Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` հինգշաբթի, 10 յունիսին, Ռիատի Պէյրութ, որ Մանարայի իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Մթայլեպը, արձանագրեց 66-35 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Նշենք, որ Ա. կիսախաղին դաշտին տէրերը արդէն իսկ ունէին 32 կէտի առաւելութիւն մը` 42-10 արդիւնքով: