Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Զարթօնքի Մամլոյ Հաղորդագրութիւնը` Վճռաբեկ Ատեանի Հայ Զինուոր Սեւակ Պալըքճըի Սպանութեան Մասին Կայացուցած Որոշումին Առնչութեամբ

Յուլիս 24, 2021
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

24 ապրիլի 2011-ին Սեւակ Պալըքճը սպաննուեցաւ Քըվանչ Աղաօղլուի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան 96-րդ տարելիցին, երբ իր պարտադիր զինուորական ծառայութիւնը կը կատարէր Պաթմանի Քոզլուք շրջանին մէջ:  Հրանդ Տինքի սպանութենէն չորս տարի ետք մէկը մեզ` հայերուս կը յիշեցնէր իրենց հարիւրամեայ ցեղասպանութեան յիշողութիւնը: 10-ամեայ դատավարութեան աւարտին ոճրագործ Քըվանչ Աղաօղլու Վճռաբեկ ատեանին որոշումով 16 տարի 8 ամիս բանտարկութեամբ պատժուեցաւ, որ ձայներու մեծամասնութեամբ վերջնականօրէն յայտարարուեցաւ 13 յուլիս 2021-ին: Հակառակ անոր որ Սեւակ Պալըքճը սպաննուած էր դիտաւորեալ կերպով, Վճռաբեկ ատեանը հաստատեց ոճրագործի պատիժի մեղմացումը` պատճառաբանելով, որ ոճրագործը գործած է հաւանական դիտաւորութեամբ:

Սեւակ Պալըքճըի սպանութենէն ետք պարզուեցաւ, որ հրամանատարները երկու հակասական տեղեկագիր պատրաստած են` մէկուկէս ժամ տարբերութեամբ: Առաջին տեղեկագիրին մէջ գրուած էր, որ ոճրագործ Աղաօղլու զէնքը ուղղած է դէպի Սեւակ, իսկ երկրորդին մէջ, որ պատրաստուած էր ոճրագործի պաշտպանութեան համապատասխան, Սեւակ մահացած է «անզգուշօրէն»: Սպանութենէն ետք հրամանատարները փորձեցին փակել դէպքը` առանց յանցագործութեան դէպքի վայրի հետաքննութեան: Վկաներէն Հալիլ Էքշի իր առաջին յայտարարութեան մէջ ըսաւ, որ ոճրագործ Քըվանչ Աղաօղլու դիտաւորեալ սպաննած է Սեւակ Պալըքճըն, բայց յետոյ փոխեց  իր յայտարարութիւնը եւ ըսաւ, որ դէպքը տեղի ունեցած է անզգուշութեամբ, եւ ոճրագործն ու Սեւակը կը  կատակէին: Վկայ Հալիլ Էքշի դատուեցաւ եւ պատժուեցաւ կեղծ ցուցմունքներու համար:  Վկայ Հալիլ Էքշի եւ  ընտանիքը պնդեցին, որ ճնշում  գործադրուած է իր ընտանիքի եւ իր վրայ, որպէսզի ցուցմունք տան ոճրագործի օգտին:

Տիարպեքիրի օդուժի հրամանատարութեան 2-րդ զինուորական դատարանը որոշում կայացուց, որ Սեւակ Պալըքճը անզգուշօրէն սպաննուած է, եւ ոճրագործը դատապարտեց 4 տարի 5 ամիս ազատազրկման: Նոյն օրը Սեւակ Պալըքճըի մայրը` Անի Պալըքճը, իր նամակին մէջ գրած էր հետեւեալը. «Երանի վերջ գտնէր այն մտայնութիւնը, որ կը մտածէ, թէ հայ մը սպաննելով կարելի է հերոս դառնալ»:

Պալըքճը ընտանիքը  վճռական պայքար կը մղէր եւ երբեք չէր դադրեցներ արդարութեան պահանջը: Սեւակի հայրը` Կարապետ Պալըքճը, ըսած էր հետեւեալը. «Երբ մենք կ՛երթայինք որոշ տեղեր, ոմանք կ՛ըսէին. «Մենք քեզի կը զօրակցինք», բայց երբ օգնութիւն կը պահանջէի, կը տեսնէի, որ այնտեղ ոչ ոք կայ: Ես մինակ եմ:  Ես կ՛ուզեմ, որ մեր թիկունքին գտնուող մարդիկ քիչ մը մեզի հետ ըլլան, սեղմեն մեր տան դրան զանգակը:  Մնացինք մինակ: Միւս կողմէ, այո՛, մենք որոշ տեղեր մինակ չէինք, մեր ընկերներէն մի քանին եկած էին  Տիարպեքիր եւ կ՛աջակցէին մեզ:  Ես ամէնէն շատ շնորհակալ եմ Նոր զարթօնքին: Շնորհակալ եմ Կարօ Փայլանին, Ժաքլին Չելիքին, ես կը ցանկանայի շնորհակալութիւն յայտնել բոլորին, որոնց անունները հիմա չեմ յիշեր»:

