Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Տաճարը

Յուլիս 3, 2021
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Անիկա շինուած էր մօտաւորապէս 640 թուականին, Քորէայի մէջ: Այս աղօթատեղին կը գտնուէր Հուանկնիոնկսա նախկին պուտտայական տաճարին մէջ, եւ փայտէ ամէնէն բարձր կառոյցն էր: Այդ ժամանակաշրջանին միայն Եգիպտոսի բուրգերը անկէ աւելի բարձր էին:

***

Այս աղօթատեղին շինել տուաւ Միլլա շրջանի Սէօնտէօք թագուհին, 643 թուականին: Անիկա բաղկացած էր ինը յարկերէ: Իւրաքանչիւր յարկ կը ներկայացնէր շրջանի թագաւորութիւններէն մէկը, որոնց մեծ մասը Սիլլայի թշնամի էր: Սէօնտէօք կը խոստանայ Սիլլան պաշտպանել իւրաքանչիւր թագաւորութենէ, եւ ան պիտի դառնար շրջանի ամէնէն հզօր թագաւորութիւնը:

***

660 թուականին, Սէօնտէօքի մահէն տասներեք տարի ետք, Սիլլայի շրջանը կը գրաւուի Էունկիույի կողմէ: 676 թուականին Սիլլա կրցած էր միացնել քորէական թերակղզիին տարբեր պետութիւնները: Դարեր ետք տաճարը ամբողջովին հրկիզուեցաւ մոնկոլ նուաճողներուն կողմէ: Այժմ կը մնան միայն անոր քարէ հիմերը:

Հետաքրքրական

Ասիոյ Մասին

– Ասիան ամէնէն մեծ ցամաքամասն է, նոյնիսկ լուսինին մակերեսէն աւելի մեծ է:

– Ասիան եւ Եւրոպան նոյն թիւով երկիրներ ունին` 46 երկիր:

– Վիեթնամի մէջ կրնաս սենեակ մը վարձել ծառի մը մէջ քանդակուած պանդոկի մը մէջ, կարգ մը անձեր այդ պանդոկը կը կոչեն «Խենթ տունը»:

– Մալեզիոյ մէջ շատ աւելի մեծ թիւով չղջիկներ կան, քան` ուրիշ տեսակի ստնաւորներ, նոյնիսկ` մարդ արարածներ:

– Սինկափուրի մէջ գոյութիւն ունի կենդանաբանական պարտէզ մը, որ միայն իրիկունները կը բանայ իր դռները: Հոն կարելի է տեսնել գիշերային անասուններ:

– Մանկոն Հնդկաստանի ազգային պտուղն է. Իսկ Թայլանտի Պանքոք մայրաքաղաքը ճանչցուած է Պիկ Մանկօ (մեծ մանկօ) անունով:

– Աշխարհի ամէնէն բարձր 50 լեռները կը գտնուին Ասիոյ մէջ:

– Ինտոնեզիոյ թորաժա ցեղախումբը իր տուները կը շինէ առանց գամեր գործածելու: Անոնք միայն փայտէ եւ պամպու եղէգներ կը գործածեն:

– Հարաւային Քորէայի մէջ արհեստավարժ վիտէօ-խաղ խաղցողները իսկական աստղերու դիրք ունին: Կարգ մը խաղցողներ օրական մինչեւ 10 ժամ կը մարզուին եւ իրենց ստորագրութիւնը կը բաժնեն վիտէօ-խաղեր սիրողներուն:

Տարբեր
«
Թոփ–Մոտել» Մը

Չինաստանի մէջ կատուն բախտաբեր խորհրդանիշ մըն է: Այս ձեւով «Մաօ Մաօ շատ լաւ ըմբռնած է այս երեւոյթին կարեւորութիւնը եւ փորձած է իսկական «ինֆլուընսըր» մը:

Մաօ մաօ 2 տարեկան պրիթիշ շորթհեր տեսակի կատու մըն է: Անոր տէրը` Ժենկի Ժի անոր կը հագցնէ շքեղ հագուստներ, փայլփլուն ոսկեղէններ եւ զայն կը գործածէ իր հետեւորդներուն շքեղ ապրանքներու ծանօթացնելու համար:

Մաօ Մաօ մաս կը կազմէ այն անուշիկ անասուններու խումբին, որոնք կ՛օգնեն ծախելու ինքնաշարժներ եւ գոհարեղէններ: Անոր շնորհիւ Ժենկ Ժի ամիսը հազարաւոր տոլարներ կը շահի, աւելի քան` իսկական «Թոփ-մոտելները»:

22 Քմ Դէպի Ետեւ

13 յունիսին Ուիլֆրետօ Տիազ մասնակցեցաւ Իտալիոյ հիւսիսը, լեռներուն վրայ տեղի ունեցող Տոլոմիթթի Իքսթիմ Թրէյլ վազքի մրցումին:

Քուպացի Տիազ կրցած է կտրել մրցումին 22 քմ-ը 3 ժամ 12 վայրկեանէն, 143-րդ դիրքին, մրցումին ախոյեանէն 1 ժամ 30 վայրկեան ետք հասնելով: Հակառակ ասոր` Ուիլֆրետօ յաջողած է մեծ քաջագործութիւն մը կատարել, որովհետեւ ան իր վազքը կատարած է դէպի ետեւ «յառաջանալով». այս տեսակի վազքը ճանչցուած է «ռեթրորանինկ» անունով:

Ուիլֆրետօ արդէն շահած է 5 մետալ, անոնցմէ մէկը` ոսկի, այս տարօրինակ մարզանքի աշխարհի ախոյեանութիւններու ընթացքին: Դէպի ետեւ վազքը ծնունդ առած է աւելի քան հազար տարիներ առաջ, Չինաստանի մէջ: Ուիլֆրետոյի համար, որ ամէն առտու ժամը 4:00-ին կ՛արթննայ մարզուելու համար, ասիկա սքանչելի մարզանք մըն է:

Հելմութ Կրնայ
Դարձեալ Քալել

Յունուար ամիսէն ի վեր 24 տարեկան եւ 100 քիլօ կշռող Հելմութ անունով կրիան չէր կրնար առանձինը ոտքերուն վրայ կենալ յօդերու ցաւերէ տառապելուն պատճառով:

Սկիզբը զայն խնամողները պատեանին տակը դրին չորս փոքրիկ անիւներով օժտուած տախտակի կտոր մը: Սակայն Հելմութ կրնար միայն տափակ եւ սահուն մակերեսներու վրայ շրջիլ: Ժամանակ մը ետք մասնագէտները կրցան իր մարմնին յարմար սքէյթպորտ մը յղանալ: Այս ձեւով Հելմութ կրնայ դարձեալ շրջիլ իր ուզած տեղը` առանց կռնակին վրայ դառնալու վախը ապրելու:

Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող եօթը տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել իշխանուհիին քով հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած տարբեր տարրերը:
Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 2 Յուլիս 2021)

Յաջորդը

Ինչո՞ւ. Երեք Պատմութիւն, Մէկ Հարց

RelatedPosts

Այժմէական.  Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը
Մանկապատանեկան

Այժմէական. Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար
Մանկապատանեկան

Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար

Հոկտեմբեր 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?