Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Յուլիս 28, 2021
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

«Երգող Արցախ» Մանկապատանեկան Ծրագիր` Ստեփանակերտի Մէջ

26 յուլիսէն 31 օգոստոս Ստեփանակերտի մէջ պիտի իրականացուի «Երգող Արցախ» խորագիրով համաարցախեան մանկապատանեկան երգչախմբային ծրագիրը:

Ծրագիրին կրնան մասնակցիլ 10-15 տարեկան մանուկներ եւ պատանիներ: Ծրագիրը պիտի տեւէ մէկ ամիս, ամէն օր առաւօտեան ժամը 11-էն կէսօրէ ետք ժամը 1, բացի շաբաթ եւ կիրակի օրերէն:

Հաղորդենք, որ ծրագիրի ղեկավարն է Շուշիի «Վարանդա» մանկական, պատանեկան եւ երիտասարդական պետական երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար Զաքար Քէշիշեանը:

ՀՅԴ Երիտասարդական Միութիւնները Արցախի Պատանիներու Կողքին Են

ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութիւնը,  աշխարհասփիւռ երիտասարդական միութիւններու աջակցութեամբ, Արցախի մէջ կը կազմակերպէ պատանեկան ճամբարներ, որոնցմէ կարելի է յիշատակել Մարտունիի ճամբարը, որուն մասնակցեցան մօտաւորապէս 60, Ասկերանի Նորագիւղ համայնքի ճամբարին` 40, իսկ Մարտակերտի Վանք գիւղին մէջ իրարու քով եկան 30 պատանիներ:

ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Թագուհի Խաչատրեանը կ՛ըսէ, թէ որովհետեւ ամրան օրերուն պատանիները ժամանցի վայրեր չունին, ուրեմն որոշած են անոնց համար մշակել հետաքրքրական եւ դաստիարակչական ծրագիրներ ` խաղեր, մարզական մրցումներ, բայց նաեւ` հայոց պատմութեան կարեւոր դրուագներու ուսուցում: Պատանիները կը սորվին նաեւ ազգային երգեր ու պարեր:

«Այս ծրագիրը շարունակութիւնն է այն ճամբարներուն, որոնք մեր ջանքերով արդէն իսկ իրականացուած են Արցախի զանազան շրջաններու մէջ», տեղեկացուց Թագուհի Խաչատրեանը` աւելցնելով, որ կը նախատեսուի Արցախի այլ շրջաններու մէջ ալ այսպիսի ճամբարներ կազմակերպել, որպէսզի պատանիներուն կեանքը աւելի գունաւոր եւ հետաքրքրական ըլլայ, մանաւանդ` յետպատերազմեան այս դժուար օրերուն:

Համազգայինի Եւ ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան Միացեալ Ձեռնարկը Քոլատակի Մէջ

Վերջերս Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակին եւ ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան միացեալ նախաձեռնութեամբ, Մաղաւուզ գիւղի Համազգայինի ազգային երգի ու պարի խմբակներու երեխաներուն համար կազմակերպուեցաւ արշաւ-շրջապտոյտ` դէպի Մարտակերտի Քոլատակ գիւղին մէջ գտնուող Յակոբավանք:

Նախաձեռնութեան միացան նաեւ Արցախի 44-օրեայ պատերազմին պատճառով տեղահանուած եւ Քոլատակի մէջ վերաբնակեցուած խումբ մը դպրոցականներ, ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի եւ ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան նախաձեռնած «Վերելք» ճամբարի մասնակիցներ:

Նախաձեռնութեան մասնակից երեխաները իրարու հետ ծանօթանալէ ետք ծանօթացան նաեւ Յակոբավանքի պատմութեան, ապա Խաչէն գետի երկայնքով կատարեցին քայլարշաւ եւ սորվեցան տեղանքի մէջ ճիշդ կողմնորոշուելու եւ արգելքները յաղթահարելու հմտութիւնները:

