Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ճգնաժամէն Դուրս Գալու Կրկնակ Փնտռտուք

Օգոստոս 2, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Հայաստան եւ Լիբանան կը գտնուին նոր կառավարութեան կազմութեան շեմին: Լիբանանի մէջ Նեժիպ Միքաթիի վարչապետ նշանակումը, կը թուի, թէ շրջանային ու միջազգային իրաւախոհութեան արդիւնք է: Ֆրանսական գրեթէ մէկ տարուան հնութիւն ունեցող հովանաւորութեամբ խոստացուած ապաքաղաքական ու արհեստավարժ կառավարութիւն մը կարելի պիտի ըլլայ կազմել այս երրորդ փորձով: Նշանակեալ վարչապետը լաւատես է: Հանրապետութեան նախագահին հետ յարաբերութիւնը բնական է ու հետեւողական: Եթէ անկուսակցական 24 նախարարներէ բաղկացած կառավարութիւնը լոյս աշխարհ գայ, Լիբանանի ժողովուրդը շունչ կը քաշէ ու ստեղծուած ահաւոր տագնապը, որ ճգնաժամի վերածուած է, լուծումի մը սկզբնաւորութիւնը կրնայ աւետել: Եթէ նշանակուող նախարարները անկուսակցական են ու արհեստավարժ, արդեօք զե՞րծ են քաղաքական յայտնի ու անյայտ յանձնառութիւններէ: Այլապէս, ինչպէ՞ս հասկնալ նախորդ ձախողումները. արգելքները վերացա՞ն, ի՞նչ արգելք. ժամանակը այս հարցերուն պատասխանը կրնայ բնաւ չտալ, իսկ արգելքները դնողները կը շարունակեն իրենց եպերելի ընթացքը ու կը տնօրինեն ամբողջ ժողովուրդի մը ճակատագիրը: Անցնինք:

Հայաստանի մէջ եւս նոր կառավարութեան կազմութիւնը մօտալուտ է, թէեւ խորհրդարանական ընտրութեան արդիւնքով` շարունակականութիւնը ապահովուած: Այսինքն պատերազմի պատճառով ստեղծուած ճգնաժամը շարունակականութիւնը եւս ապահովուած է. սահմաններուն վրայ անկայունութիւնը կեանքեր կը խլէ ու Հայաստանի ժողովուրդը իր ապահովութեան երաշխաւորի փնտռտուք կը կատարէ: Կայ բաւական տարածուած համոզում, որ Ռուսիա չի  կատարեր իր` Հայաստանի անվտանգութեան երաշխաւորի դերը, քանի որ սահմաններուն վրայ կատարուած յարձակումներուն ՀԱՊԿ-ը (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութիւն) չի միջամտեր: Կարծէք Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր սահմանները պաշտպանելու պարտաւորութենէն հրաժարած է ու զայն յանձնած Ռուսիոյ ղեկավարութեամբ գործող ՀԱՊԿ-ին, կամ պարզապէս` Ռուսիոյ:

Ռուսիան կը թերանայ, Ռուսիան կը դաւաճանէ, Ռուսիան Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ համաձայնած է ու թոյլ կու տայ Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան դէմ դաւադրութիւններու:

Նմանատիպ վերլուծումները ամէնօրեայ կշռոյթով կը թունաւորեն հանրային կարծիքը: Ռուսիա, բնականաբար, տարածաշրջանին մէջ իր շահերը կը հետապնդէ, իսկ այդ շահերը կ՛ենթադրեն թէ՛ Ազրպէյճանի, եւ թէ՛ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններուն նկատմամբ զգուշաւոր մօտեցում: Հայաստան Ռուսիոյ ռազմավարական դաշնակիցն է, սակայն Ազրպէյճանն ու Թուրքիան Հայաստանի թշնամիներն են (ոչ միայն հակառակորդները), Ռուսիոյ թշնամիները չեն: Ռուսիա չ՛ուզեր տարածաշրջանին մէջ թշնամիներ ունենալ եւ իր շրջափակումը ամբողջացնել: Ուրեմն որդեգրած է խուսանաւումի քաղաքականութիւնը, հաւասարակշռութիւն ստեղծողի պատմուճան հագած` կը փորձէ պահպանել խաղաղութեան ջատագովի իր խախուտ կարգավիճակը:

Այս իրականութիւնը կողմնորոշում փոխելու, քաղաքական նոր արեւելում որդեգրելու համար շարժառիթ կը հանդիսանայ: Արեւմուտքէն լսուող համակրական աղօտ արտայայտութիւնները կարելի՞ է թարգմանել իբրեւ երաշխիք` ստանձնելու Հայաստանի ռազմաքաղաքական պաշտպանի յանձնառութիւնը: Արեւմուտքը, որ Թուրքիոյ դաշնակից է, բազմաթիւ վայրերու մէջ Թուրքիա արեւմտեան շահերուն ներհակ նախաձեռնութիւններու կը դիմէ, ու Արեւմուտքը կը լռէ: Հայաստանի պարագային տարբե՞ր պիտի ըլլայ վերաբերումը: Ռուսիոյ անկատար պաշտպանութենէն հրաժարելու պարագային, ընտրած պիտի ըլլանք ամբողջական անպաշտպանութիւնը ու մեր սահմաններուն վրայ յոխորտացող թշնամին հրաւիրենք երկրէն ներս: Կը բաւէ վերյիշել ամերիկեան-արեւմտեան միջամտութեան արժանացած երկիրներու մէջ թրքական անսանձ ներկայութիւնը ու այդ անբաղձալի ներկայութեան նկատմամբ արեւմտեան բարեացակամութիւնը:

Նման դիրքորոշումներ ռուսասիրութիւն չեն նշանակեր: Եթէ քաղաքականութիւնը կարելիի արուեստն է, մեր կարելին պէտք է ըլլայ Հայաստանի շահերէն բխող գործնապաշտ քաղաքականութիւն մը: Քաղաքական ամէն արեւելում ունի իր գինը. ամբողջ հարցը այդ գինը նուազագոյնի հասցնելու մէջ կը կայանայ: Այսինքն մեր պարագային` պահպանումը ռուսական կողմնորոշման, միաժամանակ Արեւմուտքի հետ ջերմագոյն յարաբերութիւններու մշակմամբ: Դժուար է, սակայն, դիւանագիտութիւնը դժուար կացութիւնները պարզացնելու արուեստն է:

 

 

Նախորդը

Փորձութիւն Եւ Պայքար

Յաջորդը

Մտահոգութեան Մասին Յայտարարութենէ Աւելին

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?