Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ովկիանոսը` Կեանքի Աղբիւր Մը Երկրագունդին Վրայ

Յուլիս 10, 2021
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Գիտէի՞ր, թէ ինչո՛ւ երկրագունդը կոչուած է Կապոյտ մոլորակ: Այդպէս կոչուած է, որովհետեւ ովկիանոսները կը ծածկեն անոր մակերեսին 70 առ հարիւրէն աւելին: Առանց անոնց` ոչ մէկ կենդանի էակ կրնայ ապրիլ. ովկիանոսները մեր կեանքի աղբիւրն են:

Անոնք կ՛արտադրեն մեր շնչած թթուածինին նուազագոյնը 50 առ հարիւրը եւ կարելիութիւնը կու տան կլիման կանոնաւորելու` ծծելով մթնոլորտին մէջ արձակուած բնածխական կազին մօտաւորապէս 25 առ հարիւրը:

Ովկիանոսները ուտելիքի եւ դեղերու կարեւոր աղբիւր մըն ալ են: Ըստ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան, ովկիանոսները փրոթէինի գլխաւոր աղբիւրն են աշխարհի վրայ աւելի քան մէկ միլիառ անձի համար: Յատկապէս ճարտարարուեստի մարզն է, որ կը շահագործէ ովկիանոսին հարստութիւնները. այս ձեւով, մինչեւ 2030 թուականը մօտաւորապէս 40 հազար միլիոն անձեր պիտի աշխատին այդ մարզին մէջ: Կասկած չկայ, որ մարդիկ ովկիանոսներու պէտք ունին ապրելու համար:

Սակայն, ասոր կողքին, ովկիանոսները պահպանութեան պէտք ունին, որովհետեւ անոնք վտանգի մէջ են: Մեծ ձուկերուն 90 առ հարիւրը, արդէն անհետացած է, եւ բուստախութերու 50 առ հարիւրը` փճացած: Այս երեւոյթին գլխաւոր պատճառներն են չափազանց ձկնորսութիւնը, ծովային խորերու շահագործումը եւ ապականումը, որ կը յառաջացնէ ջերմաստիճանի բարձրացում:

Բարեբախտաբար միջոցները կան պահպանելու ովկիանոսները եւ անոնց հարստութիւնները գործածելու տեւական ձեւով: Այս հեռանկարով է, որ Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը ծրագիր մը մշակած է` իրականացնելու մինչեւ 2030 թուականը:

Միջազգային օր ովկիանոսներու համար

Ովկիանոսի միջազգային օրը, որ տեղի կ՛ունենայ 8 յունիսին, ստեղծուած է 1992-ին, կենսոլորտին յատկացուած Ռիոյի համաժողովին ընթացքին: Այս միջազգային օրուան նշանակման նպատակն է ժողովուրդը գիտութեան հրաւիրելու, թէ որքա՛ն կարեւոր է ճիշդ կերպով վարել ովկիանոսներու հարստութիւններու օգտագործումը: Ան նաեւ առիթ մըն է տեղեկացնելու եւ փոխանցելու «տեւական կեցուածք» մը որդեգրելու փափաքը` փոքրիկներուն ու չափահասներուն մօտ:

Ի՞նչ Գիտենք Կրիաներուն Մասին

Գիտէի՞ր, թէ 2000 թուականէն ի վեր գոյութիւն ունի նաեւ կրիայի միջազգային օրը: Նկատի առնուած է 23 մայիսը, եւ առիթ մըն է հետաքրքրուելու աշխարհի ամէնէն հին էակներէն մէկուն մասին եւ անոր պահպանումին միջոցներուն մասին:

Ա – Ցամաքային, Կամ Ջրային Կրիաներ

Կրիաները մաս կը կազմեն սողուններու մէկ խումբին, սողուն ողնաւորներուն: Անոնց մասնայատկութիւնը անոնց պատեանն է, որ կազմուած է երկու մասերէ. «խեցի» մը, որ կը գտնուի անասունին կռնակին վրայ, եւ «պահպանակ» մը` փորին վրայ: Կրիաներուն պատեանը բաղկացած է խեցիներով ծածկուած իրարու փակած ոսկորներէ:

Սակայն գիտէի՞ր, թէ ո՛չ բոլոր կրիաները կրնան իրենց թաթերն ու գլուխը պատեանին մէջ մտցնել: Այս յատկութիւնը կախեալ է կրիային տեսակէն: Մինչեւ հիմա մասնագէտները կրցած են արձանագրել 340 տարբեր կրիայի տեսակներ:

Ընդհանրապէս կրիաները կը բաժնուին երեք խումբերու.

