
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ կէսօրէ ետք նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան տագնապին վերաբերող հարցեր:
Նշենք, որ վարչապետ Միքաթիի Ֆրանսա կատարելիք պաշտօնական այցելութեան նախօրեակին, իշխանութեան պետերը քննարկեցին նաեւ համապատասխան հարցեր:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները, շրջանային զարգացումները, ինչպէս նաեւ շարք մը ներքին հարցերու լուծման կարելիութիւնները:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհասը, որուն հետ քննարկեց աշխատանքի նախարարութեան վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ աշխատաւորական պահանջները գոհացնելու առումով նախարարութեան որդեգրած քայլերը, որոնց շարքին` փոխադրածախս ճշդելու օրէնքը:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք, որ հանրապետութեան նախագահին փոխանցեց այն պատրաստութիւններն ու նախաձեռնութիւնները, որոնք առաջադրուած են տեղեկատուութեան նախարարութեան կողմէ` ամրապնդելու համար պետական լսատեսողական լրատուամիջոցները, ինչպէս նաեւ նախարարութեան ունենալիք դերակատարութիւնը` քաղաքական ճառերը հանդարտեցնելու եւ երկրին կայունութիւնը պահպանելու իմաստով:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխան Մարուան Ֆարես եւ նախկին երեսփոխան Ղաթթաս Խուրի:


