Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

February 8, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել երէկ կէսօրին նախարարութեան կեդրոնին մէջ նախագահեց Ապահովութեան կեդրոնական խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկրին ապահովական իրադարձութիւններն ու հարցերը եւ տրուեցան շարք մը որոշումներ, որոնք կը մնան գաղտնի` ապահովական իրենց բնոյթին պատճառով:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի Ֆրանսա կատարելիք պաշտօնական այցելութեան ընթացքին անոր պիտի միանայ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ, որ արդէն կը գտնուի Փարիզ:

ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանը երկու լիբանանցիներու դէմ բերման ենթարկելու գիրեր արձակեց: Նշեալ քաղաքացիները Արսալէն Սուրիա զէնքի մաքսանենգում կը կատարէին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Զիատ Ասուատ շեշտեց, որ քրիստոնեայ քաղաքացիները ստիպուած չեն իրենց իրաւունքը մուրալու:

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ յայտնեց, որ դատական իշխանութիւնները պէտք է արագացնեն դատավարութիւնները` աւարտելու համար իսլամ արգելափակեալներուն թղթածրարը:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Քատայա Մարքազիա» կայքէջին համաձայն, Հըզպալլայի ղեկավարութիւնը ստանձնելու առումով բանավէճ մը ծագած է Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի եւ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմի միջեւ: Նոյն կայքէջին վրայ տեղադրուած են նաեւ հաստատումներ, որ սէյիտ Նասրալլայի եւ շէյխ Քասեմի միջեւ յարաբերութիւնները խզուած են:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ Լիբանանի ծովային սահմանները քննարկումի նիւթ չեն եւ անոնց շուրջ բանակցութիւններու կարիք չկայ: Ան աւելցուց, որ այդ սահմաններուն առումով Կիպրոս սխալ մը գործած է, սակայն Կիպրոս այդ սխալը սրբագրելու ընթացքին մէջ է: Պասիլ ընդգծեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը փտածութեան դէմ կը պայքարի Իսրայէլի դէմ իր պայքարին ուժգնութեամբ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սպանիոյ դեսպան Խուան Քարլոս Կաֆօ «Լեպանոն Ֆայլզ» կայքէջին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Սպանիա երբեք չի մտածեր հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող սպանական զօրամասին թիւը նուազեցնելու մասին:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատու Անթուան Նասրալլա շեշտեց, որ իրենք երբեք համամիտ չեն խախտելու Լիբանանի սահմանադրութիւնը` աւելցնելով, որ համախմբումի նախարարները կառավարութենէն հրաժարելու մասին չեն մտածեր:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ կառավարութեան տագնապին լուծման առումով կատարուող հաղորդակցութիւնները տակաւին իրենց սկզբնական վիճակին մէջ կը գտնուին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահեր յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութեան նպատակն է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակազմին ծառայել:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան վարուելակերպը կը փաստէ, որ ո՛չ փոփոխութիւն, ո՛չ բարեկարգում, ո՛չ հայրենասիրութիւն եւ ո՛չ ալ ազատութիւն գոյութիւն ունի իր մօտ:

ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի անդամ Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը ձախողութեան կառավարութիւն մըն է, որուն մաս կազմող քաղաքական բոլոր կողմերը պատասխանատուութիւնները  իրարու կը վերագրեն` զանոնք ստանձնելու փոխարէն:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք շեշտեց, որ շրջանին սպառնացող բոլոր մարտահրաւէրներն ու դաւադրութիւնները անհրաժեշտ կը դարձնեն Դիմադրութեան ռազմավարութեան կառչած մնալու կարեւորութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Միշել Սըմահա յայտնեց, որ Ուաշինկթըն կորսնցուցած է շրջանին մէջ իր հետապնդած ռազմավարական նպատակները` աւելցնելով, որ ամերիկեան վարչակազմին նպատակը առաջին իսկ օրէն եղած է Միջին Արեւելքի դէմ սադրանքներու պատրաստութիւնը:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով լիբանանցի նախարարէ մը, կը գրէ, թէ խորհրդարանական մեծամասնութիւնը ներկայացնող քաղաքական ուժերը կառավարութեան դիմագրաւած տագնապին պատասխանատու կը նկատեն հանրապետութեան նախագահ Միշել Սլէյմանը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ խստիւ դատապարտեց ապահովական կարգ մը կառոյցներու կողմնակալութիւնը: Ան անկարելի նկատեց, որ Սուրիոյ մէջ արձանագրուած իրադարձութիւնները Լիբանանի վրայ իրենց հետեւանքները ունենան:

 

 

Նախորդը

«ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԸ ԿԸ ԾԱԾԿԷ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՍԽԱԼՆԵՐԸ» Կ՛ԸՍԷ ՎԱՀԱՆ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ

Յաջորդը

ՄԻՔԱԹԻ – ՀԱԶԻՄ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.