Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Քննարկեց Երկրին Ընկերային-Տնտեսական Տագնապները Եւ Անոնց Լուծման Կարելիութիւնները

June 16, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ քննարկեց քաղաքական, ապրուստի եւ բարգաւաճման վերաբերող շարք մը հարցեր, որոնց կարգին` վառելանիւթի, դեղորայքի, բժշկական սարքերու եւ երեխաներու կաթի տագնապներուն լուծման հարցերը:

Այս շրջագիծին մէջ նախագահ Աուն կոչ ուղղեց վարչական կառոյցներուն խիստ վերաբերմունք ցուցաբերելու ներկայ կացութիւնը չարաշահողներուն դէմ:

Նախագահ Աունի այցելեցին Պէյրութ Ա. ընտրաշրջանի երեսփոխաններ Նիքոլա Սահնաուի եւ Յակոբ Թերզեան, որոնք ներկայացուցին 4 օգոստոս 2020-ին Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն վնասուած բնակարաններու շինութեան եւ տրամադրուած օժանդակութիւններուն պատկերը, յատկապէս նկատի ունենալով, որ կայ յաւելեալ 50 միլիառ լ. ոսկիի գումար մը, որ պիտի յատկացուի պայթումէն տուժածներուն օժանդակութիւններն ու հատուցումները շարունակելու:

Սահնաուի եւ Թերզեան շնորհակալութիւն յայտնեցին նախագահ Աունին` անոր օժանդակութիւններուն եւ տուժածներուն տրամադրած հատուցումներուն համար:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ նախկին երեսփոխան Մարիօ Աուն, որուն հետ քննարկուեցան երկրին քաղաքական զարգացումներն ու կառավարութեան կազմութեան վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Նախագահական Պալատէն Հաղորդագրութիւն`
Կառավարութեան Կազմութեան Մասին

Հանրապետութեան նախագահութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ մինչ լիբանանցիները կը յուսան ունենալ կառավարութիւն մը, որ լուծէ երկրին տնտեսական եւ ընկերային վատթարացած պայմանները, կարգ մը հեղինակութիւններու կողմէ կը դրսեւորուին կեցուածքներ եւ կը կատարուին յայտարարութիւններ, որոնք կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին միջամտութիւն կը նկատուին:

«Այդ կեցուածքներուն եւ յայտարարութիւններուն մէջ կը նշմարուի սահմանադրութիւնը դիտմամբ անտեսելու փորձ մը: Նախորդ օրերուն ի յայտ եկան կարգ մը տուեալներ, որոնք շրջանցեցին սահմանադրական կանոնները: Այս շրջագիծին մէջ պէտք է ըսել, որ այն հեղինակութիւններն ու կողմերը, որոնք կամաւոր կերպով կը մղուին օժանդակելու կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին, կոչուած են հիմնուելու սահմանադրութեան վրայ եւ անշեղ մնալու անոր վճիռներէն, ինչպէս նաեւ չընդարձակուելու անոր մեկնաբանութեան մէջ, որպէսզի սահմանադրութեան հակադրուող նախընթացներ եւ նոր ուխտեր չստեղծուին», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Նախագահական պալատի տեղեկատուական գրասենեակին հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, թէ հանրապետութեան նախագահութիւնը իրեն ներկայացուած բազմաթիւ առաջարկներու ընդառաջած է` իրականացնելու համար նոր կառավարութեան մը բնական կազմութիւնը, ինչպէս նաեւ աչք խփած է կատարուած բոլոր շրջանցումներուն գծով: «Սակայն կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը աշխուժացնելու առումով ոմանց կողմէ ստեղծուած արհեստական մղումը հորիզոններ չունի, եթէ ան սահմանադրութեան թիւ 53 յօդուածով ճշդուած ելքին վրայ հիմնուած չըլլայ», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

 

 

Նախորդը

Տոհայի Մէջ. «Նոր Կառավարութեան Անյապաղ Կազմութիւնը Անհրաժեշտ Է» Շեշտեց Աքըր

Յաջորդը

Տնտեսական Տագնապի Ճանկերուն Ենթակայ Երկրին Մէջ Երեխաներու Կաթի Փճացումը Մեծ Աղմուկ Կը Բարձրացնէ

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.