Աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան` 2018-ի Մոնտիալին պրոնզէ մետալակիր հանդիսացած Պելճիքայի ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիկներուն խոստացուեցան մեծ պարգեւավճարներ` երկրին ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ:
Խմբային հանգրուանին մասնակցութեան համար, իւրաքանչիւր ֆութպոլիստ պիտի ստանայ 42 հազար եւրօ: 1-16-րդ հանգրուան հասնելու պարագային` 90 հազար եւրօ, քառորդ աւարտականին համար` 170 հազար եւրօ, կիսաւարտականին համար` 290 հազար եւրօ, աւարտականի մրցումին պարտուելու պարագային` 370 հազար եւրօ, եւ վերջապէս տիտղոսին տիրանալու պարագային` 435 հազար եւրօ: