաբար աղօթեցին աշխարհի, Հայաստանի, Արցախի, Լիբանանի խաղաղութեան, Կիպրոսի հրդեհներուն պատճառած նիւթական ու մարդկային զոհերուն եւ յատկապէս բոլոր հիւանդներու բժշկութեան համար:

Ատրպատական

 Այցելութիւն «Ալիք» Հաստատութեան Գրասենեակը

19 յուլիսի, գլխաւորութեամբ Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր արք. Չիֆթճեանի, նորընտիր Թեմական խորհուրդը այցելեց Թաւրիզի մէջ գտնուող «Ալիք» հաստատութեան գրասենեակը եւ հանդիպում ունեցաւ պատասխանատու կազմին հետ:

Հանդիպման ընթացքին կողմերը նախ փոխանակեցին շնորհաւորական խօսքեր, ապա նորընտիր Թեմական խորհուրդի ներկայ անդամներ` Գագիկ Ճորճեան, Վարդան Կարապետեան եւ Քաթրին Դիլանեան յայտնեցին, որ հանդիպումին նպատակն է միասնական գործակցութիւն եւ թեմի կեանքը աւելի արդիւնաւէտ դարձնել:

Սրբազանը յայտնեց, որ իր ընտրութեան առաջին օրէն նոր Թեմական խորհուրդը կը համակարգէ յառաջիկայ գործունէութեան աշխատանքը, որուն համար համագործակցութեան կը հրաւիրէ բոլոր կազմակերպութիւնները եւ միութիւնները` ի խնդիր Ատրպատականի թեմի պահպանութեան եւ վերելքին:

«Ալիք» հաստատութեան Թաւրիզի գրասենեակի պատասխանատուներ Արմոնդ Պատալեան եւ Նայիրի Դիլանեան, որոնք արդէն թեմի Պատգամաւորական ժողովին մէջ իրենց դրական գործունէութեամբ կը ծառայեն ազգին, նոր հեռանկարներ ուրուագծեցին Թեմական խորհուրդի, ինչպէս նաեւ «Ալիք» հաստատութեան յառաջիկայ գործունէութեան համար` փոխադարձ պատրաստակամութիւն յայտնելով անվերապահ աջակցութեան:

Սրբազանը իր կարգին բարձր գնահատեց «Ալիք»-ի ծաւալած գործունէութիւնը Թաւրիզի մէջ:

Հանդիպման մասնակցող բոլոր ազգային գործիչներու մտահոգութիւնն էր ամրապնդել թեմի գոյութեան պահպանումը` ի խնդիր նոր սերունդի առողջ դաստիարակութեան, հոգեւոր ու ազգային արժեչափերով կազմաւորելու համար հայ երիտասարդութիւնը:

Նոր Ջուղա

 Թեմի 16-րդ Պատգամաւորական Ժողով

Սպահանի հայոց թեմի 16-րդ Պատգամաւորական ժողովի 13-րդ հաշուետու նիստը տեղի ունեցաւ 21 յուլիսին, նախագահութեամբ Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Սիփան եպս. Քէչէճեանի,  ներկայութեամբ` շրջաններու պատգամաւորներուն, հոգեւոր դասի ներկայացուցիչներուն, Թեմական ու Կրօնական խորհուրդներու եւ Հաշուեքննիչ մարմինի անդամներուն, ենթամարմիններու ներկայացուցիչներուն եւ ժողովի կողմէ հրաւիրեալ ազգայիններուն:

Օրակարգին համաձայն, նախ ներկայացուած տեղեկագիրներու շուրջ ժողովականներու կողմէ եղան հարցումներ` ուղղուած Պատգամաւորական ժողովի դիւանին, Թեմական ու Կրօնական խորհուրդներուն եւ Հաշուեքննիչ մարմնին, ապա հնչեցին ըստ էութեան արտայայտութիւններ, եւ գնահատուեցաւ գործադիր մարմիններու գործունէութիւնը:

Քննարկուեցան նաեւ գործադիր մարմիններու եւ յանձնաժողովներու կողմէ ներկայացուած առաջարկները, եւ հաստատուեցաւ թեմին միամեայ նախահաշիւը:

Յատկանշական է, որ սոյն ժողովը, նկատի ունենալով Սպահանի հայոց թեմի Պատգամաւորական ժողովի դիւանի ատենապետ Թաթուլ Օհանեանի աւելի քան 65 տարիներու ներդրումն ու վաստակը թեմի ժողովական եւ այլ բնագաւառներու մէջ, միաձայնութեամբ զայն ընտրեց Սպահանի հայոց թեմի Պատգամաւորական ժողովի «ցկեանս պատուոյ անդամ»:

Նկատի ունենալով, որ համաձայն թեմի կանոնագրի, թեմի առաջնորդը կ՛ընտրուի  չորս տարի գործունէութեան ժամանակաշրջանով, ժողովը վերընտրեց Սիփան եպս. Քէչէճեանը` որպէս Սպահանի հայոց թեմի յառաջիկայ քառամեայ առաջնորդ:

16-րդ նստաշրջանի Պատգամաւորական ժողովի 13-րդ հաշուետու նիստը աւարտեցաւ սրբազան հօր բարեմաղթանքներով եւ «Պահպանիչ»-ով:

 

Նախորդը

Տօներ Աւանդութիւններ. Խաղողօրհնէքի Տօն

Յաջորդը

«Ս. Ներսէս Շնորհալի»-ի Խրախուսական Մրցանակի Տուչութիւն

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գահիրէի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուած Է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան` 28 Մայիսի Եւ ՀՅԴ-ի Հիմնադրութեան 135-Ամեակը

Յուլիս 10, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 10, 2025
Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն.  Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն. Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ

Յուլիս 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?