Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 14-18 յունիսին, հովանաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ) տեղի պիտի ունենայ Ասիոյ թեքուանտոյի սեւ գօտիներու ախոյեանութիւնը:
Նշուեցաւ, որ այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն աւելի քան 22 երկիրներ Ասիայէն, Ամերիկայէն (հիւսիսային եւ հարաւային), Ափրիկէէն եւ Եւրոպայէն:
Այս ախոյեանութեան մասնակցող երկիրներուն պատուիրակութիւնները Լիբանան կը սկսին հասնիլ շաբաթ, 12 յունիսէն սկսեալ: