Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

15 Գերիներ Վերադարձան Հայաստան` Աղտամի Շրջանի Ականապատման Քարտէսներուն Դիմաց

Յունիս 14, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 12 յունիսին 15 գերիներ վերադարձան Հայաստան:

Գերութենէն վերադարձածներն են` «Ստեփանեան Արթուր, Էլիբէկեան Գեղամ, Սեդրակեան Ալեքսան, Գասպարեան Էրիկ, Բաբայեան Սաշա, Անդրէասեան Արտակ, Խաչատրեան Էրիկ, Սերունեան Նարեկ, Պետրոսեան Սասուն, Սարգսեան Վրոյր, Բուդոյեան Արմէն, Օհանեան Բորիս, Աբգարեան Արթուր, Ոսկանեան Դաւիթ, Յունանեան Արգամ:

Հայրենիք վերադարձածներէն 4-ը 27 մայիսին Գեղարքունիքի մարզի սահմանագիծին գերեվարուած 6 զինուորներէն են:

Նշենք, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ շաբաթ, 12 յունիս 2021 վրաց-ազրպէյճանական սահմանին` Վրաստանի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ, Պաքուն հայկական կողմին յանձնած է 15 ռազմագերիներ, որոնց դիմաց ստացած է Աղտամի շրջանի ականապատման քարտէսներ:

Վրաստանի Վարչապետին Յայտարարութիւնը

Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի իր դիմատետրեան  էջին վրայ անդրադարձած է իր միջնորդութեամբ 15 հայ գերիներու վերադարձին եւ հայկական կողմէն Աղտամի ականապատ տարածքներու քարտէսներու` Ազրպէյճանին յանձնուելուն:

«Ես ուրախ եմ, որ իմ գործօն օժանդակութեամբ եւ մեր ռազմավարական գործընկեր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Ֆիլիփ Ռիքըրի մասնակցութեամբ` ազրպէյճանական կողմը ազատ արձակեց տագնապի ընթացքին ձերբակալուած 15 Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի եւ զանոնք Վրաստանի տարածքով վերադարձուց իրենց ընտանիքներուն:

«Մեր աշխուժ մասնակցութիւնը կարելիութիւն տուաւ նաեւ, որ հայկական կողմը ականապատուած տարածքներու վերաբերեալ կարեւոր նիւթեր յանձնէ ազրպէյճանական կողմին:

«Անձամբ ես անընդհատ կապի մէջ էի Ազրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Հայաստանի ներկայ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ:

«Յատկանշական է, որ մեր ռազմավարական գործընկերոջ` Միացեալ Նահանգներու աշխուժ մասնակցութեամբ եւ գործընթացին մէջ մեր զգալի ներգրաւումով, յատուկ քայլ կատարուած է Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ անվտանգութեան միջավայրի բարելաւման ուղղութեամբ:

«Ես կ՛ողջունեմ մեր դրացի պետութիւններու այս որոշումը, որ պէտք է հիմքեր ստեղծէ շրջանին մէջ լարուածութիւնը մեղմացնելու եւ երկարաժամկէտ հեռանկարի մէջ համագործակցութեան մթնոլորտ ստեղծելու համար:

«Մենք պատրաստ ենք ապագային, անհրաժեշտութեան պարագային եւ կարելիութեան սահմաններուն մէջ օգնելու մեր գործընկերներուն եւ աշխուժօրէն ներգրաւուելու հոլովոյթներուն մէջ, նախ եւ առաջ մարդասիրական խնդիրներու լուծման գործին մէջ», կ՛ըսուի գրառման մէջ:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Վրաստանի փոխվարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Չալքալիանի իր կարգին յայտնած է. «Վերջին 2-3 ամիսներու ընթացքին մենք աշխուժօրէն աշխատած ենք մեր գլխաւոր ռազմավարական գործընկերոջ` Միացեալ Նահանգներու հետ, որպէսզի մեր ջանքերը արդիւնք տան: Ես շատ ուրախ եմ, որ այսօր մենք ունինք նման արդիւնք, եւ անգամ մը եւս կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել նախ եւ առաջ մեր ռազմավարական գործընկերներ Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին, որոնք շատ լաւ գիտակցեցան, որ անհրաժեշտ է պատասխան քայլեր կատարել շրջանին մէջ երկարատեւ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման համար»:

Ան նաեւ աւելցուցած է, որ Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի 24-ժամեայ դրութեամբ կապ պահած է ամերիկացի գործընկերներու հետ:

«Վարչապետը աշխատած է 24-ժամեայ դրութեամբ եւ անձամբ մասնակցած է մեր գլխաւոր ռազմավարական գործընկեր Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններու հոլովոյթին: Պատուիրակութիւնը, որ կը ղեկավարէր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախագահի օգնականի պաշտօնակատար Ֆիլիփ Ռիքըրը, քանի մը օր առաջ հիւրընկալուեցաւ Թիֆլիսի մէջ: Ատկէ ետք Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան պատուիրակութիւնը մեկնած է շրջան` հասնելով թէ՛ Երեւան, թէ՛ ալ Պաքու, որմէ ետք դարձեալ վերադարձած է Թիֆլիս, եւ բանակցութիւնները արդէն այստեղ շարունակուած են», աւելցուցած է ան:

Նախորդը

Պուրճ Համուտի Մէջ Արհեստագիտական Շրջանային Նոր Գրասենեակ Հիմնելով` Մայմունէ Շերիֆ Եւ Միջազգային Մարմիններ Մօտէն Հետեւեցան Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան Իրագործած Վերականգնումի Ճիգերուն

Յաջորդը

«Հայաստան» Դաշինքը Իր Քարոզարշաւը Կը Շարունակէ Լոռիի Մարզին Մէջ. Քոչարեանի Առցանց Հանդիպումը` Սփիւռքահայ Քաղաքական Գործիչներու, Մտաւորականներու Եւ Գործարարներու Հետ

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 20, 2025
Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?