ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Վանուհի Փանոյեան եւ զաւակունք (Ֆրանսա)
Տէր եւ տիկին Տենի Փանոյեան եւ զաւակունք (Ֆրանսա)
Հանգուցեալ Ասատուր Փանոյեանի ընտանիքը
Տէր եւ տիկին Խաչիկ Փանոյեան եւ զաւակունք (Ֆրանսա)
Տէր եւ տիկին Հրայր Գալայճեան եւ զաւակունք (Ֆրանսա)
Տէր եւ տիկին Յակոբ Գարավարդանեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Կարօ Գույումճեան եւ զաւակունք (Քանատա)
Փանոյեան եւ Գույումճեան ընտանիքներ
Գալայճեան եւ Մութաֆեան ընտանիքներ
Կիրակոսեան եւ Քէշիշեան ընտանիքներ
Գարակէօզեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, եղբօր, հօրեղբօր, քեռայրին եւ հարազատին`
ԳՐԻԳՈՐ ՓԱՆՈՅԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 24 յուլիս, 2021-ին , Ֆրանսա:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի չորեքշաբթի, 28 յուլիս 2021-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Պոմոնի հայ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ, Մարսէյ:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
—————————————
ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԺԱՄԵՐԳՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԿԱՐԳ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ
ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ՆՈՐՈԳԵԱԼ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
Ի գիտութիւն հաւատացեալ մեր ժողովուրդին, այսու պաշտօնապէս կը տեղեկացնենք, որ նախագահութեամբ թեմիս բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ արք. Փանոսեանի եւ մասնակցութեամբ թեմիս քահանայ հայրերուն, շաբաթ, 31 յուլիս 2021-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ պիտի կատարուի Կիրակմուտքի ժամերգութիւն, որուն աւարտին տեղի պիտի ունենայ նաեւ նորոգեալ եկեղեցւոյ Օրհնութեան կարգ:
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ մեր ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու հոգեպարար արարողութեան:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
«ՓՈՒՆՋԵՐ. ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՊԱՏՄՈՒԱԾՔՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔԱԾՈՅ»
Հեղինակ` ՍԵԴՐԱԿ ԶԱՒԷՆ
Հետաքրքրուողները կրնան հեռաձայնել 81-448027 թիւին, օրդ. Յասմիկին:
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաստատութիւն մը կարիքը ունի քարտուղարուհիի մը: Դիմել` հեռ. 03-412442:
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հաստատութիւն մը կարիք ունի վարպետ կաղապարագործներու (թորնոճի): Դիմել` հեռ. 03-244967: