Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Յուշեր (16)

Յուլիս 27, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Համագումարի երրորդ  եւ վերջին օրն էր:

Անոնք կ՛ընթանային նոյն անորոշութեան մէջ, որ ի յայտ կու գար ժողովականներու գրեթէ անկապակից ելոյթներու ընթացքին, որ օրակարգային ամէն հասկացողութենէ զուրկ էր:

Համագումար. վերջին նիստը: Առաջին շարք, աջ ծայրին` Սեւտա Սեւան:

Ըստ սովորութեան, Դալլաքեան հրաւիրած էր կարգ մը ծանօթ մտաւորականներ` բարձրացնելու համար հանդիպումներուն վարկը եւ քիչ մը լիցք ու բովանդակութիւն ներարկելու համար անոնց: Այն օրուան հիւրերն էին Սիլվա Կապուտիկեանը եւ Ռազմիկ Դաւոյեանը, որոնք, իրենց կարգին, շատ աւելի տարուած էին օրուան անցուդարձերով եւ Հայաստանը ընկճող առօրեայ հոգերով, որոնց անմիջական ազդեցութեան տակն էին բոլորը:

Եկաւ պահ մը, երբ Սեւտա Սեւան դիմեց Դաւոյեանին.

– Ասա՛, Ռազմի՛կ, վերջին անգամ ե՞րբ գրիչդ ձեռք առիր գրականութեան հաշուոյն…

Որուն Դաւոյեան չկրցաւ յստակ պատասխան մը տալ, բաներ մը  մռլտաց, աջ ու ձախ նայեցաւ ու լռեց, կարծես ժամանակէն դուրս կ՛ապրէր ու մոռցած էր զայն:

– Ես տարիէն աւելի է մէկ տող չեմ գրած,- իր մասին վկայեց Սեւտա Սեւան:

Կը յիշեմ, որ  այն օրը  խօսք առաւ նաեւ Կապուտիկեանը: Ան ի միջի այլոց պատմեց, թէ ինչպէ՛ս անցեալին արտասահման հրաւիրուած մտաւորականին կը թելադրուէր, թէ ո՛ր շրջանակին  պարտի մօտենալ եւ ո՛ր մէկէն` խուսափիլ:

Այս կէտին հասած` կարգ մը պատգամաւորներ  որոշակի վրդովեցան եւ յայտնեցին իրենց վերապահութիւնը, չըսելու համար` դժգոհութիւնը:

Ժողովը շօշափելի ձեռքբերումով մը փակելու  հեռանկարով Դալլաքեան, միշտ հաւատարիմ  միասնական յանձնախումբ մը կազմելու գաղափարին, գրպանէն հանեց  այս նպատակով  կազմուած անուններու  ցանկ մը` առ ի քուէարկութիւն:

Ժողովականները, իրենք` նշանակեալ պատգամաւորները ներառեալ, առարկեցին, թէ իրենք լիազօրուած չեն   նման քուէարկութիւն մը կատարելու թէ` պէտք է վերադառնան իրենց  վարչութիւններուն, զեկուցեն այս բոլորը, եւ վարչութիւններն է, որ պարտէին  կայացնել վերջնական որոշումը:

Այս տրամաբանութեամբ ալ փակուեցաւ  ժողովը:

Վարչակարգային վերահաս փոփոխութիւնն  ու անկախութիւնը բոլորովին մոռցուցին այդ համագումարն ու անոր ծիրէն ներս առնուած տարտամ յանձնառութիւնը, հրապարակէն հեռացաւ ինքը` Դալլաքեանը եւս, որ գլխաւոր նախաձեռնողն էր այդ բոլորին:

 

* * *

 

Ռաֆայէլ Իշխանեան

Այն օրը ընթրիքին Եափուճեան յայտնեց, որ  պէտք է հանդիպիլ Ռաֆայէլ Իշխանեանին ու անոր յանձնել կարգ մը գիրքեր (իմա` «արգիլուած գրականութիւն»): Եւ հրաւիրեց զիս ընկերանալու իրեն:

– Թող չկարծէ, որ անհատական նախաձեռնութիւն  մըն է այս եղածը:

Մեծ հաճոյքով ընդառաջեցի, որովհետեւ այն տարիներուն Իշխանեան համահայկական ժողովրդականութեան արժանացած էր  շնորհիւ իր հայագիտական  աշխատութեանց ու ինչպէս նաեւ` այն սուր պայքարին,  որ, հակառակ իր դասախօսի հանգամանքին, կը մղէր ի նպաստ մեսրոպեան ուղղագրութեան վերահաստատումին ու հայերէնի մաքրման` օտար խորթ բառերու հեղեղէն: Անոր սփիւռքահայ ուսանողները կը պատմէին,  թէ ինչպէս իր բառամթերքին  անուշադիր ուսանողը  կը ձախողէր քննութեան`  օտար բառ կիրարկած ըլլալու պատճառով:

Եւ հիմա առիթը կը ներկայանար զայն ճանչնալու յականէ-յանուանէ:

Ռաֆայէլ Իշխանեան Բանակային տարիներուն

Կառքը հանդարտ կը յառաջանար ցուրտ ու մութ փողոցներէն` չհաշուած աստ-անդ պլպլացող հատուկենտ  տժգոյն լամբերը:

Երբ կը փորձէինք հասցէ տալ,  «պէտք չի, ես լաւ եմ ճանաչում  նրան», վրայ բերաւ վարորդը եւ քիչ ետք  կանգ առաւ  շէնքի մը առջեւ.

– Է՛ս ա:

Հրահանի ու լուցկիի լոյսով բարձրացանք ու զարկինք զանգը:

Դուռը բացաւ միջահասակ, նրբակազմ, ալեխառն մազերով  տղամարդ մը, որ ինքն էր:

Տրուած ըլլալով դուրսի ցուրտը` ան իսկոյն ու մեքենաբար ներս հրաւիրեց մեզ:

Թեթեւօրէն լուսաւորուած սենեակ մըն էր, որուն մէկ անկիւնը կին մը` նոյնինքն տիկին Իշխանեանը,  գետինը նստած, հիւսք կը գործէր լուսամփոփի մը կից: Մեզ տեսնելով` ժպիտով մը մօտեցաւ եւ սպասողական կանգնեցաւ  երկու քայլ անդին:

– Բարի՛ եկաք,- ըսաւ  Իշխանեան` վաղեմի  բարեկամի մը պարզութեամբ ու մտերմութեամբ, որ յատուկ է հանրային դէմքերու, առաւել եւս` դասախօսներու, որոնք ենթադրուած են ամէնքէն ճանչցուած ըլլալ եւ ամէնքին պատկանիլ հաւասարապէս:

Եափուճեան փութաց ներկայացնել մեզ եւ այցելութեան նպատակը:

Իշխանեան ինք անցաւ շատ պզտիկ սեղանի մը շուրջ եւ հրաւիրեց մեզ նստելու իր դէմ, ուր դրուած էին երկու աթոռներ, կարծես  գիտէին, որ երկու այցելու պիտի ունենան:

Եւ առաջին խօսքը եղաւ.

– Եթէ քառորդ ժամ առաջ գայիք, Վազգէնը այստեղ էր:

Վազգէնը Մանուկեանն էր, որ իր փեսան կ՛ըլլայ,  եւ որուն անունը ամէն տեղ էր այն օրերուն, հաւանաբար` ամէնէն աղմկարարը եղածներուն մէջ:

* * *

Ոչինչ գիտէի Իշխանեանի մասին, որքան ալ կարդացած ըլլայի անոր մէկ քանի գործերը, մասնաւորաբար` «Արդի հայերէնի  շարահիւսութիւն»-ը եւ ուղղագրական կարգ մը պրակները, սակայն բաւական լսած էի կնոջը մասին, որ հիմա վերադարձած էր իր բազմոցին վրայ ու կը շարունակէր  հիւսել` մերթ ընդ մերթ ժպտագին նայելով հիւրերուս ուղղութեամբ: Եւ մինչ ամուսինը  կը խօսէր,  ես մտովի կը վերականգնէի մանրամասները այն ողբերգութեան, որ ապրած էր այս կինը կեանքի արշալոյսին:

Ան աղջիկն էր յայտնի մարզիկ Վահան Չերազի, եղբօրորդին` Մինաս Չերազի, որ Եղեռնէն առաջ  Պոլսոյ մէջ հիմնած էր  ՀՄԸՄ-ը, մարզական ակումբ մը եւ եղած էր առաջինը, որ օտար խումբեր հրաւիրած էր Պոլիս` հիւրախաղերու: Եղեռնին ան կ՛անցնի Կովկաս, կը միանայ Անդրանիկի կամաւորական խումբին ու կը մասնակցի անոր բոլոր մարտերուն` մինչեւ 1919: Այս թուականին  Նիկոլ Աղբալեանի առաջարկով կը հաստատուի Ալեքսանդրապոլ (Գիւմրի) ու կը ստանձնէ հայ որբերու դաստիարակութիւնը: Աւելի ուշ  կը մասնակցի Փետրուարեան ապստամբութեան եւս, սակայն` առանց լքելու երկիրը: Ատեն մըն ալ կը ծառայէ  Ամերիկեան նպաստամատոյցին… այս բոլորը կը յանգեցնեն անոր ձերբակալումին եւ  աքսորին դէպի Սիպերիա: Ուրկէ կը վերադառնայ  քանի մը տարի ետք, սակայն վերստին կը ձերբակալուի  եւ իբրեւ ազգայնական` կը գնդակահարուի 1928-ին: Իսկ 1937-ին կը գնդակահարուի կինն ալ` Վարդանուշը, որ ետին կը ձգէ անչափահաս աղջիկ մը` Բիւրակնը` 10 տարեկան: Սա կ՛որդեգրուի  մօրեղբօրը կողմէ  ու կը փրկուի` մականունը վերածելով Անդրէասեանի, աւելի ուշ դառնալու համար տիկին Բիւրակն Ռաֆայէլեանը,  վաստակաւոր բանասէր ու մանկավարժ, որ հիմա,   քանի մը մեթր անդին բազմած, մեղմիւ կը  ժպտի ու կը հիւսէ (1):