Այցելութեան ընթացքին կազմակերպուեցան նաեւ զարգացման խաղեր, մրցոյթներ, եւ նախաձեռնողներու կողմէ նուէրներ յանձնուեցան Մաղաւուզ ու Քոլատակ համայնքներու դպրոցներուն եւ տեղահանուած դպրոցականներուն:

Նշենք, որ աւարտին Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակին կողմէ Մաղաւուզի ազգային երգի եւ պարի խմբակներուն ուսուցիչները արժանացան շնորհակալագիրներու:

«Ազրպէյճան Չի Դադրեցներ Մշակութային Ցեղասպանութիւնը». Լեռնիկ Յովհաննիսեան

Արցախի` Ազրպէյճանի բռնագրաւած տարածքներուն մէջ մնացած են առաւել քան 1480 յուշարձաններ: Անոնք այնպիսի յուշարձաններ են, զորս կարելի է համարել հայ ճարտարապետութեան ակնառու գլուխ գործոցներ: «Երկիր»-ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին այս մասին յայտնեց պատմաբան, Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի նախկին նախարար, նախկին պատգամաւոր, Արցախի պետական համալսարանի դասախօս, ՀՅԴ Արցախի կառոյցի անդամ Լեռնիկ Յովհաննիսեանը:

Ըստ անոր, Ազրպէյճան չի դադրեցներ մշակութային ցեղասպանութիւնը: Այսօր անհասկնալի ճակատագիր ունին Շուշիի Սուրբ Ղազանչեցոցը, Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչը` Կանաչ ժամը, Գրչավանքի վանական համալիրը եւ բազմաթիւ կոթողներ ու խաչքարեր:

«Այսօր Ազրպէյճան սկսած է իր բռնի իւրացման քաղաքականութիւնը, որ կը շարունակէ Արցախի` իրեն անցած ժառանգութիւնը համարելով աղուանական: Մշակութային ազգասպանութեան քաղաքականութիւնը այսօր վառ արտայայտուած է մեր յուշարձաններու իւրացմամբ` զանոնք համարելով ուտիական: Բոլոր մասնագէտները կրնան միաբերան ըսել, որ ուտիական հետք Արցախ-Ուտիք պատմական նահանգներուն մէջ գոյութիւն չէ ունեցած, եւ Ազրպէյճան ամէն ինչ կ՛ընէ, որպէսզի աղաւաղէ այդ եկեղեցիները, անոնց տեսքը, Շուշիի պարագային` զայն համարէ ուղղափառ` հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութիւն ստեղծելով, մինչ իրականութիւնը այն է, որ ինքնին Շուշիի մէջ 1960-70-ականներուն Շուշիի ռուսական ուղղափառ եկեղեցին իրենք քանդած են եւ տեղը կառուցած էին մշակոյթի տուն», ըսաւ Լեռնիկ Յովհաննիսեանը:

Ան յայտնեց, որ Շուշիի Սուրբ Ղազանչեցոցը եւ Կանաչ ժամը վերանորոգման անուան տակ փակուած են, Ղազանչեցոց Ամենափրկիչի գմբէթը հանուած է, սկսած է իւրացման քաղաքականութիւնը:

«Ազգասպանութեան կողքին, կայ ուրիշ քաղաքականութիւն ալ` հայկական վիմագիր արձանագրութիւններու ոչնչացումը: Ալիեւը իր մէկ այցելութեան ժամանակ ցոյց տուաւ նաեւ մեր` 1682 թուականին կառուցուած` Հադրութի շրջանի Ծակուռի գիւղի Ծաղկավանք եկեղեցւոյ յայտնի արձանագրութիւնը: Փակ է այդ ամէնը, բայց յստակօրէն կրնանք ըսել, որ ուշ չէ այն պահը, երբ հայկական վիմագիր արձանագրութիւնները, հայկական պատմական ճարտարապետական յուշարձանները կը վերանան, ինչ որ նաեւ կատարած են անցեալին: Օրինակ` Քաշաթաղի շրջանի Քաշունիքի հանրայայտ Լալազարի կամուրջի վիմագիր արձանագրութիւնը քերած-հանած են», դիտել տուաւ Արցախի մշակոյթի նախկին նախարարը:

Ան նկատել տուաւ, որ արձանագրութիւններուն մէկ մասն ալ  թշնամին կը վերացնէ պայթեցնելով զանոնք եւ կորսնցնելով հայկական հետքը: Բազմաթիւ ժայռապատկերներ եւ յուշարձաններ ալ, որոնք 1920-ականներու Խորհրդային Հայաստանի քարտէսով պէտք է մեզի մնային, անհասկնալի հանգամանքներով յայտնուած են թշնամիին վերահսկողութեան տակ: Օրեր առաջ ալ Շուշի այցելեցին Ազրպէյճանի մէջ գործող միջազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներ եւ դեսպաններ: Արդեօք անոնք չնկատեցի՞ն հայկական քրիստոնէական յուշարձանները, զորս թշնամին պղծած է եւ կը շարունակէ պղծել:

«Ցաւօք սրտի, մշակոյթն ալ դարձած է քաղաքականութեան մէկ մաս: Այսօր միջազգային կազմակերպութիւնները, որոնք կոչուած են զբաղելու համաշխարհային ժառանգութեան պահպանութեամբ, իրենց տեղը չեն եւ դերը չեն կատարեր: Առաւել եւս, եթէ խօսքը կը վերաբերի դեսպաններուն, որոնք ունին նաեւ քաղաքական շահախնդրութիւններ` Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կապուած, բնականաբար անոնք աչք կը փակեն ամէն ինչի: Քաղաքական եւ տնտեսական շահերը շատ աւելի կարեւոր են իրենց համար, քան` հայկական եկեղեցիներու խեղաթիւրումը, աւերումը, պղծումը», ըսաւ Լեռնիկ Յովհաննիսեանը:

Հայաստանի Մէջ Լոյս Տեսած Է Հրանդ Տինքի Յիշատակին Նուիրուած Ժողովածուն

Երեւանի մէջ «Անտարես» հրատարակչութիւնը հրատարակած է պոլսահայ մտաւորական Հրանդ Տինքի մասին պատմող ժողովածուն` «Մեր ներսի հայը (1915-2015)» խորագիրով:

Գիրքին թրքերէն տարբերակը կազմած է Եիղիթ Պեները: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով կազմուած այս ժողովածուն կ՛ընդգրկէ Թուրքիոյ մէջ ճանչցուած 35 մտաւորականներու գործեր, որոնց հեղինակները ո՛չ միայն կ՛ընդունին Եղեռնի փաստը, այլեւ կը փորձեն գտնել իրենց «ներսի հայը» ամէնէն տարբեր ժանրերու միջոցով` կարճ արձակէն մինչեւ բանաստեղծութիւն, հրապարակախօսութենէն մինչեւ յուշագրութիւն:

Գիրքը իր գաղափարով եւ ընդգրկումով բացառիկ է, կազմուած է յայտնի գրող եւ թարգմանիչ Եիղիթ Պեների նախաձեռնութեամբ եւ հրատարակուած` Թուրքիոյ մեծագոյն հրատարակչութիւններէն մէկուն` «Ճան»-ի կողմէ:

Հաղորդենք, որ ժողովածուին հայերէն հրատարակութեան նախաձեռնողն է հայաստանցի Արմէն Օհանեանը, իսկ խմբագիրներն են Զաւէն Պոյաճեանը եւ Արմէն Օհանեանը: Ժողովածուին թարգմանական աշխատանքը կատարած են թարգմանիչներ` Նարինէ Թադէոսեան, Արփի Աթաբէկեան, Անի Սարուխանեան, Արտակ Շաքարեան, Վարդուհի Պալեան, Տաթեւիկ Սարգսեան եւ Սաթենիկ Պետրոսեան, իսկ համաթարգմանիչներն են` Գայիանէ Այվազեանը եւ Նարեկ Սեֆերեանը:

