Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մերժուեցաւ Խորհրդարանական Ընդդիմութեան Առաջարկը` Արցախի Հարցով Մնայուն Յանձնախումբ Ստեղծելու

Օգոստոս 7, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի խորհրդարանին կողմէ չվաւերացուեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի ընդդիմադիր ` «Պատիւ ունեմ» եւ «Հայաստան» խմբակցութիւններուն կողմէ առաջարկուած Արցախի հարցերով մնայուն յանձնախումբ ստեղծման նախագիծը, որ ներկայացուեցաւ 6 օգոստոսին, եւ որուն թեր քուէարկեց 33 պատգամաւոր, դէմ` 0, իսկ ձեռնպահ քուէարկեցին 68 պատգամաւորներ:

«Հայաստան» խմբակցութենէն Արթուր Խաչատրեան այս յանձնախումբին գծով արտայայտուելով ըսաւ. «Եթէ մենք կ՛ընդունինք, որ այսօր Հայաստանի հիմքը Արցախն է, Արցախը եղած է այս հանրապետութեան անկախութեան կերտման անկիւնաքարը, եթէ մենք կ՛ընդունինք, որ Արցախը այսօր կ՛ապրի իր պատմութեան ամէնէն ծանր օրերը, եւ եթէ կ՛ընդունինք, որ խորհրդարանը այս երկրին մէջ ընելիք ունի, ինչո՞ւ չենք ընդունիր, որ պէտք է այս խորհրդարանը ունենայ Արցախի հարցերու առանձին յանձնախումբ»: Ան աւելցուց, որ այդ յանձնախումբին մէջ կարելի է քննարկել բազմաթիւ հարցեր, օրինակ` Արցախին տրամադրուող աջակցութեան օրէնքով կարգաւորումը, արգիլելը` օրինակ, Արցախ բառը օգտագործել առանց Հանրապետութիւն բառը օգտագործելու:

«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան եւս հակադարձեց իշխող մեծամասնութեան` դիտել տալով, որ կան բազմաթիւ հարցեր, որոնց շուրջ ընդդիմութեան եւ իշխող ուժերուն մօտեցումները լրիւ տարբեր են, անոնցմէ է Արցախի հարցը:  Ան յայտնեց, որ պէտք է վերականգնել Հայաստանի` իբրեւ Արցախի անկախութեան եւ անվտանգութեան երաշխաւորի խարխլուած դիրքերը, վերականգնել Արցախի Հանրապետութեան խարխլուած ենթակայականութիւնը:

Ռուստամեան նշեց, որ լաւապէս գիտէ, թէ ի՛նչ կը կատարուի Արցախի մէջ, թէ լրջագոյն խնդիրներ կան: Առաջնահերթ կը նկատուի վերականգնել Հայաստան-Արցախ յարաբերութիւններու ռազմավարական մակարդակը, որ, ըստ Ռուստամեանի, զերոյի համազօր եղած է: Ստեղծուած նոր իրավիճակին մէջ տագնապի լուծման հայկական կողմերու հայեցակարգը պէտք է յստակացուի:

Արցախի վերաբերող մնայուն յանձնախումբի կազմութիւնը մերժելը, ըստ Ռուստամեանի, կը նշանակէ, որ իշխող ուժը չ՛ուզեր այս հարցը լուծել, եւ կամ պիտի լուծէ պարտուողական ոճով, ինչպէս ըրաւ նախապէս:

«Դուք կ՛ըսէք` ճգնաժամը յաղթահարուած է, մենք կ՛ըսենք` ճգնաժամը խորացած է: Դուք չէք ուզեր հասկնալ, որ ճգնաժամի խորութեան էութիւնը ի՛նչ է: Նախ եւ առաջ այն է, որ ո՛չ միայն պատերազմի պարտութեան պատճառները չեն բացայայտուած, այլ նաեւ այդ պարտութեան հետեւանքները, որոնք մեզ կը սպասեն, վերացուած չեն», շեշտեց Ռուստամեան:

Հայաստանի Ազգային ժողովի «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Վանեցեան իրենց նախաձեռնած Արցախի հարցերով յանձնախումբի ստեղծումը նկատեց ուղերձ` միջազգային ամբողջ հանրութեան, որ Հայաստանը Արցախէն ձեռքերը չէ լուացած, Արցախի մէջ ապրող ժողովուրդը չէ մոռցած:

«44-օրեայ աղէտալի պատերազմէն ետք Արցախի եւ Հայաստանի մէջ ստեղծուած օրհասական իրավիճակը պարզապէս մեզի կը թելադրէ ունենալ երկրորդ հայկական պետութեան խնդիրներով զբաղող, մնայուն կերպով գործող խորհրդարանական միաւոր: Արցախի կապուած հարցերը` որոնց կարգին բանակցային, մեծապէս աւելցած են: Այդ հարցերը կ՛ընդգրկեն անվտանգային եւ արտաքին քաղաքական բաղադրիչները, բայց նաեւ կը ներառեն հոգեւոր, մշակութային, ընկերային, կրթական եւ բազում այլ հարցեր: Նման յանձնախումբի ստեղծումը, սակայն, միայն բովանդակային գործառութային նպատակայարմարութեան հարց չէ, ասիկա նաեւ յստակ քաղաքական ուղերձ է` իր ապագայով մտահոգ արցախահայութեան, սրտացաւ աշխարհասփիւռ հայրենակիցներուն, Ազրպէյճանին եւ Թուրքիոյ, միջազգային հանրութեան», շեշտեց Վանեցեան:

Ան դիտել տուաւ, որ յանձնախումբի ստեղծումը ուղերձ է, որ Հայաստանը չէ մոռցած Արցախն ու հոն ապրող ժողովուրդը, ձեռքերը չէ լուացած Արցախէն, չէ հրաժարած եւ չի պատրաստուիր հրաժարիլ Արցախի խնդիրներով զբաղելէ:

«Հայաստան» խմբակցութենէն Արթուր Ղազինեան` անդրադառնալով իշխանական պատգամաւորներուն այն հարցումին, թէ ինչո՛ւ 30 տարի Արցախի հարցերով յանձնախումբ չէ ստեղծուած` յիշեցուց Արցախի պատերազմի մասին: «Ամէն ինչ կու տայի, որ չըլլար արցախեան պատերազմը, չզոհուէին մեր տղաները եւ չկորսնցնէինք Արցախի մեծ մասը, ունենայինք գործուն, կայուն արդիւնաւէտ գործող անվտանգային համակարգ», ըսաւ ան: Ղազինեան պնդեց, որ պէտք է ստեղծուի Արցախի հարցով մնայուն յանձնախումբ, զոր պէտք է ղեկավարէ ընդդիմութիւնը: Այդ յանձնախումբը, ըստ անոր, պէտք է դառնայ համազգային ուղեղային կեդրոն` Արցախի վերաբերեալ մշակուող պետական եւ հանրային քաղաքականութեան համար, պէտք է դառնայ տեղեկատուութեան, միտքի, ծրագիրներու եւ գաղափարներու շտեմարան, որմէ պէտք է օգտուին նաեւ միւս մնայուն յանձնախումբերը:

 

Նախորդը

Երեսփոխաններ Միացած Են Աւստրալիոյ Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Նախաձեռնութեան

Յաջորդը

Ազգային Ժողովի Փոխնախագահ Ընտրուեցաւ Իշխան Սաղէաթէլեան

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ

Հոկտեմբեր 24, 2025
Թրամփ. «Փութինի Հետ Հանդիպումս Ջնջեցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Փութինի Հետ Հանդիպումս Ջնջեցի»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?