Հայաստանի ճատրակի տղոց ազգային խումբի նախկին անդամ, կրանտմասթըր Վլատիմիր Յակոբեան, իր կարգին որոշեց այսուհետեւ հանդէս գալ Միացեալ Նահանգներու դրօշին տակ:
Անկէ առաջ, Հայաստանէն հեռանալու եւ Միացեալ Նահանգներու կազմին միանալու մասին պաշտօնապէս յայտարարած էր կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան:
Նշուեցաւ, որ Վլատիմիր Յակոբեան շուրջ երկու տարիէ ի վեր բնակութիւն հաստատած է Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Վլատիմիր Յակոբեան ծնած է 1971-ին` Պաքուի մէջ:
Ան Հայաստանի հաւաքականին հետ 2006-ին, 2008-ին եւ 2012-ին հանդիսացաւ համաշխարհային ճատրակի ողիմպիականի ախոյեան: