Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Զինուած Ուժերու Գործողութիւններու Արդիւնքով Ազրպէյճանը Դադրեցուցած Է Ամրաշինական Աշխատանքները Սահմանի Երասխի Հատուածին Մէջ

Օգոստոս 2, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ 31 յուլիսին, ժամը 6:30-ին, ազրպէյճանական զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացած են հայ-ազրպէյճանական սահմանի Երասխի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ եւ փորձած ճարտարագիտական գործիքներու կիրարկումով ամրաշինական աշխատանքներ իրականացնել:

Հայ դիրքապահներու պատասխան գործողութիւններէն ետք թշնամիին կրակը լռեցուած է, ամրաշինական աշխատանքները դադրած են:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն տեղեկացուցին, որ նոյն օրը ժամը 11:00-ի դրութեամբ իրադրութիւնը հայ-ազրպէյճանական սահմանին յարաբերականօրէն կայուն էր եւ կը գտնուէր Հայաստանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումներու լիարժէք վերահսկողութեան տակ:

Ազրպէյճանական Զինուած Ուժերը Երասխի Հատուածին Մէջ
Թիրախային Կրակ Արձակած Են Սնունդ Տեղափոխող Մեքենայի Վրայ

Ազրպէյճանական զինուած ուժերու ստորաբաժանումները, 31 յուլիսին, ժամը 18:10-էն մինչեւ 18:50-ը, հերթական անգամ դիմած են սադրանքի` տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներով կրակ բանալով հայ-ազրպէյճանական սահմանի Երասխի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ:

Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութենէն:

«Մասնաւորապէս` թիրախային կրակ արձակուած է թիկունքային ապահովման (սնունդ տեղափոխող) մեքենայի վրայ` լրջօրէն վնասելով զայն: Հայ դիրքապահներու պատասխան գործողութիւններէն ետք թշնամիին կրակը լռեցուած է: Հայկական կողմէն տուժածներ չկան», նշած է պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

31 յուլիսին ժամը 22:00-ի դրութեամբ իրադրութիւնը հայ-ազրպէյճանական սահմանին յարաբերականօրէն կայուն էր եւ կը գտնուէր Հայաստանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումներու լիարժէք վերահսկողութեան տակ:

 

Նախորդը

Խալտէի Մէջ. Վրէժի Հիման Վրայ Կատարուած Սպանութիւն Մը Վերածուեցաւ Զինեալ Լայնածաւալ Միջադէպի` Պատճառելով Զոհեր Եւ Տասնեակ Մը Վիրաւորներ

Յաջորդը

Խմբագրական. Բանակը` Վերհամայնքային Եզակի Հաստատութիւնը

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 15, 2025
Ակնարկ.  «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը

Յուլիս 15, 2025
Շինծու Գործերով Ձերբակալուած  ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու  Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Շինծու Գործերով Ձերբակալուած ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու Մամլոյ Ասուլիսը

Յուլիս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?