Նուազ վիպական չէ եղած կեանքը ամուսինին եւս:

Ծնած 1922-ին` ութ տարեկանին  կը կորսնցնէ մայրը, իսկ 1937-ին կը գնդակահարուի հայրն ալ: Հակառակ այս դառնութեան ու անտիրութեան` ան  կը յաջողի համալսարանական կրթութիւն ստանալ,  բայց կը ստիպուի ընդմիջել զայն  ու կը մեկնի ճակատ Հիթլերի հորդաներուն դէմ, կը վիրաւորուի ու գերի կ՛իյնայ, սակայն կը յաջողի փախչիլ` հակառակ թեթեւ կաղութեան մը, որ կը մնայ մինչեւ մահը, ու շարունակել պատերազմը մինչեւ վերջնական յաղթանակ:

Այս բոլորը պէտք է իրենց խոր կնիքը դրած ըլլային անոր հոգիին վրայ:

* * *

Երբ յաջողեցայ կտրուիլ  անցեալի տխուր պատմութիւններէն ու կեդրոնանալ իր պատումին վրայ. ան մաղէ կ՛անցընէր հայ-ռուս  յարաբերութիւններու վերջին  300-ամեայ այնպիսի մանրամասնութիւններ, որ կ՛անգիտանայինք հասարակ մահկանացուներս:

Կը խօսէր մեղմ, հատ-հատ արտասանելով բառերը, որպէսզի անոնցմէ ոչ մէկը կորսուէր, կարծես գտնուէր լսարանի մը մէջ, ուր  կը ջանար  անմնացորդ հասկցուիլ իր ուսանողներէն: Նկատելի էր անոր ամուր  կառչածութիւնն ու թաքուն շահագրգռութիւնը մատուցած նիւթին հանդէպ: Այդպէս ալ կը բացատրուէր մեզ տպաւորելու ու համոզելու ճիգը:

Մեր այցելութիւնը տեւեց մօտաւորապէս երկու ժամ:

Այս ամբողջ ժամանակին հազիւ տասը վայրկեանը բաժին ինկաւ մեզի, մնացեալը  ինք խլեց ամբողջութեամբ`  մանրամասն լուսաբանելու համար մեզ, թէ ինչպէս  այդ երեք դարերու  ամբողջ տեւողութեան մեր միակ թշնամին եղած են ռուսերը, որոնց վերագրեց մեր ազգային ամբողջ ողբերգութիւնը:

Այնքան համոզուած էր ըսածներուն ու վաւերականութիւն  կը դնէր  շեշտին մէջ, որ պապանձած էինք երկուքս ալ,  եւ ոչ մէկ տեղիք ունէինք  հակաճառելու:

Հրաժեշտ առնելէ ետք անդրադարձայ երկու բանի.

–  Ան  ոչ մէկ ատեն ժպտեցաւ:

– Եւ ոչ մէկ անգամ արտասանեց թուրքերուն անունը:

armenag@gmail.com

Վահան Չերազի արձանը (Գիւմրի)` համանուն պողոտային վրայի պուրակին մէջ:

(1).- Անկախութենէն ետք Գիւմրիի մէջ կանգնեցին անոր կիսանդրին, պողոտայ մը ու անոր կից պուրակը կոչուեցաւ Վահան Չերազի անունով, իսկ 2018-ին ՀՄԸՄ-ը այդ նոյն պուրակին մէջ կանգնեց անոր արձանը` փառատօնի մը առիթով, որուն կը մասնակցէին 1200 ՀՄԸՄ-ականներ: Այդ առթիւ խօսք առին` քաղաքապետ Սամուէլ Բալասանեանը, ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանը եւ 91-ամեայ Բիւրակն Չերազ-Իշխանեանը:

 

 

Նախորդը

Ֆանարի Մէջ Ընթացք Առաւ Լէյլաւանի Ամառնային Դպրոցը

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Առցանց Լսարան 33-ի Հետքերով

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Նոր Աշխարհակարգին Ընդառաջ

Մայիս 21, 2025
Հաւաքական Յաղթանակ
Անդրադարձ

Հաւաքական Յաղթանակ

Մայիս 21, 2025
Դաշնակցութիւնը Յաղթեց
Անդրադարձ

Դաշնակցութիւնը Յաղթեց

Մայիս 21, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?