Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կարմիր Գիծերը Քաշուած Համարեցէք

Յուլիս 28, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Դիտեցէք լուսանկարը, որ հատորներու դառն պերճախօսութեամբ մեզի կ՛ըսէ, թէ ո՛վ ենք մենք, ո՛վ է մեր թշնամին, եւ ի՛նչ է այն ուժը, որուն ձեռքերուն մէջ կը գտնուի մեր երկրին ղեկը: Հոս այլեւս նրբերանգներ չկան: Գոյութիւն չունին,  «մեղմացուցիչ դէպք յանցանաց»-ներ, որոնց ետին կարողանաք պահուըտիլ: Թշնամին է, որ օր-ցերեկով կը ժպրհի ձեր արժանապատուութիւնը քուրջի վերածել, եւ դուք ոչինչ ունիք ըսելու:

Թշնամիի խոշտանգումներու զոհը, այս պարագային, Արցախի Հանրապետութեան Մայր Եկեղեցին է, նոյնինքն Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ տաճարը, աշխարհին ծանօթ որպէս Շուշուայ Ղազանչեցոց® Ան գերեվարուած է, սրբապղծուած, անարգուած եւ թշնամիի ամէնօրեայ քմայքներուն ու սատիզմին նշաւակ:

Թշնամին զայն խլեց առանց փամփուշտ մը իսկ վատնելու իր զինապահեստէն: Շուշին եւ իր Սուրբ Ամենափրկիչը (եւ շատ ուրիշ հայրենական տարածքներ) պարզապէս տրուեցան թշնամիին նոյեմբեր 9-ի եռակողմանի յայտարարութեամբ եւ Նիկոլ Փաշինեանի գաղտնի ստորագրութեամբ: Տրուեցան բոլորովին ծածո՛ւկ` Հայաստանի նախագահէն, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարէն, Հայաստանի Ազգային ժողովէն, Հայաստանի դատական իշխանութենէն, Արցախի Հանրապետութեան նախագահէն եւ պետական օրկաններէն եւ ողջ հայ ժողովուրդէն: Տրուեցան նենգ անձնատուութեա՛մբ եւ մէ՛կ անձի պատասխանատուութեամբ` բացէ ի բաց ոտնակոխ ընելով Հայաստանի Սահմանադրութեան կողմէ ճշդուած վարչապետական պարտաւորութիւնները: Յստակացնենք անմիջապէս, որ նոյեմբեր 9-ի եռակողմանի յայտարարութիւնը շատ հեռու է միջպետական համաձայնագիր ըլլալէ: Ան նենգաւոր գործարք մըն է Ալիեւի, Մոսկուայի եւ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ: Եթէ մեր ժողովուրդը պիտի խօսի իր խղճով եւ արժանապատուութեամբ, եւ եթէ մտածէ մեր անկախ պետականութեան դիրքերէն, մեր ժողովուրդը բացարձակապէս պիտի մերժէ նոյեմբեր 9-ի այս լպիրշ թուղթը, դուրս շպրտէ զայն ստորագրող վարչապետը մեր երկրի քաղաքական բեմէն եւ օրինական հետապնդման ենթարկէ զայն առանց պահ մը իսկ դեդեւելու:

Այո՛, այսպէս պէտք էր եղած ըլլար առաջին օրն իսկ, բայց չեղաւ: Փաստը այն է, որ Փաշինեան դուրս չէ դրուած մեր երկրի քաղաքական բեմէն: Ան վերստին դրուած է իշխանութեան դիրքերուն վրայ: Եւ այսօր մենք հարկադրուած ենք հաշուի նստելու մեր ազգային այս մեծ ողբերգութեան հետ: Հիմա հարց տանք մենք մեզի: Ո՞վ է իսկական պատասխանատուն Շուշիի եւ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ գերեվարման ընդվզեցուցիչ փաստին: Ո՞վ է, որ իսկապէս թոյլ կու տայ այս հսկայ անարգանքը` ուղղուած մեր ինքնութեա՛ն: Նիկո՞լն է: Մոսկուա՞ն է: Արեւմո՞ւտքն է: Իրա՞նն է: Իսրայէ՞լն է: Նիկոլի ջատագովական դաշտի կոյր գործիչնե՞րն են: Թէ՞ մեր երկրի ապաքաղաքացինե՛րը, որոնք իրենց անողնայար կեցուածքով եւ անորակելի վարքագծով նիկոլներ կը վերարտադրեն: Թէ՞ մեր երկրի կոտորակուած ընդդիմութի՛ւնն է, որ չի կրնար միաւորուիլ եւ ոտնաքարշ արտաքսել այս օտարոտին մեր հաւաքական կեանքի հարթակէն: Թէ՞ առհասարակ բոլոր անո՛նք, որոնք չեն կրնար կտրել գորդեան հանգոյցը եւ վճռականօրէն բանալ ճամբայ® Ո՞վ:

Նոյեմբեր 9-ի փաստաթուղթը – հակառակ իր ապօրինի կարգավիճակին – այնուամենայնիւ կը շարունակէ գործել իր ճակատագրական աւերը: Ձեռամբ Նիկոլի` ան թշնամիին յանձնեց մեր հայրենիքի կենսական տարածութիւնները եւ դեռ կը շարունակէ յանձնել` ամէն օր աւելի անպաշտպան եւ անպաշտպանելի դարձնելով մեր անկախ պետականութիւնը: Հարց տուէք դուք ձեզի, թէ իսկապէս ի՞նչ բան է այս փաստաթուղթը, որ օրը-օրին կ՛արագացնէ մեր ազգային գահավէժը` մեզ ազգովին մղելով յանցաւոր անգործութեան: Պատասխանը յստակ է: Ան ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ` թշնամիին կողմէ պարտադրուած միակողմանի պայմանագրութիւն մը: Գործարք մը եւ գործիք մը միաժամանա՛կ, որ մեր երկրի իշխանութեան իսկ ձեռքով վերջ կը դնէ մեր անկախ պետականութեան կենսական յենարաններուն եւ օր-ցերեկով կը գրէ մահավճիռը մեր գոյութեան:

Եւ բարացուցական է այն աղաղակող իրողութիւնը, որ յիշեալ փաստաթուղթը նոյնիսկ չէ կրցած լուծել ռազմագերիներու հարցը: Չէ կրցած` քանի որ այս փաստաթուղթը չէ ստեղծուած որեւէ հարց լուծելու հայկական կողմին համար: Ան ստեղծուած է պարզապէս առեւանգելու հայ անկախ պետականութիւնը եւ բռնի հայաթափման տանելու մեր հայրենիքի վերջին այս պատառիկը, որ դարերու ընդմէջէն պահպանուած է անդուլ պայքարներով եւ ծով արեամբ: Նոյեմբեր 9-ի փաստաթուղթը ստեղծուած է մեզ վերածելու անարմատ սփիւռքի եւ անխարիսխ հաւաքականութեան` մեծապետութիւններու այս ովկիանոսին մէջ: Ան ստեղծուած է միանգամընդմիշտ բնաջինջ ընելու մեր անկախութեան աշխարհաքաղաքական հողը:  Նկատի առնելով վերոյիշեալը, մենք կ՛ըսենք` Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ գլխաւորուած պարտութեան այս վարչակարգը չի կրնար ներկայանալ աշխարհին որպէս հայ անկախ պետականութեան հարազատ ձայնը: Ան կապ չունի մեր ազգային գերագոյն շահերուն հետ: Ան կապ չունի մեր ազգային ինքնութեան հետ: Իր քաղաքական էութեամբն իսկ ան գործիքն է թշնամի ուժերուն` կարեւոր չէ, թէ ի՞նչ փետուրներով զարդարուած ըլլայ ան: Կարեւոր չէ, թէ ինչպիսի՛ «մեծամասնութիւն» ան հաւաքած ըլլայ վերջին արտահերթ ընտրութիւններու ընթացքին: Չմոռնա՛լ, որ նման «մեծամասնութիւն» գոյացուցած էր նաեւ այն իսկ իշխանութիւնը, զոր մերժելով, եւ որուն ոտնահետքերով ինք եկաւ իշխանութեան: Այժմէն իսկ յստակ թող ըլլայ պարտութեան վարչակարգի ներկայացուցիչներուն: Իրենց բիւզանդական «մեծամասնութիւն»-ները մեզ չեն տպաւորեր եւ ի վերջոյ պիտի չկրնան խաբել Հայաստանի քաղաքացին: Այդ «մեծամասնութիւն»-ներով դուք միայն յաջողած էք անդամալուծել հայ պետականութեան օրէնսդիր գործընթացը եւ վերջ տուած` բազմակարծութեան