– Ցամաքային կրիաները. անոնք ջուրի պէտք չունին իրենց մարմինը խոնաւ պահելու համար, ասոնց պատեանը կոր է, յատկապէս խոտակեր են եւ ունին զօրաւոր թաթեր:

– Ջրային կրիաները անուշ ջուրի աղբիւրի մը մօտ կ՛ապրին, սակայն կրնան ցամաքին վրայ տեղափոխուիլ, անոնց պատեանը նուազ կոր է, իսկ անոնց թաթերը աւելի բարակ են ու երբեմն ափաձեւ:

– Ծովային կրիաները օժտուած են լողակներով եւ միայն ովկիանոսներուն մէջ կ՛ապրին եւ ստիպուած են մակերես ելլել շնչելու համար:

Բ – Երկար Կեանք

Կրիաները մաս կը կազմեն ամէնէն հին սողուններու խումբին: Անոնք աշխարհի վրայ յայտնուած են աւելի քան 200 միլիոն տարիներ առաջ:

Կ՛ենթադրուի, որ անոնց կեանքի տեւողութիւնը կրնայ երկարիլ մինչեւ 200 տարի: Անշուշտ կեանքի այս տեւողութիւնը կախեալ է կրիայի տեսակէն: Սակայն, միջին հաշուով, կրնանք ըսել, որ`

– ջրային կրիաները կրնան ապրիլ մօտաւորապէս 40 տարի,

– ցամաքային կրիաները բնութեան մէջ կրնան ապրիլ մինչեւ 60 տարի, եւ մինչեւ 100 տարի` պահպանուած միջավայրի մը մէջ,

– իսկ ծովային կրիաները ընդհանրապէս կ՛ապրին նուազագոյնը 40 տարի, սակայն կարգ մը տեսակներու կեանքի տեւողութիւնը կրնայ հասնիլ մինչեւ 120 տարիի:

Իսկ երկար կեանքի մրցանիշը արձանագրող երկու տեսակներն են ցամաքային կրիաներ` Կալափակոսի հսկայ կրիաները (150 տարիէն մինչեւ 200 տարի), եւ «Սեշելներու հսկայ կրիաները (ուր կ՛ապրի մեզի ծանօթ Ճոնաթան կրիան, որ ենթադրաբար ծնած է 1832-ին):

Գ – Վտանգուած Տեսակներ

Կրիաները հմայիչ անասուններ են: Դժբախտաբար բազմաթիւ տեսակներ կորսուելու վտանգի տակ կը գտնուին: Ասոր պատճառները շատ են. ընտանի անասուններու առեւտուրը, կրիաներու միսի սպառումը, բնական միջավայրերու փճացումը, օրինակի համար` ապականումի պատճառով, ձկնորսութեան արկածներ եւ այլն…

Կարգ մը մասնագէտներ կ՛ըսեն, որ ցամաքային եւ անուշ ջուրի վայրի կրիաները կրնան անհետանալ յիսուն տարիէն, եթէ մենք ոչինչ կատարենք զանոնք պահպանելու համար:

Դ – Միջազգային Օր

«Ամերիքըն թորթայզ ռեսքիու» կազմակերպութիւնն է, որ նշանակած է կրիաներու միջազգային օրը 2000 թուականին: Անիկա կը նշուի ամէն տարի, 23 մայիսին:

Անոր նպատակն է մարդոց ուշադրութիւնը հրաւիրել այս անասուններուն պահպանութեան կարեւորութեան վրայ: Իւրաքանչիւր անասունի տեսակ ունի իր տեղը եւ իր դերը` ամբողջ կենդանի էակներուն եւ անոնց միջավայրին ամբողջութեան մէջ:

77-րդ Յարկին Վրայ

Եթէ դուն ո՛չ ջուրէն, ո՛չ ալ դատարկութենէն կը վախնաս, ծովային հետաքրքրական փորձառութիւն մը կը սպասէ քեզի Տուպայի մէջ:

Հոն ուղղուինք դէպի «Ատրես պիչ ռիզորթ» պանդոկը եւ բարձրանանք շէնքին 77-րդ յարկը: Հոն, 300 մեթր բարձրութեան վրայ կը գտնուի աշխարհի ամէնէն բարձր լողաւազանը: Այս 95 մեթր երկարութիւն ունեցող լողաւազանին մէջ լողալու ընթացքին դուն կրնաս վայելել քաղաքին հսկայական շէներու տեսարանը:

Սակայն հոն մտնելու համար դուն տակաւին պէտք է սպասես քանի մը տարի: Այդ լողաւազանին մէջ լողալու կարողութիւնը ունենալու համար դուն նուազագոյնը 21 տարեկան պէտք է ըլլաս եւ` պանդոկի յաճախորդ, կամ սեղան մը ապահոված` պանդոկի սրճարանին մէջ:

Սկսի՞նք դրամ խնայել…

Ժամանց
Կէտերը իրարու միացուր 1 -100 յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 7 տաբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել, թէ իւրաքանչիւր թել ի՛նչ որսացած է:

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

«Ազդակ«-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Հարցազրոյց` Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Գործադիր Տնօրէն Զաւէն Խանճեանի Հետ

RelatedPosts

Ի՞նչ Գիտենք Օգոստոս Ամսուան Մասին
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Գիտենք Օգոստոս Ամսուան Մասին

Օգոստոս 9, 2025
Աշխարհի Ամէնէն Շատ Սիրուած Գոյնը` Կապոյտը
Մանկապատանեկան

Աշխարհի Ամէնէն Շատ Սիրուած Գոյնը` Կապոյտը

Օգոստոս 2, 2025
Լեռներուն Վրայ, Անտառին Մէջ Պահուըտած Հին Ժողովուրդ Մը
Մանկապատանեկան

Լեռներուն Վրայ, Անտառին Մէջ Պահուըտած Հին Ժողովուրդ Մը

Յուլիս 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?