Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԵԾՆ ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ԶՈՅԳ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐԸ

February 6, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան 3 փետրուարին ընդունեց Հայաստանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ նոր նշանակուած արտակարգ եւ լիազօր դեսպաններ Ճոնաթան Ճէյմս Էյվզը եւ  Քեթրին Ճէյն Լիչը: Շնորհաւորելով դեսպանները Հայաստանի մէջ դիւանագիտական առաքելութեան սկսելու առիթով` վարչապետը նշեց, որ Հայաստան շահագրգռուած է խորացնելու յարաբերութիւնները Մեծն Բրիտանիոյ հետ:

Վարչապետ Սարգսեան նշեց, որ անոնց աշխատանքէն շատ բան կախեալ է: Նախ եւ առաջ կարեւոր է, որ Մեծն Բրիտանիոյ դիւանագիտութիւնը շրջանին մէջ ապահովէ հաւասարակշռուած մօտեցում: Վարչապետը յայտնեց, որ Հայաստան քարիւղ չունի, սակայն աւելի սուղ եւ կարեւոր աղբիւրներ ունի: Ըստ անոր, նախ եւ առաջ կայ մարդկային դրամագլուխը, որուն վրայ շեշտադրումը կը կատարուի, այդ պատճառով ալ տեղեկատուական արհեստագիտութիւնը Հայաստանի համար կարեւոր ուղղութիւններէն մէկն է: Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան նշեց, որ Հայաստանի մէջ պէտք է գտնուին տնտեսական հետաքրքրութիւններ Մեծն Բրիտանիոյ ներդրողներուն համար, ինչ որ նոր թափ կը հաղորդէ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման աշխատանքներուն:

Իր կարգին, դեսպան Քեթրին Ճէյն Լիչ յայտնեց, որ իրենց` երկու դեսպաններով աշխատանքը յառաջիկային նոր եւ ներուժով լեցուն հանգրուան մը պիտի տեղափոխէ հայ-բրիտանական յարաբերութիւնները: Դեսպանները նշեցին, որ բրիտանական ընկերութիւնները հետաքրքրուած են Հայաստանի մէջ ներդրումներու իրականացումով, մասնաւորաբար հանքարդիւնաբերութեան եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան մարզերուն մէջ:

Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ տարբեր մարզերու մէջ Հայաստանի տնտեսական քաղաքականութեան, երկկողմանի միջմշակութային եւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն առնչուող հարցերուն:

 

Նախորդը

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՊԵԼՃԻՔԱ

Յաջորդը

ՀՅԴ ՊԻՏԻ ՊԱՇՏՊԱՆԷ ԼՐԱԳՐՈՂ ՀԱՅԿ ԳԷՈՐԳԵԱՆԻ ԽԱՓԱՆՄԱՆ ՄԻՋՈՑԸ ՓՈԽԵԼՈՒ ՄԻՋՆՈՐԴՈՒԹԻՒՆԸ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.