Կազմակերպութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, 5-7 օգոստոսին Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցան Լիբանանի փինկ փոնկի տղոց եւ աղջկանց 19 տարեկանէն վար խմբային ախոյեանութեան մրցումները:
Տղոց մրցումներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 42 խումբեր, մինչ աղջկանց պարագային` 15 խումբեր: Անոնք բաժնուած էին տարբեր խմբակներու:
Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ ՀՄԸՄ-ի հետեւեալ չորս խումբերը.
ՀՄԸՄ Պէյրութ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, ՀՄԸՄ Անթիլիաս (տղաք) եւ ՀՄԸՄ Պէյրութ (աղջիկներ):
Անոնք իրենց մարզիչ ունէին Լարա Քեչեպաշեանն ու Նոել Քէշիշեանը:
Այս ախոյեանութեան ՀՄԸՄ-ի մարզիկները թէեւ մրցանակային դիրքեր չգրաւեցին, սակայն արձանագրեցին բաւական գոհացուցիչ արդիւնքներ եւ ունեցան լաւ խաղարկութիւն:
Յոյսով ենք, որ յառաջիկային տեղի ունենալիք այլ ախոյեանութիւններու եւ մրցաշարքերու ընթացքին, ՀՄԸՄ-ի մարզիկները կ՛արձանագրեն աւելի տպաւորիչ արդիւնքներ եւ կը գրաւեն մրցանակային դիրքեր:






