
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանեան ժողովրդային համագումարի նախագահ Քամալ Շաթիլան, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանի իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Շաթիլա յայտնեց, որ անհրաժեշտ է Լիբանանը ամրապնդել ժողովրդային ներկայացուցչութեան համեմատութիւնը բարելաւելով, որպէսզի կարելի ըլլայ վերջ տալ ամբողջ շրջանին մէջ տիրող յարանուանական լարուածութեան իրավիճակին:
Շաթիլա շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահը նախանձախնդիր է լիբանանեան ազգային միասնականութեան պահպանումին, ինչպէս նաեւ կոչ կ՛ուղղէ յաւելեալ կառչածութիւն ցուցաբերելու երկրին սահմանադրութեան նկատմամբ:
Պըրրիի այցելեց նաեւ նախկին երեսփոխան Ուաժիհ Պաարինի, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:
Պաարինի կոչ ուղղեց լիբանանեան բանակին արգիլելու Լիբանանէն Սուրիա զէնքի մաքսանենգումը:


