Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամէնէն Մեծ Հոյամողէսին Կմախքը Գտնուա՞ծ

Յունիս 12, 2021
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

 Արժանթինի Փաթակոնիի շրջանին մէջ հնէաբանները մեծ յայտնաբերում մը կատարած են. անոնք գտած են երկրագունդին վրայ ապրած ամէնէն մեծ հոյամողէսին կմախքը:

Այս լուրը մեծ խանդավառութիւն յառաջացուցած է թէ՛ հնէաբաններու, թէ՛ ալ հոյամողէսներու սիրահարներուն մօտ. գիտնականներու խմբակը գտած է հսկայական Թիթանոսորուսի կոնքէն ոսկորներ եւ բազմաթիւ ողներ: Ան կրնայ ըլլալ երկրագունդին վրայ գոյութիւն ունեցած ամէնէն մեծ անասունին կմախքը:

***

Արժանթինի Փաթակոնիի հիւսիս արեւմուտքի Նըքէն նահանգին մէջ է, որ այս ոսկորները յայտնուած են տարիներու պեղումներէ ետք: Ծանօթ է, որ այդ շրջանը հարուստ է հոյամողէսի բրածոներով: Ըստ հրատարակուած ուսումնասիրութեան հոն գտնուած են պոչէն 24 ողներ, ինչպէս նաեւ կոնքի ոսկորներ: Անոնք կը պատկանին հսկայական սորոփոտին, որ երկար վիզով եւ երկար պոչով խոտակեր հոյամողէս մըն էր. անոր երկայնքը կրնար հասնիլ 40 մեթրի, իսկ կշիռը` աւելի քան 100 թոնի:

***

Այս հսկայական Թիթանոսորոսը գտնուած է բարձրագոյն Քրէթասիուսի յատակի խաւերուն մէջ մխրճուած` մօտաւորապէս 98 միլիոն տարիներ առաջ: Ըստ գիտական թերթին, այս բրածոն կրնայ ըլլալ գիտնականներու գտած երկրային ամէնէն մեծ անասունին մնացորդը: Ան կրնայ կտրել Փաթակոթիթան մայորոմի կամ Փաթակոնիոյ թիթանի մեծութեան մրցանիշը: Փաթակոնիոյ թիթանը ունէր 37 մեթր երկայնք: Ըստ գիտնականներուն, այս նոր հոյամողէսը նուազագոյնը 10-20 առ հարիւր աւելի մեծ կրնայ ըլլալ, քան թիթանը: Սակայն գիտնականները կը յուսան յառաջիկայ պեղումներու ընթացքին գտնել կմախքէն աւելի մեծ թիւով կտորներ` աւելի ամբողջական պատկեր մը ունենալու համար: Սակայն տակաւին կարելի չէ ամբողջովին հաստատել, թէ ան հոյամողէսի նո՞ր տեսակ մըն է, թէ՞ ոչ: Այդ պարագային պէտք է մտածել այս հսկայ հոյամողէսին նոր անուն մը գտնելու մասին:

Հետեւեցէք Ձուկէ Մեքենաներուն

Անցեալ շաբաթ մենք ծանօթացանք մեքենայէ շուներուն: Այս շաբաթ կարգն է ծանօթանալու մեքենայ ձուկերուն:

Միացեալ Նահանգներու մէջ գիտնականներ կրցած են ստեղծել փոքրիկ մեքենայէ ձուկեր` Պլուպոթները: Այս մեքենայ ձուկերը կրնան շատ մտերիմ կերպով կապկել իսկական փոքր ձուկերու հսկայական խումբեր, անոնք միասնաբար կը տեղափոխուին եւ ուղղութիւն կը փոխեն:

Շնորհիւ երկու մանր տեսախցիկներու (քամերա), որոնք անոնց կը ծառայեն իբրեւ աչքեր, անոնք կրնան բնորոշել իրենց ընկերներուն դիրքը եւ պատշաճեցնել իրենց շարժումները: Անոնք կրնան, օրինակի համար, փնտռել առարկայ մը: Երբ անոնցմէ մէկը այդ առարկային դիրքը ճշդէ, այդ տեղեկութիւնը կը փոխանցէ խումբին միւս ձուկերուն:

Այս ձեւով այս ձուկերը կրնան, օրինակի համար, ծովերուն բացերը փնտռել եւ գտնել օգնութեան պէտք ունեցող անձեր:

Հարցարան

1) Ո՞վ է աշխարհի ամէնէն արագ ծովային էակը:
ա – Դլփինը, բ – շնաձուկը, գ – թոնը:

