Շուէտի Հայ դատի յանձնախումբը նոյն երկրի արտաքին գործոց նախարարին յղած նամակով դատապարտած է 9-10 յուլիս 2021-ին Ազրպէյճանի մէջ շարք մը երկիրներու դեսպաններու եւ դիւանագէտներու այցելութիւնը Լեռնային Ղարաբաղ` գրաւուած հայկական Շուշի քաղաք, որուն մաս կազմած է նաեւ Շուէտի դեսպան Քամիլ Քրիսթիանը:
Նամակի մէջ Հայ դատի յանձնախումբը կը գրէ. «Ազրպէյճանի կառավարութեան կողմէ կազմակերպուած այս քարոզչական շրջագայութեան միանալու շուէտացի դիւանագէտին որոշումը ցաւալի արարք է:
«Հայ դատի յանձնախումբը այն կարծիքին է, որ Շուէտի պետութիւնը այս արարքին միջոցով կը հաստատէ Լեռնային Ղարաբաղի, Արցախի եւ Շուշիի բռնագրաւումը եւ այդպիսով կ՛օրինականացնէ այդ տարածքներուն մէջ տեղական հայ բնակչութեան դէմ Ազրպէյճանի պատերազմական յանցագործութիւնները», կը նշուի նամակին մէջ:
Նամակին մէջ յատուկ կերպով կը շեշտուի, որ Թուրքիոյ զինեալ ուժերով եւ սուրիացի վարձկան ահաբեկիչներով` Ազրպէյճանի զինեալ ուժերը 2020 թուականի աշնան այսպէս կոչուած «44-օրեայ պատերազմ»-ի ընթացքին դիտաւորեալ ոչնչացուցին Շուշիի քաղաքացիական ենթակառոյցները եւ երկու անգամ ռմբակոծեցին քաղաքի Մայր տաճարը:
«Այս կործանարար պատերազմին իբրեւ հետեւանք թուրք-ազրպէյճանական պետութիւններու առանցքին մէջ, դարաւոր հայկական Շուշի քաղաքը այժմ ենթարկուած է ազգային ամբողջական զտումներու եւ զրկուած իր բնակչութենէն` հայերէն»:
Շուէտի Հայ դատի յանձնախումբը նամակին մէջ կը շեշտէ, որ ԵԱՀԿ-ի կողմէ տարուող բանակցութիւններուն առաջադրուած երկու հիմնարար սկզբունքներ` ուժ չկիրարկելը եւ մարդու ինքնորոշման իրաւունքը, պատերազմին ընթացքին խախտած են Ազրպէյճանի կողմէ. «ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի եռանախագահութիւնը` Ֆրանսայի, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանները Պաքուի մէջ հրաժարեցան մասնակցիլ այս ուղեւորութեան` յստակ պատգամ փոխանցելով, որ Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը տակաւին լուծուած չէ»:
Նամակին մէջ կը նշուի, թէ, ըստ երեւոյթին, Շուէտը, որ կը նախագահէ ԵԱՀԿ-ին, ընդունելով Շուշի ուղեւորութեան հրաւէրը, դարձաւ հակամարտութեան կողմ, Ազրպէյճանի բռնատիրական վարչակարգի քարոզչական արշաւի մասնակից, եւ նոյն երկիրի դեսպանը ամբողջովին անտեսեց հետեւեալ երկու հիմնական փաստերը եւ խարխլեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ջանքերը` գտնելու Ղարաբաղեան հակամարտութեան տեւական, խաղաղ եւ արդար լուծում:
«Հետեւեալ երկու հիմնական փաստերն են`
1-Ազրպէյճանը կը շարունակէ ապօրինի կերպով պահել աւելի քան 200 հայ պատերազմական գերիներ: Այս բանտարկեալները խոշտանգումներու ենթարկուած են եւ կ՛օգտագործուին իբրեւ քաղաքական սակարկութեան առարկայ, ինչ որ կը հակասէ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ ստորագրուած 2020 նոյեմբերի եռակողմանի զինադադարի հռչակագիրին մէջ նշուած կէտերուն:
2-Ազրպէյճանը կը շարունակէ հրաժարիլ միջազգային կազմակերպութիւններու պահանջէն, ինչպէս, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պարագային, արտօնել այցելել Լեռնային Ղարաբաղի հայկական կրօնական յուշարձանները: Մինչդեռ հայկական կրօնական յուշարձաններու պղծման եւ ամբողջական ոչնչացման ապացոյցեր ի յայտ եկած են:
«Վերջապէս ոչ նուազ կարեւոր է 2021 թուականի մայիսէն ի վեր ազրպէյճանական բանակին կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխան տարածքին մէջ գտնուող Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մարզեր ներխուժման փաստը, հայ զինուորականները եւ խաղաղ բնակչութիւն առեւանգելն ու բռնութիւն բանեցնելը: Շուէտի հայերը վրդովուած են եւ բացատրութիւն կը պահանջեն, թէ ինչո՛ւ Պաքուի մէջ Շուէտի դեսպանը մասնակցեցաւ Շուշի կազմակերպուած այցելութեան», կը նշուի նամակի աւարտին:
Շուէտի Հայ դատի յանձնախումբին` Շուէտի արտաքին գործոց նախարարին յղած բողոք-նամակին պատասխանած է արտաքին գործոց նախարարութեան նամակագրութեան բաժինի համակարգող Վիքթորիա Փիիրէնէն` նամակով մը, որուն մէջ կը նշուի. «Շուէտը այս այցելութեան մաս կազմեց պետական մակարդակով եւ այցելութիւնը տեղի ունեցաւ այն շրջաններուն մէջ, որոնք, միջազգային օրէնքի հիման վրայ, կը պատկանի Ազրպէյճանին»:
Նամակի քանի մը այլ բաժինին մէջ նշելով, որ Շուէտը իր կատարեալ աջակցութիւնը կը յայտնէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ջանքերուն` կողմերու միջեւ խաղաղ եւ կայուն կարգավիճակ եւ փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտ իրականացնելու հոլովոյթին մէջ, կը յստակացնէ.
«Արտաքին գործոց նախարարութիւնը բազմիցս շեշտած է մարդասիրական իրաւունքի հասանելիութեան եւ բանտարկեալներու ազատ արձակման կարեւորութիւնը»:
Հայ դատի յանձնախումբը կը նշէ, որ մարդկային իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան ջատաքով հանդիսացող Եւրոպայի կարեւոր ներկայացուցիչը կ՛անտեսէ ժողովուրդներու գերիշխան իրաւունքը, պատերազմի իբրեւ հետեւանք գերեվարուածներու ճակատագիրը եւ մարդկային տարրական իրաւունքը` բնակիլ այն հողին վրայ, ուր մարդիկ ծնած, ապրած ու արարած են:
Շուէտի արտաքին գործոց նախարարութիւնը աչք կը փակէ նաեւ այն իրողութեան, որ Շուշին երբեւէ չէ եղած Ազրպէյճան կոչուող պետութեան տարածքին մէջ:
«Շուշին մնայուն կերպով եղած է նախկին ԼՂԻՄ-ի, ապա նաեւ` Արցախի Հանրապետութեան կազմին մէջ:
«Իսկ Արցախի Հանրապետութեան ապագայ կարգավիճակի հարցը աւելի քան 20 տարիէ եղած է եւ կը շարունակէ մնալ, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերեալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի հովանիի տակ կատարուող բանակցութիւններու օրակարգի կարեւորագոյն հարցերէն մէկը», կը նշուի յայտարարութեան մէջ: