Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սահակդուխտ` Առաջին Հայ Կին Բանաստեղծը, Երաժիշտը, Երաժշտութեան Ուսուցչուհին Եւ Հոգեբուժը

Յուլիս 5, 2021
| Արուեստ - Մշակոյթ
1
Share on FacebookShare on Twitter

Բժիշկ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Սահակդուխտի մասին տեղեկութիւնները մեզի հասած են` պատմիչ Ստեփանոս Օրբէլեանէն, Ղեւոնդ Ալիշանէն, Մանուկ Աբեղեանէն, բժիշկ Վահրամ Թորգոմեանէն, Նորայր եպս. Պողարեանէն, Գրիգոր Յակոբեանէն, Յակոբ Քէօսէեանէն, Շահան Արծրունիէն եւ այլ աղբիւրներէ:

Քրիստոնեայ Հայաստանի մէջ 8-րդ դարուն կը  յայտնուի առաջին հոգեւոր երգի հեղինակ, երաժիշտ եւ հոգեւոր երաժշտութեան դասատու հայ կինը` Սահակդուխտ, որ կ՛ըլլայ Դուին մայրաքաղաքի կաթողիկոսարանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Սահակ Երէցի դուստրը եւ Ստեփանոս Սիւնեցիի կրտսեր քոյրը:

Սահակդուխտի ծննդեան եւ մահուան ճշգրիտ թուականները անյայտ են:

Քոյր եւ եղբայր` Ստեփանոս եւ Սահակդուխտ,  սերած են հոգեպէս գրագէտ ու գրասէր ընտանիքէ եւ ուսանած ու կրթուած են Դուինի կաթողիկոսարանի շրջապատէն ներս, ստացած են կանոնաւոր ու բազմակողմանի կրթութիւն: Քոյրը վայելած է նաեւ եղբօր հովանին:

Ստեփանոս Սիւնեցի այդ օրերուն ճանչցուած է` որպէս հրապարակախօս, շարականներու հեղինակ եւ այդ շարականները յօրինող ականաւոր երաժշտագէտ: Ան չէ բաւարարուած իր ծննդավայրի կրթութենէն: Աւելի բարձր կրթութեան մարմաջով ան կը մեկնի Հայաստանի նշանաւոր եւ բարձրագոյն հոգեւոր դպրոցը` Սիւնեաց վարդապետարանը: Աւարտելէ ետք այս հոգեւոր կեդրոնը, կը դառնայ նոյն հաստատութեան ուսուցիչներէն մէկը եւ նշանաւոր դասախօսը: Ապա կը մեկնի Կ. Պոլիս եւ Հռոմ` յունական եւ հրոմէական գրականութիւն եւ իմաստասիրութիւն ուսանելու: Աւարտելէ ետք ան կը վերադառնայ իր ծննդավայրը` որպէս գիտնական եւ  բանաստեղծ ու կը նուիրուի մատենագրութեան  եւ երաժշտութեան: Ան կը դառնայ իր օրերուն ամէնէն զարգացած մարդը, բանաստեղծը, հրապարակախօսը եւ երաժշտագէտը: Կը գրէ ճառեր, դաւանաբանական մեկնութիւններ եւ կը կատարէ թարգմանութիւններ:

Սահակդուխտ մեծապէս կ՛ազդուի իր եղբօր հեղինակութենէն եւ անոր բանաստեղծական ու երաժշտական պատրաստութենէն: Ստեփանոս գործնապէս օգտակար կը դառնայ  քրոջը. կը սորվեցնէ  բանաստեղծութիւն, երաժշտութիւն ու զարկ կու տայ անոր ընդունակութեան զարգացման:

Սահակդուխտ իր մատաղ հասակին, իր փափուկ եւ սպիտակ երեւոյթով ինքզինք կը նուիրէ կուսութեան, մենութեան եւ  առանձնութեան: Ան կը ձգէ աշխարհիկ կեանքը, կը դիմէ ճգնութեան եւ  ապաստան կը գտնէ գեղեցիկ ու անդնդախոր պատմական Գառնիի մօտակայ ձորի մը քարայրներուն մէջ: Ան հետը կը տանի միայն իր սեփական տան քնարը: Ան կ՛ապաստանի այն վայրը, ուր իրմէ 400 տարի առաջ Տրդատ թագաւորի քոյրը`  Խոսրովիդուխտ անցուցած էր իր կեանքը:

Ինչո՞ւ Սահակդուխտ դիմած է այս ճգնաւորութեան եւ հրաժարած է իր մէջ ծաղկող նոր կեանքէն: Յայտնի չէ եղած բուն պատճառը: Հնարաւոր նկատուած է, որ ան այս քայլին դիմած է իր պատանեկան մատղաշ տարիքին ունեցած հոգեկան ծանր վիշտի մը պատճառով եւ կամ անյաջող ու անարձագանգ սիրոյ մը պատճառով:

Ան հմուտ եղած է ոչ միայն երաժշտական արուեստին մէջ, այլեւ շատ լաւ իմացած է շարականները, յատկապէս` «Մեծացուսցէ»-ներու տեսակը, ուր կը փառաբանուի Մարիամ Աստուածածինը :

Հայ երաժիշտներ կը նուագեն ու կ՛երգեն հայ վիրաւոր զինուորի մը ապաքինման համար

Ան իր  մենութեան մէջ յօրինած է հոգեւոր երգեր` մեղեդիներ, կցուրդներ (եկեղեցական հոգեւոր երգեր), շարականներ, որոնցմէ մէկը նուիրած է Մարիամ Աստուածածնին:

Հակառակ իր մենակեաց կեանքին` ան բոլորովին չէ խզուած եւ չէ կտրուած աշխարհէն: Ան զբաղած է ուսուցանելով քաղցր մեղեդիներ եւ երգեր: Իր քով եկած են խումբ-խումբ երիտասարդ աղջիկներ եւ տղաք` սորվելու համար երգ ու երաժշտութիւն: Ան եղած է հեզահամբոյր, սեւասքեմ կոյս: Ան նստած է վարագոյրի մը ետեւ եւ հոնկէ դասաւանդած է իր աշակերտներուն:

1951-ին Նորայր եպս. Պողարեանը (Ծովական) «Հասկ» ամսագրին մէջ յայտնաբերած է Սահակդուխտի` Մարիամ Աստուածածնին նուիրուած «Կցուրդ ծննդեան»  բանաստեղծութեան 9 տուները` Երուսաղէմի պատրիարքութեան   թիւ 1741 ձեռագրին մէջէն, որ գրուած է Աղթամարի մէջ, 1499-ին: Ստեփանոս Օրբէլեան անուանած է այս բանաստեղծական կցուրդը` որպէս «Սրբուհի Մարիամ» կցուրդ: Բանաստեղծութեան տուներուն առաջին տառերով կը կազմուի Սահակդուխտ անունը: Ամբողջ այս բանաստեղծութիւնը բերկրանք, մեծարանք եւ փառաբանութիւն է` միշտ ունենալով վերջին երկու տողերը կրկնակի: Ան գրուած է «Մեծացուսցէ» շարականներու ոգիով եւ բաղկացած է անհաւասար տողերով: Երգը մեծ ազդեցութիւն ունեցած է հայ շարականագրութեան զարգացման մէջ:

Ահաւասիկ` Սահակդուխտի «Կցուրդ ծննդեան»  բանաստեղծութիւնը, ինչպէս ընդգրկուած է «Մատենագիրք հայոց» շարքի Զ. հատորին մէջ, Յակոբ Քէօսէեանի ստորագրած յօդուածին մէջ, փոքր փոփոխութեամբ մը. «աւ» երկբարբառները վերածած ենք «օ»-ի` ընթերցանութեան դիւրութեան համար:

Կցուրդ Ծննդեան 

Սրբուհի Մարիամ, անապական տաճար
Եւ կենարար Բանին ծնող և մայր.
Օրհնեալ ես դու ի կանայս,
Բերկրեալ Տիրամայր եւ Կոյս:

Անդաստան հոգևոր եւ համապայծառ ծաղիկ,
Որ հոգեհոս անձրեւէն` հովանաւորեալ ի քեզ`
Պտղաբերեցեր ի Հօրէ` յայտնեալ մարդկան.
Օրհնեալ ես դու ի կանայս,
Բերկրեալ Տիրամայր եւ Կոյս:

Հաստատութիւն երկնի եւ երկրի,
Կենդանութեանց բաշխող
Որ աստուածային լուսոյ ճառագայթիւքն
Վայր իջեալ` վերականգնեաց զնախահայրն ի գլորմանէ.
Օրհնեալ ես դու ի կանայս,
Բերկրեալ Տիրամայր եւ Կոյս:

Աստանօր երկինք ի յերկրի
Երևեցար եւ վեհագոյն քրովբէից,
Որ զերկնային զօրացն զՏէրն
Ի գիրկս քո բարձեալ կրեցեր.
Օրհնեալ ես դու ի կանայս,
Բերկրեալ Տիրամայր եւ Կոյս:

Կենացն փայտիւն հորդեցեր զմեզ ճանապարհ
Ի սրովբէափակ պաշպանութենէ
Եւ զբոցեղէն զսուրն կապտեցեր.
Օրհնեալ ես դու ի կանայս,
Բերկրեալ Տիրամայր եւ Կոյս:

Դուռն երկնից ե էջք Աստուծոյ,
Խաղաղութեանց միջնորդ,
Որ զնախամօրն զԵւայի բարձեր զերկունըս`
Տիրացեալ մահուն.
Օրհնեալ ես դու ի կանայս,
Բերկրեալ Տիրամայր եւ Կոյս:

Ուրախ լեր, բերկրեալ, Տէր ընդ քեզ` ասելով
Եւ բազմութիւնք հոգեղինացն
Հրաշալի ձայնիւ երգէին քեզ զբերկրումն.
Օրհնեալ ես դու ի կանայս,
Բերկրեալ Տիրամայր եւ Կոյս:

Հիւթական, եղական, անեղ Բանին բնակարան,
Որ ըզհուրն Աստուածութեան
յՈրովայնի քում ընկալար և ոչ բոցակիզար
Որպէս երբեմն զմորենին,
Այլ ծնար զԱստուածն բոլորից.
Օրհնեալ ես դու ի կանայս,
Բերկրեալ Տիրամայր եւ Կոյս:

Խորհուրդ կենաց եւ փրկութեան
Վերաթեւող եղեր աշխարհի.
Երազապէս բարձրացուցեր զհողեղէնքս ընդ հոգեղէնսըն
Ի բնակութիւնս հրեշտակաց.
Օրհնեալ ես դու ի կանայս,
Բերկրեալ Տիրամայր եւ Կոյս:

Տո՛ւք զփառըս ի բարձունըս
Թագաւորին յաւիտէնից,
Որ եկն եւ մարմնացաւ ի սուրբ Կուսէն
Եւ փրկեաց զարարածըս ի մեղաց.
Օրհնեալ ես դու ի կանայս,
Բերկրեալ Տիրամայր եւ Կոյս:

Նորայր եպս. Պողարեան լոյս աշխարհ բերած է նաեւ Երուսաղէմի պատրեարքութեան թիւ 2431 եւ 1741  ձեռագիրներէն Սահակդուխտի կողմէ գրուած Ատուածածնայ վերափոխման նուիրուած ուրիշ կցուրդ մը` «Կցուրդ փոխման Աստուածածնի»: Ահաւասիկ` այդ կցուրդը ստորեւ:

Կցուրդ Փոխման Աստուածածնի

Այսաւր բազմութիւնք առաքելոց եւ սուրբ կուսանաց ժողովեալք ի միասին, կոչեցեալք ի Հոգւոյն ը Սըրբոյ ի փոխումըն  ը կուսին ը Մարիամու Աստըւածածնին, ակըն ունելով գալըստեան Որդոյն Աստուծոյ:

Եկեալ արարչին լուսեղէն կառաւք անմարմնական ը դասիւք առ ը կոյսն եւ մայրն եւ բնակարան Հոգոյն Սըրբոյն:

Այսաւր տեսեալ` ըզսուրբ ը կոյսն ամպեղէն կառաւք համբարձեալ ի յերկինս, մըտանելով ի յառագաստ ընդ իմաստուն սուրբ կուսանացն:

Իսկ բազմութիւնք հոգեղինաց զուարթնոցն աղաղակէին ասելով. Աւրհնեալ ես ամենաաւրհնեալդ ի կանայս, որ ես բարեխաւս վասն  աշխարհի առ որդիս քո միածին:

Վասնորոյ եւ մեք բազմութիւնք` հաւատացելոց առ քեզ ապաւինեմք, տիրուհի եւ մայր մարմնացելոյ Բանին, առ որդիս քո եւ Աստուած:

Վերջապէս Սահակդուխտի գրչին կը վերագրուի Մեծ պահոց շրջանի Խաղաղական ժամուն երգուող «Սրբուհի Մարիամ, սափոր ոսկի…» սկսող շարականը, որ կը ներկայացնենք այստեղ:

Շարական
Արցախցի հայ վիրաւորը երաժշտութեամբ հոգեպէս ուրախ է

Սրբուհի Մարիամ, սափոր ոսկի
Եւ տապանակ կտակարանաց,
Որ զի վերուստ զՀացն կենաց
Պարգեւեցեր քաղցեալ բնութեանս,
Առ Նա միշտ բարեխաւսեա
Վասն քաւութեան մեղաց մերոց:

Դասք անմարմնոց հրեշտակաց
Քեզ երանեն, ամենաւրհնեալ կոյս Մարիամ,
Որ զէակից Բանն, որ ընդ Հաւր,
Կրեցեր ի քեզ անսերմնապէս,
Առ Նա միշտ բարեխաւսեա
Վասն քաւութեան մեղաց մերոց:

Սահակդուխտի միւս ստեղծագործութիւնները յայտնի չեն: Կ՛ենթադրուի, որ մեզի հասած շարականներու յատկապէս «Մեծացուսցէ»-ներու մէկ մասը անոր գրչին արգասիքն է: Որոշ բանասէրներու ենթադրութեամբ, անոր կը պատկանի նաեւ Վահան Գողթնացիին նուիրուած յայտնի շարականը, որ աւանդաբար կը վերագրուի Վահան Գողթնացիի քրոջ` Խոսրովիդուխտին:

Սահակդուխտ եղած է նաեւ հոգեպէս խանգարուած եւ ջղային վիճակի մատնուած անհատները աղօթքով եւ երաժշտութեամբ դարմանող առաջին կինը հայ իրականութեան մէջ: Ան հիւանդները դարմանած է երաժշտութեամբ` հաւատալով, որ երաժշտութիւնը կը ներշնչէ, կը հանդարտեցնէ եւ կ՛աշխուժացնէ հիւանդը, ինչպէս նաեւ կը սնուցանէ անոր գիտակցութիւնը եւ կը պահէ անոր ամբողջութիւնը արթուն եւ լաւ վիճակի մէջ:

Տոքթ. Վահրամ Թորգոմեան զայն նկատած է հոգեբուժ եւ առաջին կինը, որ երաժշտութիւնը օգտագործած է որպէս դարմանամիջոց:

Մահէն ետք անոր գերեզմանը դարձած է ուխտատեղի հաւատացեալներու համար: Անոր գերեզմանը այցելող հիւանդ ուխտաւորներ բժշկուած են:

Ուրեմն Սահակդուխտ նկատուած է առաջին հայ կին բանաստեղծը, երաժիշտը, երաժշտութեան ուսուցչուհին եւ հոգեբուժը:

Երաժշտութիւն որպէս դարմանամիջոց

Մեզի համար խիստ հետաքրքրական է Սահակդուխտի երաժշտութեան օգտագործումը բժշկութեան մէջ:

Հին դարերուն բանիմաստ  մարդիկ յարաբերութիւն տեսած են բժշկութեան եւ երաժշտութեան միջեւ: Յունաստանի մէջ Ապողոն մարմնաւորած է թէ՛ երաժշտութեան  եւ թէ՛ բժշկութեան չաստուածները:

Հին Յունաստանի մէջ Ապողոն կը պաշտուէր որպէս բժշկութեան եւ երաժշտութեան աստուած: Պիւթակորոս Յունաստանի մէջ իր աշակերտներուն կը սորվեցնէր ինչպէ՛ս որոշ մեղեդիներ կը յառաջացնէին յատուկ հակազդեցութիւններ մարդուն մէջ: Ան գիտէր ձայնի յատկութիւնները եւ որոշապէս հաւատացած էր, որ երաժշտութիւնը կը փոխէ մարդոց տրամադրութիւնը եւ կ՛արագացնէ հիւանդներուն ապաքինումը:

Պղատոն եւ Արիստոտէլ` երկուքն ալ կապ մը տեսած են երաժշտութեան եւ առողջութեան միջեւ:

Ամերիկացի հոգեբուժներ 1990-ական թուականներուն հաւատացած են, որ երաժշտութիւնը մարմնին մէջ որոշ ցաւազերծիչ նիւթեր կ՛արտադրէ:

Կոմիտաս ուսումնասիրած է Մայր Աթոռի թիւ 2359 ձեռագիրը, ուր կը խօսուի երաժշտութեամբ հիւանդներ բուժելու մասին: Կոմիտաս հաւատացած է, որ երաժշտութիւնը ներգործութիւն ունի հոգիին եւ մարմնին վրայ: Ան ընդգծած է, որ եկեղեցիներու աստուածային երաժշտութիւնը յանցաւոր հոգիներուն զղջում կը պարգեւէ եւ մեղաւոր միտքերը դէպի բարին կ՛ուղղէ, իսկ մարդկային երաժշտութիւնը կը վանէ հիւանդութիւնները ու կը նպաստէ առողջութեան:

Երաժշտութիւնը ունի գրգռիչ, ոգեւորիչ եւ հանդարտեցուցիչ ազդեցութիւն` մարդուն  մարմնին եւ հոգեկան ու յուզական վիճակին վրայ: Երաժշտութիւնը իր տարբեր-տարբեր յատկութիւններով կը ներգործէ մարդուն ամբողջ էութեան վրայ:

Բժշկականօրէն փաստուած է, որ երաժշտութիւնը, ընդհանուր առմամբ, իր բոլոր տեսակներով, կ՛արագացնէ ուղեղային կաթուածի ապաքինման գործընթացը եւ կը բարելաւէ հիւանդին յիշողութիւնը, ուշադրութիւնը եւ ճնշուածութիւնը:

Դարեր շարունակ երաժշտութիւնը օգտագործուած է ամոքելու շատ մը հիւանդներ: Այս միջոցառումին դիմած են զանազան ժողովուրդներ` տարբեր-տարբեր երկիրներու մէջ:

Սահակդուխտէն ետք  Հայաստանի զանազան շրջաններուն մէջ դարեր շարունակ եւ մինչեւ այսօր երաժշտութեան գործածութիւնը կիրարկուած է տարբեր ձեւերով` շատ մը հիւանդներու դարմանումի գործընթացին մէջ: Երաժշտութիւնը ներկայիս նկատուած է որպէս լրացուցիչ դարմանամիջոց:

Արցախեան վերջին` 2020-ի պատերազմի ընթացքին հայ երաժիշտներ երաժշտութիւնը օգտագործած են հայ վիրաւորներու ապաքինման ընթացքին:

Մենք «Բժիշկին Բ. խօսքը» հատորին մէջ գրած  ենք «Երաժշտութեան ամոքիչ դերը» գրութիւնը, ուր անդրադարձած ենք երաժշտութեան դերակատարութեան բժշկութեան մէջ եւ անոր օգտագործման ձեւերուն զանազան հիւանդութիւններու պարագային:

Մոնրէալ, 15 ապրիլ 2021

———————————

Աղբիւրներ

  1. Աբեղեան, Մանուկ, «Հայոց հին գրականութեան պատմութիւն», գիրք Ա. ՀՍՍՌ Գիտութիւնների ակադեմիա, Գրականութեան ինստիտուտ, Բ. տպ., տպարան Սեւան, Պէյրութ 1955:
  2. Ալիշան, Ղեւոնդ, «Յուշիկք հայրենեաց հայոց, Ստեփանոս Սիւնեցի եւ Սահակդուխտ», Ս. Ղազար, 21 յուլիս 1869:
  3. Գալփագեան, Ոսկան աբեղայ, «Հայ բժիշկները մինչեւ Մխիթար Հերացի» «Զգուշ» պարբերաթերթ, Պէյրութ, 2 հոկտեմբեր 2019:
  4. «Երաժիշտ» պարբերաթերթ, «Առաջին հայ կին բանաստեղծ-երաժիշտը», Երեւան, 23 նոյեմբեր 2013:
  5. Կամերային երաժշտութեան ազգային կեդրոն, Առաջին հայ կին բանաստեղծ երաժիշտ, Երեւան, յունիս 11, 2020:
  6. Կիրակոսեան, Սեւակ, «Առաջին հայ կին բանաստեղծ երաժիշտը», «Երաժիշտ» թերթ, 23 նոյեմբեր 2013:
  7. Կոմիտաս վարդապետ, «Բժշկութիւն երաժշտութեամբ», 1914, տպուած Թէոդիկի «Ամենուն տարեցոյցը»-ին մէջ, 1915:
  8. Հարպոյեան, բժ. Կարպիս, «Երաժշտութեան ամոքիչ դերը», «Բժիշկին Բ. խօսքը», Անթիլիաս, 2011:
  9. Հարպոյեան, բժ. Կարպիս, «Քաղցկեղ եւ քաղցկեղային ուռեր», «Բժիշկին Ե. խօսքը», Մոնրէալ, 2020:
  10. ՀՍՍՌ Գիտութիւնների ակադեմիա, «Հայկական սովետական հանրագիտարան», Սահակդուխտ, հատոր 10, Երեւան, 1984.
  11. Յակոբեան, Գրիգոր, «Հայ կին բանաստեղծ-երաժշտուհին», Հայկական ՍՍՌ գիտութիւնների ակադեմիայի տեղեկագիր, թիւ 7, 1957:
  12. Յակոբեան, Գրիգոր, «8-րդ դարի մեր կին շարականագիրները, Սահակդուխտ», Խոսրովիդուխտ», «Էջմիածին» պարբերաթերթ, 1977:
  13. Պողարեան, Նորայր եպս., «Սուրբ Աստուածածին», «Հասկ», ՄՏԿԿ, Անթիլիաս, 1951:
  14. Քէօսէեան, Յակոբ, Սահակադուխտ Սիւնեցի, «Մատենագիրք հայոց», հատոր Զ., Անթիլիաս, 2007:
  15. Օրբէլեան, Ստեփանոս, «Պատմութիւն տանն Սիսական. Տաթեւ», 1861:
  16. Օրբէլեան, Ստեփանոս, Պատմութիւն նահանգին Սիսական, Թիֆլիս, 1910:
  17. Armenianwomen.wordpress.com, Sahagdukht (8th century), Musician, healer, music therapist.
  18. Armenian women, Sahagdukht, In search of her story, March 21, 2012.
  19. Arzruni, Shahan. “Sahakduxt Armenian hymnographer, poet and pedagogue”, New Grove (Norton) Dictionary of Women Composers. Julie Anne Sadie and Rhian Samuel, eds. New York-London: W. W. Norton & Company, 1995. pp. 400–401.
  20. Jesse Russell, Ronald Cohn, «Sahagduxt», Bookvika publishing, January 1, 2012.
  21. Lambert M. Surhone, Mariam T. Tennoe, Susan F. Henssonow, «Sahakduxt, Armenian, poet, pedagogue, ascetic», Betascript publishing, Yerevan.
  22. Mariam T. Tennoe, Susan F. Henssonow, Sahakduxt, Betascript publishing, August 22, 2010.
  23. Torkomian, Vahram, «Les armռniennes dans l’histoire de la mռdecine», Փարիզ, 1986.
  24. Wikipedia – Sahagdukht.
  25. Youtube, Sahagdukht Siunetsi, Սահակդուխտ Սիւնեցի, ասմունք եւ երաժշտութիւն, անգլերէն եւ հայերէն:
  26. Youtube.com, Sahagdukht Siunetsi, Սահակդուխտ Սիւնեցի, Aina news, August 20, 2013:

 

Նախորդը

Առցանց Լսարան` «Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւն. Կրթութիւն Եւ Մշակոյթ» Նիւթով

Յաջորդը

Դէպի «Օրէնքի Եւ Իրաւունքի Տիքտատուրա»

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Բեմականացուած Գրական Քառեակ

Մայիս 5, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Արցունքոտ Ժպիտներ – Բ. – Բնագրեր Եւ Կատարում

Ապրիլ 8, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Արցունքոտ Ժպիտներ – Ա. Սեռ Եւ Հեղինակ

Ապրիլ 7, 2025

Comments 1

  1. Edward misserlian says:
    4 years ago

    սիրելի տքթ.Կարպիս,
    նախ շնորհակալոիթիւն յօդուածին համար.
    մաղթենք որ նման յօդուածներ շարունակէս
    գրել և մեզ հարստացնես.
    լաւագոյն մաղթանքներ.

    Reply

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?