2) Ի՞նչ գոյն է ընգղային արիւնը:
ա – Կապոյտ, բ – կարմիր, գ – ճերմակ:

3) Ի՞նչի միջոցաւ կը շնչէ թիթեռնիկը:
ա – Թեւերուն, բ – Ալեհաւաքներ (անթենա)- գ – ոտքեր:

4) Ո՞րն է աշխարհի ամէնէն փոքրիկ թռչունը:
ա – Դեղձանիկը, բ – մեղրահաւը, գ – ծիծեռնակը:

5) Ո՞րն է աշխարհի ամէնէն մեծ թռչունը:
ա – Մեղրահաւը, բ – ջայլամը, գ – արծիւը:

6) Քանի՞ աչք ունի մեղուն:
ա – Հինգ, բ – ութ, գ – երկու:

7) Քանի՞ ողներ կան մարդուն ողնայարին մէջ:
ա – 30, բ – 24, գ – 33:

8) Քանի՞ գոյներ կրնայ զանազանել մարդկային աչքը:
ա – 10 հազար, բ – 1 միլիոն, գ – 10 միլիոն:

9) Ո՞րն է մարդուն ամէնէն ճկուն մկանը:
ա – Սիրտը, բ – լեզուն, գ – աչքի մկանները:

10) Ո՞րն է մարդկային մարդուն միակ մկանը, որ կը բանէ առանց որեւէ ոսկրային օգնութեան:
ա – Սիրտը, բ – լեզուն, գ – աչքի մկանները:

11) Ո՞րն է մարդուն երկրորդ ամէնէն մեծ գործարանը, մորթէն ետք:
ա – Լեարդը, բ – սիրտը, գ – ստամոքսը:

12) Որքա՞ն ջուր կայ մարդկային մարմնին մէջ:
ա – 50 առ հարիւր, բ – 66 առ հարիւր, գ – 79 առ հարիւր:

13) Ո՞րն է արեւային դրութեան ամէնէն մեծ լուսինը:
ա – Կանիմէտ (Լուսնթագի լուսիններէն մէկը), բ – Ֆոպոս (Հրատի լուսիններէն մէկը), գ – Թիթան (Երեւակի լուսիններէն մէկը):

14) Ձայնը աւելի արագ կը յառաջանայ անջրպետին մէջ:
ա – Այո, բ – ոչ:

15) Ի՞նչ գոյն ունի արեւը:
ա – Դեղին, բ – նարնջագոյն, գ – ճերմակ:

16) Ի՞նչ է երկրագունդին կորիզին տարիքը:
ա – Հարիւր հազարաւոր տարի, բ – միլիոնաւոր տարի, գ – միլիառաւոր տարի:

17) Ո՞րն է ամէնէն տաք մոլորակը:
ա – Հրատ, բ – Արուսեակ, գ – Լուսնթագ:

18) Ո՞ր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի արեւը երկրագունդէն:
ա – 99.597.000 քմ , բ – 149.597.870 քմ, գ – 201.597.233 քմ:

Պատասխանները վերջաւորութեան

Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող վեց տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել ճուտիկին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:

Հարցարանին պատասխանները

1 – գ, 2 – ա, 3 – գ, 4 – բ, 5 – բ, 6 – ա, 7 – գ, 8 – գ, 9 – բ, 10 – բ, 11 – ա, 12 – բ, 13 – ա, 14 – բ, ան բնաւ չի կրնար յառաջանալ անջրպետին մէջ, որովհետեւ ան պէտք ունի հաստատ նիւթի մը անոր ընդմէջէն տեղափոխուելու համար, 15 – գ, 16 – գ, 17 – բ, 18 – բ:

Նախորդը

Նամակ Սիամանթոյին

Յաջորդը

Խօսք` Առ Հայ Ազգի Ու Հայոց Մշակոյթի Երկրպագու Գէորգ Հաճեանի Ծննդեան Յիսնամեակի Յուշ-Երեկոյին

RelatedPosts

Հետաքրքրական.  300 Տարուան Գանձ Մը` Գտնուած Ովկիանոսին Խորերը
Մանկապատանեկան

Հետաքրքրական. 300 Տարուան Գանձ Մը` Գտնուած Ովկիանոսին Խորերը

Նոյեմբեր 8, 2025
Աշնան Փառատօներ.  Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Աշնան Փառատօներ. Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Այժմէական.  Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը
Մանկապատանեկան

Այժմէական. Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?