կենսական ռեժիմին: Դուք իրաւազրկած էք ոչ միայն մեր ժողովուրդը, այլեւ ձեր իսկ իշխանութիւնը եւ զայն վերածած տխմար բռնատիրութեան մը, որ կը կապէ միայն ձեր ձեռքերը: Նոյեմբեր 9-ի փաստաթուղթով դուք մեր անկախ պետականութիւնն է, որ տարած էք հաւաքական ինքնասպանութեան, տարած էք գերեվարման եւ այսօր այդ մեծ ռազմագերին է, որ կը հեծէ թշնամիի լուծին տակ: Հետեւաբար, այսօր մեր գործն է շրջել գերեվարման այս եպերելի գործընթացը եւ անգամ մը եւս տէր կանգնիլ մեր խոշտանգուած ժողովուրդին: Մեր գործն է տէր կանգնիլ մեր ազատութեան, մեր անկախութեան, մեր երկրի տարածքային ամբողջականութեան, մեր հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան, մեր պատմական յիշողութեան եւ մեր ազգային արժանապատուութեան: Ինչպէս միշտ` ասիկա մե՛ր գործն է, ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱ՛Ն ԳՈՐԾԸ եւ գործը բոլոր անոնց, որոնք պատրաստ են առանց այլեւայլի դիմագրաւելու մեր երկրի ազատագրման այսօրուան մարտահրաւէրը: Եւ ոչ մէկ շինծու իշխանութիւն կրնայ կենալ մեր եւ մեր պատմական այս առաքելութեան միջեւ:

Հասկնալով հանդերձ մեր հասարակութեան կեանքը բզքտող գոյութենական երկուութիւնները, այնուամենայնիւ մենք կը հաւատանք, որ դասալքութիւնը այլընտրանք չի կրնար ըլլալ մեր ժողովուրդին համար: Մի՛ հաշուէք ատոր վրայ: Մենք կը հաւատանք, որ մեր երկրի քաղաքացին անպայման պիտի ընտրէ զգաստութիւնը: Պիտի ընտրէ քաղաքացիական քաջութիւնը: Ան համակեցութեան պիտի չգայ Փաշինեանի պարտութեան վարչակարգին հետ: Ան պիտի մերժէ պարտութիւնը: Պիտի մերժէ նոյեմբեր 9-ի եռակողմանի դաւը` մէկդի հրելով բոլոր կասկածելի «խնամախօս»-ները: Մեր երկրի հարազատ ինքնութիւնը ներկայացնող քաղաքական ուժերը պիտի կանգնին ոտքի: Պիտի վերախմբուին եւ հիմնովին պիտի մերժեն պարտութեան հետ ապրելու ձեր բոլշեւիկեան դաւանանքը: Անոնք պիտի չյանձնեն մեր երկիրը: Անոնք պիտի չսողան թշնամիին առջեւ: Անոնք գործիք պիտի չդառնան մեծապետութեանց ձեռքին: Անոնք պիտի մերժեն գերութիւնը: Անոնք ետ պիտի բերեն այն ամէն ինչը, զոր դուք տուիք թշնամիին: Այն, ինչ որ դուք տուիք թշնամիին, ձեր իսկ խոստովանութեամբ, ձեզի չէր պատկաներ: Այդ բոլորը կը պատկանին մեզի՛ եւ այդ բոլորը մե՛նք ենք, որ ետ պիտի բերենք: Թէկուզ գերմարդկային զոհողութիւններով, թէկուզ ժամանակի նոր ապառաժներ հալեցնելով, մենք քար առ քար պիտի հոյակերտենք այն երկիրը, ուր – Թումանեանի անմահ բառերով – «ձգտում է մեր հոգին», եւ որուն արժանի են մեր զաւակներն ու թոռները այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեան:

Կարմիր գիծերը քաշուած համարեցէք: Կը կրկնե՛մ: Կարմիր գիծերը քաշուած համարեցէք եւ չկասկածիք, որ Շուշիի մեր սգաւոր տաճարին զանգերը նորէն պիտի ղօղանջեն երկրէ երկիր:

 

 

 

Նախորդը

Արթուրը Մնաց Դիրքում Եւ Մինչեւ Վերջ Մարտնչեց Թշնամու Դէմ. ՀՅԴ ԱԵՄ Միշտ Կը Յիշի Հերոս Ընկերոջը

Յաջորդը

Ազրպէյճանցիները Կ՛ոչնչացնեն Շուշիի Շէնքերը` Փորձելով Խեղաթիւրել Քաղաքին Պատմութիւնը

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?