24 ապրիլի 2019-ին Սեւակ Պալըքճըի գերեզմանին մօտ տեղի ունեցած ոգեկոչման ընթացքին Նոր զարթօնքի անունով  ելոյթ ունեցաւ Ալեքսիս Քալք. «Սեւակի ոճրագործները դեռ չեն ստացած անհրաժեշտ պատիժները: Ցաւօք, արդարութեան համար պայքարը դեռ կը  շարունակուի Սեւակի եւ բոլոր ճնշուածներուն համար: Դեռ խաղաղութեան, եղբայրութեան լեզու չէ հաստատուած մեր երկրին մէջ: Ցաւօք, ոճրագործներու լեզուն գերակշռող է մեր երկրին մէջ: Այս իրավիճակը խորապէս կը տխրեցնէ մեզ: Այս լեզուն կ՛արգիլէ, որ արդարութիւն հաստատուի: Մենք պիտի շարունակենք մեր պայքարը յանուն արդարութեան, հաւասարութեան եւ եղբայրութեան բոլոր ճնշուած մարդոց, Սեւակ Պալըքճըի, Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն համար: Շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր անոնց, որոնք կը պայքարին նորածինէն ոճրագործ ստեղծող խաւարին դէմ»: Ալեքսիս Քալք այս ելոյթին պատճառով բերման ենթարկուեցաւ: Հարցաքննութենէն ետք ազատ արձակուեցաւ:

Ինչպէս այսօր, տասը տարի առաջ ալ, պետութիւնը վառ կը պահէր ատելութիւնն ու թշնամութիւնը տարբեր ազգային ինքնութիւններու նկատմամբ: Զինուորներու կասկածելի մահուան դէպքեր իրարու կը յաջորդէին: 2012-ին սպայակոյտի հրամանատարութեան կողմէ կատարուած յայտարարութեան համաձայն, վերջին տասը տարուան ընթացքին 934 մարդ անձնասպան եղած էր: Իրենց ազգային ինքնութեան, հաւատքի, քաղաքական հայեացքներու պատճառով խոշտանգուած եւ սպաննուած զինուորներու սպանութիւնները կը ծածկուէին թատրոնով, որուն կը մասնակցէին զինուորական դատարանները, իսկ սպանութիւնները կը մնային անպատիժ:

Այս երկրին մէջ, ուր դատարանի դահլիճները վերածուած էին թատրոններու, մենք կազմակերպուած պայքար մղեցինք, որպէսզի բացայայտուի ճշմարտութիւնը եւ այս ատելութեան յանցագործութիւնը չմնայ անպատիժ: Դատավարութիւններու ընթացքին Պոլսոյ եւ Տիարպեքիրի մէջ միաժամանակ բողոքի ցոյցեր եւ մամլոյ յայտարարութիւններ կազմակերպեցինք` պահանջելով արդարութիւն: Հրապարակ իջանք զօրակցելու համար Պալըքճը ընտանիքին հետ, որպէսզի Սեւակ Պալըքճը չմոռցուի, ուրիշ սեւակներ չսպաննուին: Մենք միշտ ջանք թափեցինք, որպէսզի նիւթը մնայ հասարակութեան օրակարգին վրայ, եւ փորձեցինք Թուրքիոյ Ազգային խորհրդարանը  տեղեակ պահել այս գործէն:

Ոճրագործը պատժուեցաւ: Գոնէ մէկ ատելութեան յանցագործութիւն այս անգամ անպատիժ չմնաց: Պալըքճը ընտանիքի վճռական կեցուածքը, արդարութեան պահանջը եւ կազմակերպուած պայքարը դրական դեր խաղացին: Եւս մէկ անգամ մենք տեսանք, որ մեզ այլ բան չի մնար, քան կազմակերպուած պայքար մղել ատելութեան դէմ եւ իրարու զօրակցիլ:

Մենք յարգանքով եւ երախտագիտութեամբ կը յիշենք բոլոր անոնք, որոնք, Պալըքճը ընտանիքը մինակ չթողուցին. յատկապէս Տիարպեքիրի փաստաբաններու միութեան նախագահ Թահիր Էլչին, որ սպաննուեցաւ 28 նոյեմբեր 2015-ին, երբ խաղաղութիւն կը պահանջէր մամուլի յայտարարութեան մը ընթացքին:

Սեւակ Պալըքճըն պիտի չմոռցնենք:

ՆՈՐ ԶԱՐԹՕՆՔ

 

 

Նախորդը

Ազրպէյճանի Մէջ 13 Հայ Պատերազմական Գերիներ Դատապարտած Են 6 Տարի Բանտարկութեան

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Հետ Փոխհրաձգութիւն. Վիրաւորուած Են Երեք Հայ Զինուորներ

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Ռուսիա Պատրաստ Է Իր Ներդրումը Ունենալու Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցին Մէջ»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?