Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նետերլանտներուն Մէջ Գործող Հայկական Կազմակերպութիւնները Երկրի Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն Բացատրութիւն Պահանջած Են Դեսպանի` Շուշի Այցելութեան Վերաբերեալ

July 19, 2021
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նետերլանտներուն մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւններու դաշնակցութեան (ՖԱՕՆ) նախագահ Մաթօ Հախվերդեան յայտնած է, որ իրենք ՖԱՕՆ-ի քարտուղար Ինկա Տրոսթի հետ մնայուն կապի մէջ են Նետերլանտներու արտաքին գործոց նախարարութեան հետ` Պաքուի մէջ Նետերլանտներու դեսպանի Շուշի կատարած քարոզչական ուղեւորութեան հարցով, եւ երկար քննարկումներ տեղի ունեցած են տարբեր հարցերու շուրջ, յատկապէս պատերազմական գերիներու եւ Ազրպէյճանի նկատմամբ պատժամիջոցներ կիրարկելու վերաբերեալ:

Այս լոյսին տակ, դեսպանի գրաւեալ Շուշի այցելութիւնը անհամատեղելի է Նետերլանտներու կառավարութեան ու խորհրդարանի դիրքորոշումներուն հետ, այդ իսկ պատճառով ՖԱՕՆ-ը բողոքի նամակ յղած է արտաքին գործոց նախարարութեան եւ բացատրութիւն պահանջած: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, ինչպէս կը յայտնէ «Նետերլանտական օրագիր»-ը, ՖԱՕՆ-ը հետեւեալ պարզաբանումը կատարած է.

«Հոլանտահայ կազմակերպութիւններու դաշնակցութիւնը (ՖԱՕՆ) իր դժգոհութիւնը յայտնած է Նետերլանտներու արտաքին գործոց նախարարութեան` Պաքուի մէջ Նետերլանտներու դեսպան տիկին Պ.Էյզեմայի Շուշի կատարած քարոզչական այցելութեան վերաբերեալ, որ կազմակերպուած էր Ազրպէյճանի բռնակալ Ալիեւի հրահանգով: Բացի ահռելի ապատեղեկատուութիւն մատուցելէ, արդէն իսկ յստակ էր, որ իշխանութիւնները, չարաշահելով մասնակիցներուն ներկայութիւնը, ուզած են ստեղծել աջակցութեան կեղծ տպաւորութիւն:

«ՖԱՕՆ-ը արտաքին գործող նախարարութեան հարցում ուղղեց բացատրելու, թէ ինչպէ՛ս կատարուած է Նետերլանտներու մասնակցութեան այս ընտրութիւնը, առաւել եւս, որ վերջերս ՖԱՕՆ-ի հետ խորհրդակցութեան ժամանակ արտաքին գործոց նախարարութիւնը անգամ մը եւս շեշտեց, որ նախարարութիւնը գերակայութիւն կու տայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի աշխատանքին եւ քաղաքականութեան (որպէսզի բանակցութիւններու միջոցով հասնինք տագնապի խաղաղ լուծման) եւ այլ քայլեր չձեռնարկելու, որոնք կրնան մեկնաբանուիլ իբրեւ «հակաարդիւնաւէտ», ինչպէս օրինակ` խորհրդարանին մէջ ընդունուած բանաձեւերու իրագործումը: Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրները` Ֆրանսան, Միացեալ Նահանգները եւ Ռուսիան ակնյայտօրէն նպատակայարմար չգտան մասնակցիլ այս քարոզչական ուղեւորութեան եւ այդ իսկ պատճառով անոնք կը բացակայէին: Ի պատասխան ՖԱՕՆ-ի հարցումին, նախարարութիւնը յայտնեց, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ատոր մասին նախապէս տեղեակ չէր: ՖԱՕՆ-ի կարծիքով, այնուամենայնիւ, տուեալ պարագային ատոր մասին նախապէս չտեղեկանալու փաստը արդէն իսկ ինքնին դատապարտելի է:

«Բայց եւ այնպէս նախարարութիւնը կը պնդէ. «Ընդունուած է, որ դեսպանները լայնօրէն տեղեկացուին, ներառեալ Ազրպէյճանի կառավարութեան կողմէ: Հոլանտան կը գիտակցի այն փաստին, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները ծրագրաւորած են եւ կազմակերպած այս այցելութիւնը, եւ այդ ուղեւորութեան ընթացքին մատուցուած տեղեկատուութիւնը միակողմանի է: Ատով հանդերձ, այցելութիւնը ունեցած է յաւելեալ արժէք` սեփական աչքերով տեսնելու կացութիւնը եւ հանդէս գալու սուր հարցումներով»: Ուստի յաւելեալ արժէքը կը կայանայ «սեփական դիտարկման եւ փորձարկման մէջ»: Իբրեւ օրինակ, նախարարութիւնը կը նշէ, որ սեփական դիտարկումով անգամ մը եւս յստակ դարձած է, թէ ինչքան կարեւոր է, որ կարելի եղածին չափ շուտ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն անկախ առաքելութեամբ գտնուի այդ տարածքներուն մէջ: Վերջապէս, նախարարութիւնը կը հերքէ, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները ճնշումներ գործադրած են Նետերլանտներու դեսպանին վրայ` մասնակցելու այս ուղեւորութեան: ՖԱՕՆ-ը ատիկա կ՛ենթադրէ հիմնուելով ազրպէյճանցի պաշտօնատարի թուիթըրեան գրառումին վրայ, ուր նշուած է, թէ այդ ուղեւորութեան նախօրէին անոր եւ Նետերլանտներու դեսպանին միջեւ տեղի ունեցած է լուրջ խօսակցութիւն:

ՖԱՕՆ-ի կարծիքը կը մնայ անփոփոխ, որ Նետերլանտներու դեսպանին մասնակցութիւնը եղած է անյարիր, եւ այս կապակցութեամբ տակաւին պիտի շարունակէ կապի մէջ մնալ նախարարութեան հետ: Միեւնոյն ժամանակ, մենք անշուշտ հետամուտ պիտի ըլլանք, թէ Հոլանտան ինչպիսի՛ հետեւութիւն պիտի ընէ ձեռք բերուած արդիւնքներէն Ազրպէյճանի նկատմամբ իր վարած քաղաքականութեան մէջ»:

Նախապէս ՀՅԴ Նետերլանտներու եւ Պելճիքայի Հայ դատի յանձնախումբերը բողոքի նամակներ յղած էին Ազրպէյճանի մէջ Նետերլանտներու եւ Պելճիքայի դեսպաններուն:

 

 

Նախորդը

Ընկերային Իւ Ապահովական Գահավիժումի Մտավախութիւններուն Առընթեր. Կոչերն Ու Ճիգերը Կը Շարունակուին Շուտափոյթ Լուծման Գծով

Յաջորդը

Ոստիկանութիւնը Բերման Ենթարկած Է Կառավարութեան Շէնքին Դիմաց Ցոյց Կատարող ՀՅԴ ՆԱՈՒՄ-ի եւ ՀԵՄ-ի 16 Անդամ

RelatedPosts

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.