44-Օրեայ Պատերազմին Մասնակցած Եկեղեցականներուն Պարգեւաբաշխութիւն

15 յուլիսին, հանդիսապետութեամբ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին, Ս. Գայիանէ վանքին մէջ կատարուեցաւ Հանրապետական մաղթանքի արարողութիւն` հայրենիքի խաղաղութեան եւ ապահովութեան համար, նաեւ տեղի ունեցաւ արցախեան 44-օրեայ պատերազմին մասնակցած եկեղեցականներու պարգեւաբաշխութիւն:

Յայտնենք, որ արարողութեան ընթացքին կարդացուեցան հայրապետական սրբատառ կոնդակները, այնուհետեւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին կողմէ «Ս. Ղեւոնդ Երէց» նորահաստատ շքանշանով պարգեւատրուեցան` յատուկ յանձնարարութիւններով հայրապետական նուիրակ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանը, Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արք. Աջապահեանը, Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեանը, Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ եպս. Գալստանեանը, Արագածոտնի թեմի առաջնորդ Մկրտիչ եպս. Պռօշեանը, Ռումանիոյ թեմի առաջնորդ Տաթեւ եպս. Յակոբեանը, Հայաստանի զինուած ուժերու հոգեւոր առաջնորդ Մովսէս վրդ. Սարգսեանը, Արցախի թեմէն Սահակ վրդ. Շաքարեանը, Գեղարդ աբղ. Յովհաննիսեանը, Անդրէաս քհնյ. Թաւադեանը եւ Յովհաննէս քհնյ. Յովհաննիսեանը, Ս. Գեղարդավանքէն Արիս աբղ. Տօնոյեանը, գնդերէցներ` Հրաչեայ սրկ. Ղազարեանը, Գոռ սրկ. Գիւրջեանը, Յովհաննէս սրկ. Անդրեանը, Արտաշէս սրկ. Ներսիսեանը, Մանաւազդ սրկ. Մկրտչեանը, Վահէ սրկ. Մկրտչեանը, Մկրտիչ սրկ. Տէր Մկրտչեանը, Կարօ սրկ. Ղարիբեանը եւ Հրայր սրկ. Լալայեանը:

Այս առիթով հայրապետական օրհնութեան գիրեր շնորհուեցան նաեւ Մայր Աթոռին, թեմերուն եւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան զինուած ուժերու հոգեւոր առաջնորդութեան մէջ սպասաւորող 38 եկեղեցականներու:

Մարտակերտի Մէջ Կը Շարունակուին Վնասուած Շինութիւններու Վերականգնման Աշխատանքները

Արցախի Մարտակերտ շրջանին մէջ կը շարունակուին պատերազմի գործողութիւններուն իբրեւ հետեւանք վնասուած շէնք-շինութիւններու վերականգնողական, վերակառուցման եւ տանիքներու վերականգնման աշխատանքները:

Մարտակերտի շրջանին մէջ 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին արձանագրուած են վնասուած 500 շինութիւններ, որոնցմէ 189-ին շինութիւնը ընթացքի մէջ է, իսկ 89-ին մէջ արդէն աշխատանքները աւարտած են:

Շինարարական աշխատանքներ կը կատարեն ընդհանուր առմամբ 30 կազմակերպութիւններ, իսկ որակի հսկողութիւնը կը կատարեն Արցախի քաղաքաշինութեան նախարարութեան շինարարութեան վարչութեան մասնագէտները:

 

 

Նախորդը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Յովսէփ Էմին Հրամանատար Լեզգի Կռուող Ուժերուն Եւ Արցախի Ազատագրական Շարժման Պատրաստութիւններ

Յաջորդը

Արթուրը Մնաց Դիրքում Եւ Մինչեւ Վերջ Մարտնչեց Թշնամու Դէմ. ՀՅԴ ԱԵՄ Միշտ Կը Յիշի Հերոս Ընկերոջը

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում
Հայրենի Կեանք

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?