Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` հինգշաբթի 10 յունիսին Մութթահետ, որ Թրիփոլիի մէջ գտնուող «Սաֆատ»-ի մարզահամալիրին մէջ հիւրընկալեց Շանվիլը, անկէ կրեց ծանր պարտութիւն մը` 118-56 արդիւնքով (8-26, 28-49, 47-93 եւ 56-118):
Յաղթական կազմէն 33-ական կէտ նշանակեցին Ժոզեֆ Շարթունի եւ Քարիմ Ազզէտտին: Իսկ Մութթահետէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Իպրահիմ Հատտատ (23 կէտ):
Օրուան իրաւարարներն էին Զիատ Թաննուս, Քլոտ Ապի Ժըպրայել եւ Ամիտ Սարրաֆ: