Միացեալ Նահանգներ Հանդիսացան Առաջին`
Շրջանցելով Չինաստանը
Երէկ` կիրակի, 8 օգոստոսին, Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ գերմանացի Թոմաս Պախ, «Թոքիօ-2020»-ի 32-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերը յայտարարեց փակուած:
Փակման հանդիսութեան ընթացքին Թոքիոյի ողիմպիականի մարզադաշտին վրայ մարեցաւ խաղերուն կրակը:
Ողիմպիական խաղերուն ընթացքին 205 ազգային ողիմպիական կոմիտէներու ներկայացուցիչները, 33 մարզաձեւերու մէջ պայքարեցան 339 մետալներու համար:
Ինչպէս ծանօթ է, «Քորոնա» ժահրի համավարակին պատճառով այս խաղերը թէեւ յետաձգուած էին մէկ տարիով, սակայն անոնք պահեցին իրենց անուանումը:
Համավարակին պատճառով մրցումները տեղի ունեցան առանց համակիրներու:
Նկատի ունենալով, որ յաջորդ խաղերը տեղի պիտի ունենան Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ, վերջինիս քաղաքապետը` Անն Մարի Հիտալկօ, Թոքիոյի նահանգապետէն ստացաւ ողիմպիականի դրօշը:
Փակման հանդիսութեան Հայաստանի դրօշակակիրն էր ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, կռփամարտիկ Յովհաննէս Բաչքով:
Այդ հանդիսութեան ընթացքին պարգեւատրուեցան մարաթոնեան վազքի տղոց եւ աղջկանց մրցաշարքին յաղթականները:
Յատուկ տեսանիւթով ներկայացուեցաւ խաղերու կամաւորներու աշխատանքը: Անոնց մեծամասնութիւնը Ճափոնէն էին:
Այս խաղերուն Հայաստան, որ մասնակցեցաւ 17 մարզիկով, տիրացաւ 4 մետալի:
Ծանրաբարձ Սիմոն Մարտիրոսեան եւ յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեան տիրացան արծաթ մետալներու, մինչ մարմնամարզիկ Արթուր Դաւթեան եւ կռփամարտիկ Յովհաննէս Բաչքով` պրոնզ մետալներու:
Այսպիսով, մետալներու ընդհանուր դասաւորման մէջ Հայաստան գրաւեց 47-րդ դիրքը:
Միացեալ Նահանգներ խաղերուն վերջին օրը շրջանցեցին Չինաստանը:
Ամերիկացիները տիրացան 39 ոսկի, 41 արծաթ եւ 33 պրոնզ մետալի, մինչ չինացիք` 38 ոսկի, 32 արծաթ եւ 18 պրոնզ մետալի:
Լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց հիւրընկալ երկիրը` Ճափոն (27 ոսկի, 14 արծաթ եւ 17 պրոնզ):
Նշենք, որ 339-րդ եւ վերջին մետալին տիրացաւ Սերպիա, որ ուոթըր-փոլոյի մրցումի աւարտականին 13-10 արդիւնքով յաղթեց Յունաստանին: Սերպիա տիտղոսակիրն էր այս մարզաձեւին մէջ:









