Հայրենի 24 տարեկան յետսապահ Արթուր Քարտաշեան որոշեց հեռանալ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող կազմերէն Փիւնիկ Երեւանէն` նկատի ունենալով, որ ըստ ֆութպոլիստին անոր պատճառը բաւականաչափ մրցումներու չմասնակցիլն է:
Ան ըսաւ, որ շատ մեծ ցաւով կը հեռանայ իր սիրելի ակումբէն` նկատի ունենալով, որ այլընտրանք չէր մնացած իր դէմ:
«Պիտի ընտրեմ լաւագոյն ակումբը, որուն մաս պիտի կազմեմ եւ աւելի շատ մրցումներու մասնակցելով ու յաջողութիւններու հասնելով առիթը պիտի ունենամ դարձեալ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքական հրաւիրուիլ», ըսաւ Քարտաշեան:
Արթուր Քարտաշեան, որ Փիւնիկ Երեւանի սան է, խումբին հետ կատարած է ընդամէնը 108 մրցում եւ նշանակած 6 կոլ:



