Կռփամարտի թեթեւագոյն կարգին մէջ հանդէս եկող Նարեկ Աբգարեան նախորդ շաբաթավերջին կատարեց իր 16-րդ մենամարտը` արհեստավարժ ռինկի վրայ:
Ռուսական Եքաթերինպուրկի մէջ իր կատարած մենամարտին ընթացքին, 29 տարեկան կռփամարտիկը կէտերով յաղթեց հարաւայինափրիկեցի իր մրցակիցին:
Ասիկա հայրենի կռփամարտիկին համար եղաւ 15-րդ յաղթանակը: Ան կրած է միայն պարտութիւն մը:
Ան իր վերջին մենամարտին, որ տեղի ունեցած էր Լոս Անճելըսի մէջ, կրած էր իր առաջին պարտութիւնը` մեքսիքացի իր մրցակիցէն: