«ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ» ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ «Իսրայէլի ծովափին մօտ Միջերկրականի ծովուն մէջ բնական կազի նոր պաշարներ գտնուած են եւ, ըստ ներկայ արժեւորման, այդտեղ 33 միլիառ խորանարդ մեթր կազ կայ»: Ձայնասփիւռի կայանը կը նշէ, որ վայրին մէջ քննութեան գործողութիւնները պիտի շարունակուին` ատոր մէջ բնական կազի պաշարի քանակը ստուգելու համար:
ԹՐՔԱԿԱՆ «Սապահ» օրաթերթի կայքէջը կը հաղորդէ, որ Լոնտոնի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ահմեթ Տեմիրքէօքն ու իր կինը ընթրիք մը սարքած են ի պատիւ օսմանցի սուլթաններու ժառանգորդներուն: Դեսպանին կեցութեան վայրին մէջ տեղի ունեցած ընթրիքին ներկայ գտնուած են Մուրատ Ե. սուլթանի ծոռ Օսման Սալահէտտին էֆենտի եւ իր դուստրը` Այշէ Կիւլնես Սուլթան, ինչպէս նաեւ որդին` Օրհան Մուրատ էֆենտի: Ընթրիքին հրաւիրուած էր նաեւ սուլթան Ապտիւլ Մեճիտի աղջկան` Սուլթան Մետիհայի թոռնիկը` Լէյլա Պեկկին, ինչպէս նաեւ սուլթան Մեհմեթ Ռեշատի ծոռ Մահմուտ էֆենտի: Օրաթերթը կը նշէ, որ ասիկա առաջին անգամն է, որ Լոնտոնի մէջ այսպիսի միջոցառում մը տեղի կ՛ունենայ:


