Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ նախորդ շաբաթավերջին տղոց պասքեթպոլի աւարտական մրցումին, Միացեալ Նահանգներու խումբը տիրացաւ այս մրցաշարքի տիտղոսին` 87-82 արդիւնքով յաղթելով ֆրանսացիներուն:
Յաղթական կազմէն Քեւին Տիւրանթ (Պրուքլին Նեթց) նշանակեց 29 կէտ:
Նշենք, որ Ֆրանսա սկզբնական հանգրուանի մրցումներուն (խմբակներու հանգրուանին) յաջողած էր յաղթել ամերիկացիներուն:
Այսպիսով, «Տրիմ Թիմ»-ը յաջորդաբար 4-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ ողիմպիականի ախոյեան:
Նշենք, որ ողիմպիականի պասքեթպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ Միացեալ Նահանգներ այս մրցաշարքի տիտղոսին տիրացած են 16 անգամ: