Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՁԳՏԻ ԱՌԱՒԵԼԱԳՈՅՆԻՆ» Կ՛ԸՍԷ ՎԱՀԱՆ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ

February 4, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Վահան Յովհաննիսեան

Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան երէկ լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին յայտնեց, որ Դաշնակցութիւնը կը ձգտի յաջորդ խորհրդարանին մէջ ունենալ առաւելագոյն թիւով տեղեր, եւ որեւէ քաղաքական ուժ ալ միշտ կը ձգտի ըստ կարելւոյն շատ տեղ ապահովել:

«Առաւելագոյնը 131 աթոռ է, սակայն ատիկա քիչ հաւանական է: Բայց մենք պիտի ձգտինք իսկապէս մեծամասնութեան, այլ հարց է` մինա՞կ, թէ՞ դաշնակիցներով: Մենք կ՛ուզենք իշխանափոխութիւն, իսկ իշխանափոխութիւն կրնայ տեղի ունենալ, եթէ ընդդիմութիւնը կարենայ իր ձայներուն քանակով որոշումներ տալ», նշեց Վահան Յովհաննիսեան:

Ան ընդգծեց, որ 100 առ հարիւր համամասնական ընտրակարգին անցնելու Դաշնակցութեան պահանջի մերժման պարագային կուսակցութիւնը իր թեկնածուները պիտի առաջադրէ նաեւ մեծամասնական ընտրակարգով, եւ եթէ ոչ բոլոր աթոռներուն համար, ապա գոնէ կարեւոր ընտրատարածքներուն մէջ Դաշնակցութիւնը պիտի ունենայ սեփական թեկնածուն կամ կը սատարէ այլ ընդդիմադիր ուժերու թեկնածուներուն:

Դաշնակցական գործիչը նաեւ չբացառեց, որ Դաշնակցութիւնը դաշինքով մասնակցի ընտրութեան: Ըստ Վ. Յովհաննիսեանի, եթէ մինչեւ հիմա Դաշնակցութիւնը մինակ մասնակցած է, չի նշանակեր, որ ատիկա կանոն է:

Անդրադառնալով Հայաստանի հանրապետական կուսակցութենէն հնչող յայտարարութիւններուն, թէ իրենք բացարձակ մեծամասնութիւն պիտի ձեւաւորեն, Վահան Յովհաննիսեան նշեց, որ «կ՛երեւի իրենց փոշեկուլը զօրաւոր է»:

Ան ժողովուրդին կոչ ուղղեց անպայման մասնակցելու ընտրութիւններուն, քանի որ չմասնակցիլը կը նշանակէ իշխանութեան թեր քուէարկել: «Բոլոր անոնք, որոնք չափէն դուրս իրենք իրենց մտաւորական կը նկատեն` ստորանալու համար, բոլոր անոնք, որոնք յոգնած են, հիասթափած են, բոլոր անոնք, որոնք կ՛արհամարհեն ընտրութիւնները, չեն հաւատար արդիւնքներուն, կը նկատեն, որ իրենց ձայնը անտեսուած է, բոլորին կ՛ըսեմ, որ ով որ չերթայ ընտրութեան, կը քուէարկէ իշխանութեան օգտին: Դուք ձեզի մի՛ խաբէք: Ով որ չերթայ ընտրութեան, ով որ տունը մնայ, որովհետեւ կը կարծէ, որ ինք վեհ է եւ գիրք կը գրէ, այդ մարդը կը քուէարկէ իշխանութեան օգտին, եւ մի՛ փորձէք ներկայանալ, որ դուք որոշ ճղճիմ բանավէճէն վեր կանգնած էք: Անով դուք կը քուէարկէք ի նպաստ իշխանութեան, թէ որ՛ կուսակցութեան` պարզ է», շեշտեց Վ. Յովհաննիսեան:

 

Նախորդը

«ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐԺԱՆԻ Է ՅԱՐԳԱՆՔԻ» Կ՛ԸՍԷ ԱՐԿԱԴԻ ՏԷՐ ԹԱԴԵՒՈՍԵԱՆ

Յաջորդը

ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ. ՊՈՒԼԶ ՅԱՂԹԵՑ` «ՄԵՏԻՍԸՆ ՍՔՈՒԵՐ ԿԱՐՏԸՆ»-Ի ՄԷՋ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.